Կարդինալ Անճելօ Պեչչուն Կարդինալ Անճելօ Պեչչուն 

Մօտիկ ապագային երանելի կը հռչակուին երեք հիւանդապահուիներ:

ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց սուբրերու դատի ժողովի կառավարիչ կարդինալ Անճելօ Պեչչուն:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երեքշաբթի, 11 յունիսին, ֆրանչիսկոս Պապ ընդունած է սուրբերու ժողովի կառավարիչ կարդինալ Անճելօ Պեչչուն, որուն արտօնութիւն տուած է հրապարակելու սուրբերու դատի ժողովի նոր երանելիներու եւ սուրբերու հայող հրամանագիրերը:

Մօտիկ ապագային երանելի կը հռչակուին Աստուծոյ աղախիններ Փիլա Կուլլոն Իթուրիակա ու անոր երկու աշխարհական ընկերուհիները, որոնք իրենց դաւանած քրիստոնէական հաւատքին համար սպաննուեցան Սպանիոյ մէջ՝ 28 հոկտեմբեր 1936-ին:

Ֆրանչիսկոս Պապ սուրբերու դատի ժողովի կառավարիչին արտօնեց հրապարակել հետեւեալ Աստուծոյ ծառաներուն եւ աղախիններուն մարտիրոսական առաքինութիւններուն հայող հրամանագրերը:
Աստուծոյ ծառաներ ԱկոսթինօԹոլլոն, Էնցօ Պոսկեթթի, Ֆէելիչէ Թանթարտինի, Ճովաննի Նատիանի, ինչպէս նաեւ Աստուծոյ աղախիններ՝ Մարիա Պեաթրիչէ Ռոզարիօ Արրոյօ, Մարիա Փաուլա Մուզզետտու, եւ Մարիա Սանթինա Քոլլանի:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/06/2019, 12:34