Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ «շնորհակալութիւն բառը կախարդական բառ է»:

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Փանամայէն ժամանած ուխտաւորներ:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Հինգշաբթի, 13 յունիսին, Վատիկանի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Փանամայէն Հռոմ ժամանած ուխտաւորներու խումբ մը, որոնք Հռոմ եկած են շնորհակալութիւն յայտնելու, անցեալ ձմեռ կայացած, Փանամայի երիտասարդներուն համաշխարհային հաւաքին համար:

Փանամացի ուխտաւորներուն յղած ողջոյնի խօսքին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց այցելութեան համար, ընդգծելով, որ շնորհակալութիւն բառը կախարդական երեք բառերէն մին է . հաճիս, շնորհակալութիւն եւ ներողութիւն, բառեր որոնք թոյլ կու տան, որ ամուսնութիւն մը յաջողութեամբ ընթանայ,  ըսաւ Ան ապա ակնարկելով Փանամայի առաքելական ճամբորդութեան, Փանամա երկիրը նկատեց ազնիւ երկիր մը , ուր քաղաքացիական եւ կրօնական իշխանութիւնները նեցուկ կը գտնուին իրենց ժողովուրդին:
«Ազնուականութիւն, քաղաքի ազնուականութիւն, որ գիտէ յարգել ու սիրել իր ժողովուրդը: ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ հայցելով Սուրբ Կոյս Մարիամէն, որ միշտ պաշտպանէ Փանամային ազնուականութիւնը:

Ան ապա անդրադառնալով միջ սերունդային երկխօսութեան, տարեցներու եւ պատանիներու միջեւ երկխօսութեան, քաջալերեց ուխտաւորները ամրապնդելու տարեցներու եւ պատանիներու միջեւ կամուրջները՝ արմատներու ու անոնց յիշատակներու վերականգնումի համար:

Ֆրանչիսկոս Պապ աւարտեց իր խօսքը նշելով, որ Փանամային մէջ ուր կը տիրէ բնականոն եւ քնքուշ միջավայր, ինքզինք շատ երջանիկ զգաց: Ան դարձեալ շնորհակալութիւն յայտնելով բոլորին խնդրեց անոնցմէ, որ պատրաստուին յաջորդ երիտասարդներուն համաշխարհային հաւաքին: 
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/06/2019, 16:24