Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

ֆրանչիսկոս Պապ «Աղօթքը Եկեղեցւոյ առաքելութեան սիրտն է »:

Աղօթքի առաքելութիւնը՝ Պապի աղօթքի համաշխարհային ցանցին միջոցաւ յիշեցում է, որ Եկեղեցւոյ առաքելութիւնը աղօթքն է:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ուրբաթ, 28 յունիսին, Վատիկանի մէջ ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Պապի համաշխարհային աղօթքի ցանց կազմակերպութենէն կազմուած պատուիրակութիւն մը:

Ողջունելով ներկաները Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց կազմակերպութեան անդամներուն, աղօթքի եւ առաքելական ծառայութեան համար՝ եկեղեցւոյ առաքելութեան ի նպաստ:

Ան ապա անդրադարձաւ համաշխարհային աղօթքի ցանց հաստատութեան անդամներուն հետ ունեցած հանդիպումի ընթացքին, կարգ մը անդամներուն կողմէ տրուած վկայութիւններուն, ակնարկեց  Հայր Մաթիույին տուած վկայութեան նշելով, թէ Հայր Մաթիուն որ կը գործէ Թայվանի մէջ հետաքրքիր տեղեկութիւններ փոխանցեց՝ Չինարէն լեզուով աղօթքի ցանցի մասի , գեղեցիկ երեւոյթ նկատելով այն իրողութիւնը որ Չինացիները հակառակ իրենց բազմաթիւ դժուարութիւններուն, աղօթքի շնորհիւ՝ իրարու միջեւ միացած կը զգան, հաստատելով որ Աղօթքէն միշտ կը բխի եղբայրական զգացում եւ կը բանայ յոյսի հորիզոններ:

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա անդրադարձաւ Մարի Տոմինքի տուած վկայութեան որ տեղեկութիւններ փոխանցեց ֆրանսային մէջ աղօթքի առաքելութեան մասին եւ ուր 175 տարին առաջ ծնունդ առած է այդ իրականութիւնը:
Նորին Սրբութիւնը նշեց թէ Մարի Տոմինիքի վկայութենէն կը հասկցուի թէ աղօթքի դիտաւորութիւնները շօշափելի կը դարձնեն Յիսուսի առաքելութիւնը աշխարհի մէջ աւելցնելով որ եկեղեցին, ամէն թողարկուած դիտաւորութիւններուն միջոցաւ, կը խօսի մեր ժամանակուան՝ այր մարդոց ու կիներուն սիրտին:

Սրբազան Պապը հուս ակնարկեց Յիսուսին սուրբ սիրտին տօնին, որուն մասին վկայութիւն տուաւ Արժանթինցի Պեթթինա անուան անդամ մը:

Ան Յիսուսի սուրբ Սիրտը նկատեց աշխարհին համար կարեկցութեան առաքելութիւն, սիրտի ուղեւորութիւն այսինքն խօսուն ուղեւորութիւն որ կը կերպարանափոխէ մարդոց կեանքը:
Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց որ Յիսուսի սիրտը այնքան լայն է որ կ՝ուզէ բոլորս ներգրաւել քնքշութեան յեղափոխութեան ներքեւ: Ապ ապա անդրադառնալով Եթովպացի Քոյր Սելամի տուած վկայութեան, որ խօսեցաւ Սուրբ Հաղորդութեան երիտասարդական շարժումին մասին: ֆրանչիսկոս Պապ ըսաւ թէ այդ շարժումը առիթ է խոխալու Եւթոպիային մէջ Սուրբ Հոգիին ներգործութեան մասին: Ֆրանչիսկոս Պապ կարեւոր համարեց օգնել նոր սերունդներուն, աճելու համար Յիսուսի հետ բարեկամութիւնը, Անոր հետ մտերիմ աղօթքի միջոցաւ, Աստուծոյ խօսքի անսալու միջոցաւ՝ մօտենալով սուրբ Հաղորդութեան :

Ֆրանչիսկոս Պապ դիտել տուաւ, որ հասարակաց եւ անհատական աղօթքը մեզ բոլորս կը խրախուսէ աւետարանումի առաքելութեան եւ ուրիշին բարիքը փնտռելու:

Ան ապա Ակնարկելով Կուաթեմալացին տիկին Տիեկոյին վկայութեան, որ խօսեցաւ Պապի աղօթքի համաշխարհային ցանցի մասին, որ կը նպաստէ աշխարհի մէջ մարդոց միջեւ հանդիպումին:

Ֆրանչիսկոս Պապ յարեց, թէ Պապի համաշխարհային աղօթքի ցանցին մէջ տարբեր սերունդներու մարդիկ իրարու կը հանդիպին, տարեցներու եւ երիտասարդներու միջեւ հանդիպում: Ան ապա գնահատեց տարեցներու իմաստութիւնը , անոնց փորձառութիւնը եւ սիրտով տրամաբանելու կարողութիւնը:

Ֆրանչիսկոս Պապ անդրադառնալէ ետք հանդիպումի ընթացքին համաշխարհային աղօթքի ցանցի կարգ մը անդամներուն կողմէ տրուած վկայութիւններուն, եզրափակեց իր խօսքը շնորհակալութիւն յայտնելով հաստատութեան անդամներուն թանկարժէք աշխատանքին համար -ընդգծելով որ աղօթքի առաքելութիւնը, Պապին աղօթքի համաշխարհային ցանցին միջոցաւ յիշեցում է, որ «Եկեղեցւոյ առաքելութիւնը աղօթքն է» : ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ :

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/06/2019, 13:00