Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Ֆրանչիսկեան փոքրիկ եղբայրներ միաբանութեան անդամները:

Փոքրութիւնը կը հակասէ աշխարհի տրամաբանութեան:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երկուշաբթի, 17 յունիսին, Վատիկանի մէջ ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց եւ ունկնդրութիւն շնորհեց Փոքրիկ եղբայրներ միաբանութեան ընդհանուր ժողովին մասնակիցները:

Ունկնդրէ լուրը

Այս առթիւ արտասանած ողջոյնի խօսքին սկիզբը Սրբազան Հայրը նախ շնորհաւորեց միաբանութեան նորընտիր մեծաւոր, եղբայր Քարլոս Թրովարելլին ապա շնորհաւորեց միաբանութեան բարեփոխուած նոր կանոնադրութիւնը՝ վաւերացուած Սուրբ Աթոռի կողմէ:

Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց թէ Ֆրանչիսկեան կանոնադրութեան բարեփոխումը կը հայի միաբանութեան եղբայրական եւ միսիոներական կեանքի էական տարրերուն. կազմաւորում ինչպէս նաեւ բաժնեկից ու թափացնիկ տնտեսականութեան մատակարարում :

Ան ապա խօսքը կեդրոնացուց կանոնադրութեան կարեւորութեան վրայ նշելով որ կանոնադրութիւնը անհրաժեշտ միջոց մըն է, պահպանելու համար միաբանութեան մը շնորհապարգեւի ժառանգութիւնը:
Կանոնադրութիւնը արտայայտութիւնն է շօշափելի արարքներով Քրիստոսի հետեւելու , հիմնուած Աւետարանին վրայ:

Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց, թէ Ֆրանչիսկեան կեանքը կը ծնի Սուրբ Աւետարանին ունկնդրութենէն: Աւետարանը Ֆրանչիսկեաններուն համար օրէնք ու կեանք է : Ֆրանչիսկեան միաբանութեան անդամներուն հիմնական առաքելութիւն է դառնալ կենդանի աւետարաններ եւ Աստուծոյ խօսքի կենդանին մեկնաբանները:

Սրբազան Պապը հուսկ ընդհանուր ակնարկ կատարեց ֆրանչիսկեան միաբանութեան յատկանիշներուն: Առաջին եղբայրութիւնը: Ան յարեց թէ Սուրբ Ֆրանչիսկոսի համար եղբայրութիւնը Տիրոջ կողմէ շնորհուած պարգեւ մըն է , պարգեւ զոր պէտք ընկալել անշահախնդրութեամբ: Եղբայրութիւնը իրականութիւն մըն է, որ միշտ ուղեւորութեան մէջ կը գտնուի ու միշտ կը կառուցուի, որուն բոլորս կանչուած ենք սատարելու ՝ անխտիր:

Ֆրանչիսկեան կեանքի այլ յատկանիշներէն է փոքրութիւնը: ըսաւ ֆրանչիսոս Պապ դիտել տալով, որ փոքրութիւնը դժուար ընտրանք մըն է, որ կը հակասէ աշխարհի տրամաբանութեան որ ամէն գնով կ՝ուզէ յաջողութիւն արձանագրել: ըսաւ Ան աւելցնելով , որ ՍուրբՖրանչիսկոսի խնդրանք է փոքրիկներ դառնալ, նմանելով Յիսուսին, որ աշխարհ եկաւ ծառայելու համար: 

Ֆրանչիսկեան կեանքի այլ յատկանշական է նոյնինքն միաբնութեան կարգախօսը «խաղաղութիւն եւ բարութիւն»:
Խաղաղութիւն եւ հաշտութիւն մեր անձին, Աստուծոյ եւ ուրիշներուն հետ:  Հաշտութիւն, որ կը ծաղկի սրտերէն ու կը տարածուի համայն տիեզերքին մէջ:  Հաշտութիւնը խաղաղութեան սկիզբն է, զոր Յիսուս թողուց մեզի: ըսաւ ֆրանչիսկոս Պապ աւելցնելով որ այդ խաղաղութիւնը զերծ չէ հարցերէ, անիկա կը յառաջանայ Աստուծոյ ներկայութենէն՝ մեր մէջ, եւ կը յայտնաբերուի մեր էութեան մէջ ինչպէս նաեւ մեր կատարած գործերուն ու խօսքերուն մէջ: Այս ուղղութեամբ Ֆրանչիսկոս Պապ յորդորեց խաղաղութեան պատգամաբերներ դառնալ՝ նախ կեանքով ապա խօսքերով:

Նորին Սրբութիւնը  քաջալերեց, որ Ֆրանչիսկեան ամէն մի հասարակութիւն դառնայ ողորմածութեան կեդրոն ընդգծելով թէ չկայ խաղաղութիւն, առանց հաշտութեան, ներումի եւ ողորմածութեան: 

Այս բոլորը կատարելու համար ըսաւ Սրբազան Հայրը կարիքը կայ համապատասխան կազմաւորումի:  Կարիքը կայ դաստիարակիչներոն որոնք գիտեն առաջնորդել դէպի Աստուած :  Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամը աւարտեց Փոքրիկ եղբայներ հասարակութեան շնորհելով իր առաքելական օրհնութիւնները խնդրելով, որ աղօթեն իրեն համար:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/06/2019, 12:46