Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ «Աբէլն ու Կայէնը մեր կեանքին մէջ միշտ ներկայ են . համերաշխութեան եւ վրէժխնդրութեան երկու ուղիներ:»

Աւելի լաւ է ընթանալ Քրիստոսի ուղիին վրայէն. թէպէտ յոգնեցուցիչ է սակայն մեզ խաղաղութեան առաջնորդող ուղի է:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ռումանիա առաքելական ճամբորդութեան ծիրէն ներս, կիրակի 2 յունիսին, Պլաժ քաղաքին մէջ, տեղական ժամանակացոյցով յետմիջօրէին, 3,00ին, ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը հանդիպում ունեցաւ Գնչու Ռոմ հասարակութեան հետ:

Ունկնդրէ լուրը

Ողջունելով ներկաները  Ֆրանչիսկոս Պապ անդրադարձաւ հանդիպումի ընթացքին վարդապետի մը տուած վկայութեան, ընդգծելով թէ եկեղեցին հանդիպումի վայր է եւ սա պէտք է յիշել ոչ  թէ իբր գեղեցիկ կարգախօս, այլ իբր  քրիստոնեայ ըլլալու անձնաթուղթ:
Նորին Սրբութիւն յարեց, թէ աւետարանի ուրախութիւնը կը սփռուի հանդիպումի ուրախութեամբ եւ այն գիտակցութեամբ, որ բոլորս ունինք Հայր մը որ մեզ կը սիրէ:

Յանուն Քրիստոսի եկեղեցւոյ, Սրբազան Հայրը ներում հայցեց, պատմութեան հոլովոյթին Ռոմ հասարակութեան դէմ կատարուած խտրականութեան արարքներու եւ պատճառուած տառապանքներուն համար, դիտել տալով որ նաեւ քրիստոնեաներն ու կաթողիկէներ  զերծ չմնացին այդպիսի չարիքներ գործելէ , աւելցնելով, որ ինք ասոր համար ներում կը հայցէ:

Ձեզի նայեցանք Կայէնի  եւ ոչ թէ Աբէլին հայեացքով,  ոչ իսկ կարողութիւնը ունեցանք ձեր իւրայատկութիւնները գնահատելու ու պաշտպանելու ըսաւ Սրբազան Հայրը,   ընդգծելով թէ խօսքերը վիրաւորանք կը պատճառեն եւ կարգ մը կեցուածքներ ատելութիւն կը սերմանեն   ապա շեշտեց,  որ մարդկութեան պատմութեան մէջ միշտ եղած են Կայէն ու Աբէլը: Գոյութիւն ունեցած են հանդիպումի բացուածութիւն միեւնոյն ժամանակ բախումի փակութիւն: Կայ հիւրընկալութիւն եւ միաժամանակ մեկուսութիւնը: Գոյութիւն ունեցած են  սիրոյ քաղաքաւարութիւն եւ ատելութիւն :

Սրբազան Քահանայապետը  դիտել տուաւ, որ մեր կեանքին մէջ ամէն օր դէմ յանդիման կը գտնուինք Աբէլի եւ կայէնի միջեւ ընտրութեան : Կեանքը կը նմանի խաչմերուկի, ուր մեր առջեւ կը գտնենք համերաշխութեան եւ վրէժխնդրութեան ուղիներ՝ ընթանալ կարենալուն համար:  Ան ապա յորդորեց  ընտրել Յիսուսի ուղին,  թէպէտ յոգնեցուցիչ ուղի է սակայն մեզ կ՝առաջնորդէ դէպի խաղաղութիւնը եւ այս ուղին կ՝անցնի  ներողամտութեան ուղիներու ընդմէջէն: 

Նորին Սրբութիւնը  Ռոմ հասարակութիւնը քաջալերեց բաժնեկցելու եւ պարգեւելու այն ինչ, որ իրենց հասարակութեան յատկանշական է ՝ կեանքի, ընտանիքի արժէք, զօրակցութիւն, հիւրընկալութիւն,. տկարներուն պաշտպանութիւն, տարեցներու հանդէպ յարգանքը: Հրաւիրեց միասնաբար ընթանալու հոն ուր, որ կը գտնուին՝ աւելի մարդկային աշխարհ մը կառուցելու ի խնդիր: Ընթանալ առանց վախի եւ տարակարծութիւններուն՝ քայքայելով մեզ ուրիշներէն հեռու պահող պատնէշները:

Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակեց իր խօսքը ըսելով.
«Այս հանդիպումը Ռումանիա կատարած այցելութեան վերջին հանդիպումն է: Այս գեղեցիկ եւ հիւրասէր երկիր եկայ՝ իբր ուխտաւոր,  եղբայր ՝ հանդիպում կատարելու  համար:   Այժմ հարստացած տուն կը վերադառնամ, իմ հետս տանելով վայրեր ու պահեր, յատկապէս դիմագիծեր: Ձեր դէմքերը պիտի գունաւորեն իմ յիշատակներս :

Շնորհակալ եմ: Ձեզ իմ սրտիս մէջ պիտի կրեմ: Թող Աստուած ձեզ օրհնէ,  ձեզմէ կը խնդրեմ, որ աղօթէք ինծի համար»:

Սրբազան Հայրը այցելեց Ռոմ գնչուներու հասարակութիւնը

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/06/2019, 15:49