ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց կաթողիկէ բժիշկներու ընկերացկութիւններուն միջազգային դաշնութեան անդամները ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց կաթողիկէ բժիշկներու ընկերացկութիւններուն միջազգային դաշնութեան անդամները 

Ֆրանչիսկոս Պապ «ամոքել կը նշանակէ յարգել կեանքի պարգեւը՝ սկիզբէն մինչեւ վերջ:»

Յիսուսի համար բուժել կը նշանակէ մօտենալ անձերուն, կը նշանակէ երկխօսութիւն կատարել:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Շաբաթ, 22 յունիսին, Վատիկանի մէջ ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց կաթողիկէ բժիշկներու ընկերացկութիւններուն միջազգային դաշնութեան անդամները: Այս առթիւ արտասանած ողջոյնի խօսքին սկիզբը Սրբազան Հայրը դիտել տուաւ որ քրիստոնեայ առաջին հասարակութիւնները, Յիսուս Քրիստոսը յաճախ կը ներկայացնէին իբրեւ բժիշկ, ի յայտ դնելով , Քրիստոսի՝ տառապողներու, հիւանդներուն նկատմամբ ցուցաբերած յատուկ ուշադրութիւնը:

Ունկնդրէ լուրը

Ան ապա նշեց որ Յիսուսի առաքելութիւնը նախ եւ առաջ կը կայանայ հիւանդներուն, հաշմանդամներուն ինչպէս նաեւ մեկուսացեալներուն նեցուկ գտնուելու մէջ:  Ֆրանչիսկոս Պապ անդրադարձաւ նաեւ Յիսուսի հիւանդները բուժելու գործելակերպին նշելով, որ Յիսուս հիւանդներուն կը դպչէր եւ միաժամանակ թոյլ կու տար, որ անոնք եւս Իրեն դպչին:

Յիսուսի համար բուժել կը նշանակէ մօտենալ անձերուն, կը նշանակէ երկխօսութիւն կատարել, արտացոլացնելու համար մարդ էակի փափաքն ու Աստուծոյ սիրոյ զօրութիւնը, որ կը գործէ իր Որդոյն մէջ: ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ աւելցնելով ամոքել կը նշանակէ սկիզբ տալ ուղեւորութեան մը՝ սփոփանքի, մխիթարութեան, համերաշխութեան եւ բուժումի ուղեւորութիւն մը:

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա օրինակ բերելով Յիսուսէն , որ « Յիսուս կը մօտենայ, կը խնամէ, կը բուժէ եւ կը հաշտեցնէ յորդորեց բժիշկները հետեւելու բժիշկ Յիսուսի այդ դպրոցին իբրեւ Անոր հաւատացեալներ եւ Եկեղեցւոյ անդամներ: Հրաւիրեց Քնքշութեամբ եւ յարգանքով հոգ տանիլ անձերու հոգիներուն, ֆիզիկական ամբողջականութեան ինչպէս նաեւ արժանապատուութեան:

Ան ապա դիտել տալով որ վերջին տասնեակ տարիներուն բժշկական գետնի վրայ մեծ յաջողութիւններ արձանգրուած են եւ առկայ են նոր ամոքումի ձեւեր հրամայական նկատեց ցաւերու մեղմացումի գործընթացը եւ իւրաքանչիւր անձ դաստիարակել աւելի պատասխանատու գտնուելու իր սեփական եւ ուրիշներուն առողջութեան:

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդգծեց թէ բուժել կը նշանակէ յարգել կեանքի պարգեւը՝ սկիզբէն մինչեւ վերջ: Կեանքը մեզի յանձնուած է եւ բժիշկները կանչուած են այդ պարգեւին ծառայելու:

Սրբազան Քահանայապետը եզրափակեց իր խօսքը դիտել տալով, որ բժիշկներու առաքելութիւնը, մարդկութեան վկայութիւն մըն է, առանձնաշնորհուած ձեւ մը, որ զգալ կու տայ թէ Աստուած մեր Հայրը, ինչպէս կը խնամէ իւրաքանչիւր անձ անխտիր: Այսպէս գործելու համար ըսաւ Սրբազան հայրը պէտք է համբերատար ըլլալ եւ օժտուած ըլլալ հոգեւոր զօրութեամբ եւ եղբայրական զօրակցութեամբ:

Նորին Սրբութիւնընկատել տուաւ թէ բժիշկները իրենց ուժը քաղելով Աստուծոյ եւ Սուրբ Խորհուրդներուն ակնաղբիւրէն անոնք պիտի կարենան լաւ կատարել իրենց առաքելութիւնը եւ Սուրբ Հոգին անոնց պիտի պարգեւէ զատորոշելու պարգեւը՝ դիմագրաւել կարենալու համար խրթին եւ դժուար կացութիւններ եւ պիտի կարենան ուղիղ բառերով արդար կերպով գործել:

Ֆրանչիսկոս Պապ խօսքը աւարտեց յորդորելով բժիշկները, որ աղօթեն տառապողներու համար ու իրեցն գործընկերներուն համար:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/06/2019, 12:52