Որոնել

Նորին Սրբութիւն հուսկ բոլոր աշխատաւորներուն մաղթեց բարի արձակուրդներ, յատուկէն անդրադառնալով նաեւ բոլոր անոնց որոնք այս օրերուն կը տառապին տաքէն ու  մաղթելով որ ոչ մէկը մնայ առանց խնամքի Նորին Սրբութիւն հուսկ բոլոր աշխատաւորներուն մաղթեց բարի արձակուրդներ, յատուկէն անդրադառնալով նաեւ բոլոր անոնց որոնք այս օրերուն կը տառապին տաքէն ու մաղթելով որ ոչ մէկը մնայ առանց խնամքի 

30 Յունիսի Մարեմեան աղօթքի Քահանայապետական խորհրդածութիւնը։

Նորին Սրբութիւն բոլոր աշխատաւորներուն մաղթեց բարի արձակուրդներ, յատուկէն անդրադառնալով նաեւ բոլոր անոնց որոնք այս օրերուն կը տառապին տաքէն ու մաղթելով որ ոչ մէկը մնայ առանց խնամքի:

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 30 Յունիս 2019-ի կէսօրին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը որուն ընթացքին, աւանդութեան համաձայն, ներկայացուց խորհրդածութիւն մը հիմնուելով կիրակնօրեայ Աւետարանական հատուածին վրայ որ քաղուած էր Ղուկաս Աւետարանիչէն  (Գլ 9, 51 – 62) համարներ ուր աւետարանիչը կը խօսի Յիսուսին դէպի  Երուսաղէմ կատարած վերջին ճամբորդութեան մասին։

Աւետարանիչը ապա կը ներկայացնէ երեք անձնաւորութիւններու կոչումի դրուագները որոնք լուսարձակի տակ կը դնեն՝ Յիսուսի հետեւելու պահանջները։

Երբ իր աշխարհէն վերանալու ժամանակը հասաւ՝՝, հաստատապէս որոշեց՝՝ Երուսաղէմ երթալ: Եւ իր առջեւէն ղրկեց պատգամաւորներ, որոնք երբ գացին՝մտան Սամարացիներուն մէկ գիւղը, որպէսզի պատրաստութիւն տեսնեն իրեն համար: Բայց չընդունեցին զայն, որովհետեւ անոր երեսը դէպի Երուսաղէմ ուղղուած էր: Երբ իր աշակերտները՝Յակոբոս ու Յովհաննէս՝տեսան ասիկա, ըսին անոր. «Տէ՛ր, կ՚ուզե՞ս որ ըսենք, որպէսզի երկինքէն կրակ իջնէ եւ սպառէ զանոնք, ինչպէս Եղիա ալ ըրաւ»: Դարձաւ ու յանդիմանեց զանոնք՝ըսելով. «Չէք գիտեր թէ ի՛նչ հոգի ի տէր էք. որովհետեւ մարդու Որդին եկաւ ո՛չ թէ մարդոց անձերը կորսնցնելու, հապա՝փրկելու՝՝»: Եւ ուրիշ գիւղ մը գացին:

Երբ անոնք ճամբան կ՚երթային, մէկը ըսաւ անոր. «Տէ՛ր, պիտի հետեւիմ քեզի՝ ո՛ւր որ երթաս»: Յիսուս ըսաւ անոր. «Աղուէսները որջեր ունին, ու երկինքի թռչունները՝բոյներ, բայց մարդու Որդին տե՛ղ մը չունի՝ուր հանգչեցնէ իր գլուխը»: Ուրիշի մըն ա ըսաւ. «Հետեւէ՛ինծի»: Իսկ ան ըսաւ. «Տէ՛ր, արտօնէ՛ինծի, որ նախ երթամ՝թաղեմ հայրս»:  Յիսուս ըսաւ անոր. «Թո՛ղ մեռելներուն՝թաղել իրենց մեռելները, իսկ դուն գնա՛ու քարոզէ՛Աստուծոյ թագաւորութիւնը»: Ուրիշ մըն ալ ըսաւ. «Տէ՛ր, պիտի հետեւիմ քեզի. բայց արտօնէ՛որ նախ հրաժեշտ առնեմ տանս մէջ եղողներէն»: Յիսուս ըսաւ անոր. «Ո՛չ մէկը՝որ կը դնէ ձեռքը մաճին վրայ ու ետեւ կը նայի՝յարմար է Աստուծոյ թագաւորութեան»:

Եկեղեցին ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը հետեւելու համար Յիսուսին, ճանապարհորդութեան մէջ է, կը գործէ արագ ու վճռակամ կերպով։ Յիսուսին կողմէ խնդրուած վերոնշեալ պայմանները՝ շարժում, ճամբորդութեան մէջ, պատրաստակամութիւն եւ վճռակամութիւն, շեշտը կը դնեն իսկական նպատակին վրայ՝ դառնալ Քրիստոսի աշակերտ։ Ազատ ընտրանք մը, որ կը կատարուի սիրոյ համար, փոխարինելու համար Աստուծոյ անհուն շնորհքը,  «ոչ թէ ընտրանք մենք մեզ խթանելու ու հեղինակութեան տէր դառնալու համար» յարեց Նորին Սրբութիւնը հաստատելով որ Յիսուս կ՛ուզէ որ մենք կրքոտ ըլլանք՝ Իրեն ու Աւետարանին նկատմամբ։ «Կիրք մը որ կը թարգմանուի մերձակցութեան ու մօտիկութեան գործնական արարքներու, ինչպէս նաւ հիւրընկալութեան ու խնամքի արարքներուն,  հանդէպ կարիքաւոր եղբայրներուն» յարեց Սրբազան Պապը հայցելով Սուրբ Կոյս Մարիամի բարեխօսութիւնը, որպէսզի մեզ օգնէ Տիրոջ հետեւելու ուրախութեամբ ու եղբայրներուն հռչակելու երկութեան Աւետիսը։

Մարեմեան աղօթքը արտասանելէ ետք Սրբազան Քահանայապետը ողջունելով հրապարակը համախմբուած հաւատացեալները ակնարկեց Քորէայի մէջ Թրամփի եւ Հիւսիսային Քորէացի նախագահի միջեւ կայացած հանդիպումին, զայն նկատելով «հանդիպումի մշակոյթի» բարի օրինակ, ապահովելով իր աղօթքը որպէսզի այդ արարքը հանդիսանայ կարեւոր քայլ մը՝ դէպի խաղաղութիւն տանող ճանապարհին։

Նորին Սրբութիւն հուսկ բոլոր աշխատաւորներուն մաղթեց բարի արձակուրդներ, յատուկէն անդրադառնալով նաեւ բոլոր անոնց որոնք այս օրերուն կը տառապին տաքէն ու  մաղթելով որ ոչ մէկը մնայ առանց խնամքի։

Ողջունելէ ետք ապա հրապարակին վրայ համախմբուած այլ ուխտաւորներու խումբերը Քահանայապետը բոլորին մաղթեց բարի կիրակի, ինչպէսս միշտ խնդրելով որ չի մոռնան աղօթելու իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/06/2019, 12:22