Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ «Աստուծմէ յառաջացած նորութիւնները օրհնութիւն են»:

Մկրտութիւն, Քրիստոսի մարմնին միութիւն եւ աղքատներու ծառայութիւն կարեւոր վկայութիւններ են աշխարհի աւետարանումին համար:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Շաբաթ, 8 յունիսին, կէսօրին Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց «Charis» կաթողիկէ հաստատութեան միջազգային դասախօսութեան մասնակիցները:
Յայտնենք թէ «Charis» հաստատութիւնը, Կաթողիկէ խարիզմային վերանորոգումի ծառայութեան միակ եւ նոր մարմին մըն է:

Ունկնդրէ լուրը

Ֆրանչիսկոս Պապ այս առթիւ արտասանած ողջոյնի խօսքին մէջ անդրադարձաւ յիշեալ կաթողիկէ կազմակերպութեան, նշելով որ ՝ 52 տարի առաջ Պենտեկոստէի տօնի օրը, յիշեալ հաստատութիւնը նոր թափ տուաւ իր ուղեւորութեան, որուն առաջին հանգրուանը բնորոշուեցաւ կաթողիկէ ընտանիքին անդամներուն միջեւ հաղորդութեամբ, եւ որուն մէջ կը յայտնաբերուի Սուրբ հոգիին զօրութիւնը՝ հասարակաց եւ համայն եկեղեցիին բարիքին ի սպաս :

Ան ապա շեշտը դնելով հաղորդութեան՝ նոր եւ միակ ծառայութեան վրայ, նշեց թէ միշտ նոր բանի մը սկիզբը, մենք մեզի անվստահ կը զգանք՝ փոփոխութիւններէ յառաջացած նորութիւններուն պատճառաւ: Սրբազան Հայրը դիտել տուաւ որ նորին հանդէպ վախը մարդկային է ոչ սակայն ՝ հոգեւորականներուն պարագային, որովհետեւ Աստուծմէ յառաջացած նորութիւնները միշտ օրհնութիւն են եւ այդ նորութիւնները Աստուծոյ սիրալիր սրտէն կը բխի
Անդրադառնալով ապա ծառայութեան մասին Սրբազան Հայրը նշեց թէ ծառայութիւնը կառավարում չէ: Նոյնիսկ Եկեղեցւոյ մէջ, կառավարումը ծառայութիւն է:

Ինչ կը հայի Հաղորդութեան, Ան նշեց թէ խարիզմային վերանորոգումի ընտանիքի բոլոր անդամները միեւնոյն սիրտով Հօր Աստուծոյ կը դիմեն ՝միութեան եւ բազմազանութեան վկայութիւն տալու համար: Խարիզմային բազմազանութիւն զոր սուրբ հոգին հրահրեց կազմակերպութեան 52 տարիներուն հոլովոյթին:

«Մէկ ընտանիք, որուն մէջ կայ մէկ Հայր, մէկ Տէր՝ Յիսուս քրիստոսը եւ մէկ կենդանարար Սուրբ Հոգին: Մէկ ընտանիք որուն մէկ անդամը աւելի կարեւոր չէ քան միւս անդամները՝ ոչ տարիքի ոչ խելացութեան եւ ոչ ալ կարողութիւններուն բերումով- որովհետեւ բոլորը միեւնոյն Հօրմէ սիրուած անդամներ են:» ըսաւ Ֆրանչիսկոս պապ յորդորեց հաստատութեան անդամները բաժնեկցիլ Սուրբ Մկրտութեան խորհուրդը՝ բոլորին հետ զոր ստացուած շնորհք մըն է:
Ծառայել Քրիստոսին մարմնին միութեան, որ է եկեղեցին, Յիսուսի մէջ հաւատացեալներու հասարակութիւնը: Ծառայել աղքատներուն, կարիքաւորներուն՝ հոգեպէս եւ ֆիզիկապէս:

Մկրտութիւն, Քրիստոսի մարմնին միութիւն եւ աղքատներու ծառայութիւն կարեւոր վկայութիւններ են աշխարհի աւետարանումին համար, որուն բոլորս կանչուած են սուրբ Մկրտութեան խորհուրդով: ըսաւ Սրբազան Հայրը ու աւեցուց
Աւետարանել կը նշանակէ սիրել, կը նշանակէ Աստուծոյ սէրը կիսել՝ ամէն մարկային էակին հետ՝ դառնալով այս սիրոյ վկաները :
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/06/2019, 12:30