Centesimus Annus հիմնարկի անդամները Քահանայապետին մօտ Centesimus Annus հիմնարկի անդամները Քահանայապետին մօտ 

«Բնապահպանութեան Համապարփակ զարգացումը կոչ ու պարտականութիւն է». Ֆրանչիսկոս Պապ։

Հասարակաց բարիքe շատ անգամ վտանգուած է, չափազանց անհատականութեան, սպառողական ու մսխումի վերաբերմունքներու հետեւանքով

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ 8 Յունիս 2019-ի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը առաքելական պալատի «Ռեճա» դահլիճին մէջ,  ունկնդրութիւն շնորհեց «Centesimus Annus pro Pontifice» հիմնարկի միջազգային գիտաժողովին մասնակիցներուն, որոնք 6-էն 7 յունիս 2019-ին Վատիկանի Սիւնհոդոսական նոր դահլիճին մէջ գումարած էին «Եկեղեցւոյ ընկերային վարդապետութիւնը արմատներէն դէպի թուային դարաշրջան. Ինչպէս ապրիլ «Գովեալ Ըլլաս» ը» նիւթով միջվազային հաւաքը։

Ունկնդրէ լուրը

Սրբազան Հայրը իր ուրախութիւնը յայտնելով ներկաներուն հետ հանդիպումին համար գնահատեցանոնց այս տարուայ բնապահպանութեան հայող «Գովեալ ըլլաս» շրջաբերականի մասին ընտրած նիւթը ու հաւաքին ընթացքին քննարկուած հարցերը, «ի նպաստ մտքերու ու սրտերու իսկական դարձի մը, որպէսզի բանապահպանական համապարփակ զարգացումը միշտ աւելիով դառնայ առաջնահերթութիւն՝ միջազգային, ազգային ու անհատական գետնի վրայ» ըսաւ Սրբազան Հայրը։

Ան ապա ակնարկեց շրջաբերականի հրատարակումէն մինչեւ օրս աշխարհի մէջ տեղի ունեցած զարգացումներուն թէեւ, նկատել տուաւ Քահանայապետը, տակաւին կան շատ մը թերութիւններ ու մարտահրաւէրներ,  յատկապէս ձեռք բերելու համար «կայուն զարգացումի» նպատակները։

«Բնական կենսամիջոցներու ու ոչ ներառական ու կայուն զարգացումի ձեւերու օգտագործումը կը շարունակեն ժխտական հետեւանքներ ունենալ աղքատութեան  ու ընկերային արդարութեան վրայ։ Հասարակաց բարիքն ալ շատ անգամ վտանգուած է, չափազանց անհատականութեան, սպառողական ու մսխումի վերաբերմունքներու հետեւանքով» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը դիտել տալով որ այս բոլորը դժուար կը դարձնեն զօրակցութեան խթանումը։

«Այս տագնապալից իրավիճակին դիմաց կարելի է յուսալքումի մատնուիլ սակայն մարդ էակները կարողութիւնը ունին վերակենդանանալու՝ ընտրելով  բարին», յարեց Նորին Սրբութիւնը շեշտը դնելով «դարձ» բառին վրայ։

«Պահանջը կայ դարձի մը «ուղղութեան փոփոխումին», սրտերու ու մտքերու փոխակերպումի» հաստատեց Նորին Սրբութիւնը այս ծիրէն  ներս խրախուսելով յանձնառու ըլլալ յաղթահարելու անօթութեան ու սննդական անապահովութեան հարցերը, ինչպէս նաեւ «մնացորդացի մշակոյթը»,  նորոգուած մէկ բարոյականութեամբ որ գիտէ որպէս կեդրոն ընտրել մարդ անհատը։

«Տեսութիւն մը որ նպատակ ունի միացնելու ու ոչ թէ բաժնելու, ներառելու ու ոչ թէ բացառելու», աւելցուց Ֆրանչիսկոս Պապ հաստատելով որ «Բնապահպանութեան Համապարփակ զարգացումը կոչ ու պարտականութիւն է»։ Կոչ վերագտնելու մեր Երկնային Հօր հետ զաւակներու ինքնութիւնը, որոնց պարտականութիւնն է մատակարարել երկիրն ու անոր բարիքները։ Ինքնութիւն մը որ Աստուած պարգեւած է ամէն մէկ անհատի, ու ասոր լոյսին տակ ըլլալու ենք զօրակից՝ բաժնեկցելով հասարակաց տան նկատմամբ պատասխանատուութիւնը, «որ միշտ աւելիով հրատապ կը դառնայ»  նշեց Սրբազան Պապը ու մատնանշելով պարտականութեան ընդգծեց համաշխարհային զարգացումի ձեւի փոփոխութեան  անհրաժեշտութիւնը  ու ապագայի ու մեր մոլորակի մասին նոր երկխօսութիւն հաստատելու  հարկաւորութիւնը։

Ֆրանչիսկոս Պապ հուսկ մաղթեց որ ժողովականներուն այս օրերուն քննարկած նիւթերը սատարեն ժամանակակից ընկերութիւններու խոր մէկ փոխակերպումի ու  քաջալերեց զանոնք երբեք չի կորսնցնելու յոյսը որովհետեւ յոյսը՝ «հիմնուած Հօր Աստուծոյ ողորմած սիրոյ վրայ» ըսաւ Ան։ Աստուած որ մեզ կը կոչէ վեհանձն անձնուիրումի ու մեզի կը պարգեւէ պէտք եղած  ուժն եւ լոյսը յառաջ ընթանալու համար։

Նորին Սրբութիւնը խօսքը աւարտեց բոլոր ներկաները յանձնելով Սուրբ Կոյս Մարիամի մայրական հովանիին ու անոնց շնորհելով իր առաքելական օրհնութիւնները որպէս երաշխիք մեր Փրկիչ Յարուցեալ Քրիստոսի մէջ ուրախութեան ու խաղաղութեան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/06/2019, 10:56