Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց գեղասահքի միջազգային դաշնութեան անդամները

Մարզանքը կեանքի եւ Արարչին ամէն օր պարգեւած նուէրներուն ուրախութիւնն է :

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Հինգշաբթի, 13 յունսին,կէսօրին, Վատիկանի «Պապերու դահլիճ» անուան սրահէն ներս Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց գեղասահքի միջազգային դաշնութեան աւելի քան 32 անդամներ:

[ Audio Embed Ունկնդրէ լուրը]

Ողջունելով ներկաները Սրբազան Հայրը նկատել տուաւ, որ յիշեալ դաշնութեան նպատակը ոչ միայն զարգացնել է սառի վրայ գեղասահքի արուեստը այլ եւ յատկապէս այդ դաշնութեան միջոցաւ բազմաթիւ անձեր հնարաւորութիւնը կ՝ունենան փորձարկելու այդ մարզանքի գեղեցկութիւնը:

Ան ապա ակնարկելով մարզանքէ բխած ուրախութեան, յարեց թէ բոլոր մարզանքները արտայայտութիւնն են ուրախութեան,՝ միասնաբար գտնուելու ուրախութիւն, կեանքի եւ Արարչին ամէն օր պարգեւած նուէրներուն ուրախութիւն,  ըսաւ Սրբազան Հայրը ընդգծելով, որ գեղասահքի մարզանքը կը շնորհէ նաեւ շարժումի ազատութիւն եւ կեանքի ուրախութեան փորձառութիւն աւելցնելով, որ ըստ աւանդութեան գեղասահքը նեռարական մարզանք է , կարող յաղթահարելու ընկերային խոչընդոտներուն եւ բաց  է ամէն տարիքի մարդոց:

Ֆրանչիսկոս Պապ քաջալերեց դաշնութեան անդամները, որ երիտասարդներուն կազմաւորման ծիրէն ներս օգնեն երիտասարդներուն որպէսզի անոնք մարզանքի միջոցաւ կարենան ընկերութեան մէջ գործօն անդամներ դառնալ:
Ան դիտել տուաւ որ յարգանքի արժէքները, քաջութիւնը, եղբայրսիրութիւնը, հաւասարակշռութիւնը եւ ինքնավստահութիւնը մարզանքէն փոխանցուած աժէքներ են, որոնք թանկարժէք պատրաստութիւն կը նկատուին կեանքի վազքի բարի յաջողութեան համար: Մարզանքը միշտ մտածուած է՝ գտնուելու մարդկութեան ծառայութեան ի սպաս,  ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, ապա եզրափակեց իր խօսքը. շնորհաւորելով բոլորը ու ապահովուելով իր աղօթքը ներկաներուն, անոնց հարազատներուն ինչպէս նաեւ գեղասահքի միջազգային դաշնութեան բոլոր անդամներուն:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/06/2019, 12:30