Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապին հովուական այցելութիւնը «Քամերինօ - Սան Սեվերինօ» Թեմին Ֆրանչիսկոս Պապին հովուական այցելութիւնը «Քամերինօ - Սան Սեվերինօ» Թեմին 

Ֆրանչիսկոս Պապին հովուական այցելութիւնը «Քամերինօ - Սան Սեվերինօ» Թեմին

Թող որ Աստուած որ մեզ կը յիշէ, մեզ կը բուժէ, ու մեզի մօտիկ է, օգնէ մեզի ըլլալու եղբայրութեան կառուցողներ ու սրտերու մխիթարիչներ»

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երեք տարիներ առաջ 24 օգոստոս 2016-ին ահեղ երկրաշարժ մը հարուածած էր կեդրոնական իտալիայի շրջանը պատճառելով 298 զոհ ու ահաւոր աւերներ։ Այդ շրջաններouն մաս կը կազմէր նաեւ Մարքէ մարզին մէջ գտնուող «Քամերինօ Սան Սեվերինօ» Թեմը որ Կիրակի 16 Յունիս 2019-ին, ուրախութիւնn ունեցաւ ընկալելու Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, որ հովուական միօրեայ այցելութեամբ մեկնեցաւ Քամերինօ։

Այցելութեան ծիրէն ներս Ֆրանչիսկոս Պապ առաւօտեան ժամը 10.30 ին Քամերինոյի «Քավուր» անուամբ հրապարակին վրայ մատոյց Սուրբ Պատարագը որուն  ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ  մէջբերեց արարողութեան ընթացին արտասանուած սաղմոսը  (8,5)  «Ո՞վ է մարդը որ դուն յիշեց զինք» ու մատնանշեց երկրաշարժի բերումով ապրուած տառապանքներուն, հարց տալով «Ո՞վ է մարդը երբ անոր բարձրացուցած որեւէ կառոյց կարող է փլուզուիլ մէկ ակնթարթի մէջ». «Ո՞վ է մարդը երբ անոր յոյսը կարող է ոչնչանալ փոշիին մէջ». «Ո՞վ է մարդը զոր դուն  յիշես զինք» հարց տուաւ Քահանայապետը ու պատասխանեց. «Աստուած մեզ կը յիշէ», Աստուած մեզ չի մոռնար, Անոր աչքերուն դիմաց ոչ մէկը արհամարհուած է ու մեզմէ իւրաքանչիւրը թանկարժէք է Անոր համար, «մենք փոքր ենք այս երկինքին տակ ու անկարող ենք երբ երկիրը կը շարժի, սակայն Աստուծոյ համար մենք աւելի արժէքաւոր ենք քան որեւէ ուրիշ բան» հաստատեց Սրբազան Պապը  ու շեշտը դրաւ «յիշել» բառին վրայ զայն նկատելով կեանքի բանալի բառ մը։ Ապա հրաւիրեց հայցել շնորհքը որպէսզի ամէն օր յիշենք թէ մենք Աստուծմէ չենք մոռցուած ու թէ մենք Անոր սիրուած զաւակներն ենք։

«Այս յիշողութիւնը մեզի ուժ կու տայ յառաջ ընթանալու կեանքի դժուարութիւններուն մէջ» ըսաւ Սրբազան Հայրը ու մատնանշեց օրուան աւետարանական հատուածին ուր  Յիսուս կը բացայայտէ  թէ մենք կարող չենք բեռը հանդուրժելու ու ասոր համար Ան մեզի կու տայ Սուրբ Հոգին՝ մխիթարիչը, որ մեզ մինակ չի թողուր կեանքի բեռին տակ։ «Ան է որ մեր յիշողութիւնը կը վերածէ ազատ յիշողութեան, անցեալի վէրքերը՝ փրկութեան յուշերու որովհետեւ Սուրբ Հոգին յոյս կառուցողն է» հաստատեց Քահանայապետը ու անդրադարձաւ  «յոյս» բառին, հաստատելով որ Սուրբ Հոգւոյն յոյսը վաղանցուկ չէ, չի նմանիր երկրային ժամանակաւոր յոյսին, Ան անժամկէտ յոյս է  որ սրտի խորքին մէջ կը վառէ վստահութիւնը՝ թէ մենք արժէքաւոր ենք որովհետեւ սիրուած ենք։ Ան յոյս մըն է որ կը յառաջացնէ խաղաղութիւն եւ ուրախութիւն։ Արմատներով յոյս մը, որ ոչ մի փոթորիկ կարող է արմատախիլ ընել։  Ան մեզի ուժ կը պարգեւէ՝ յաղթահարելու համար բոլոր անձկութիւնները։ Սուրբ Հոգին մեզ կը սնուցէ կենդանի յոյսով Խնդրենք Անորմէ որ գայ մեր մէջ» յարեց Քահանայապետը մատնանշելով երրորդ բառի մը «մօտիկութիւնը» ու նշելով որ այսօր կը տօնենք Սուրբ Երրորդութեան տօնը, որ Աստուծոյ մօտիկութեան սքանչելի խորհուրդն է,  որ մեզի կ՛ուզէ ըսել թէ Աստուած Հայր մըն է որ մեզի պարգեւեց իր Որդին, որպէսզի աւելիով մօտիկ ըլլայ մեզի, ապա ուղարկեց իր Հոգին որպէսզի մեր հետ շալկէ կեանքին բեռը։

Հոգին կու գայ մեզի տալու ուժ, քաջալերանք։ Աւելի ուժի կարիքը կայ վերանորոգումի համար՝ քան կառուցելու, վերսկսելու  համար՝ քան սկսելու ու հաշտուելու համար քան համաձայն քալելու։ Այս է ահա ուժը զոր Աստուած մեզի կը պարգեւէ ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը  հաստատելով թէ ինք եւս եկած է մօտիկ ըլլալու անոնց։ Միասին աղօթք բարձրացնելու առ Աստուած որպէսզի եւ ոչ մէկը մոռնայ այն անձերը որոնք դժուարութեան մէջ են։

«Կ՛աղօթեմ Յոյսի Աստուծոյ, մօտիկութեան Աստուծոյ, որպէսզի խոստումներն ու ուշադրութիւնը մոռացութեան չի մատնուին։ Թող որ Աստուած որ մեզ կը յիշէ, մեզ կը բուժէ, մեր մէջ դրոշմելով յոյսը ու մեզի մօտիկ է որպէսզի մեզ դարձեալ վերակենդանացնէ, օգնէ մեզի ըլլալու եղբայրութեան  կառուցողներ ու սրտերու մխիթարիչներ» յարեց ապա Ֆրանչիսկոս  Պապ հաստատելով որ ամէն մին կարող է բարիք գործել, առանց սպասելու որ ուրիշները սկսին այդ մէկը։ Ամէն ոք կարող է մխիթարել ուրիշը, առանց սպասելու որ հարցերը լուծում գտնեն։

«Տէրը այնպէս ընէ որ մենք ալ յիշենք թէ աշխարհի մէջ ենք՝  յոյս եւ մօտիկութիւն ցուցաբերելու համար, որովհետեւ Քու զաւակներդ ենք, դուն որ Բոլոր մխիթարութիւններու Աստուած ես» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակելով քարոզը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/06/2019, 12:08