Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութեան առթիւ Պապին հանդիպումը հիւանդներուն հետ։

«Երկու հասարակութիւններ պիտի մասնակցին Ունկնդրութեան, դուք եւ անոնք որոնք հրապարակի վրայ են, սակայն բոլորս միասին ենք»:

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի 26 Յունիս 2019-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ նախագահելէ առաջ  աւանդական հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւնը Պօղոս Չ անուան դահլիճին մէջ հանդիպեցաւ հրապարակային ունկնդրութեան առթիւ Վատիկան ժամանած հիւանդներուն հետ, որոնք կլիմայական պատճառներու բերումով փոխանակ հրապարակէն Պօղոս Զ անուան դահլիճէն հետեւեցան հրապարակային ունկնդրութեան։

Ունկնդրէ լուրը

Անոնց հետ ունեցած հանդիպումին առթիւ Նորին Սրբութիւնը ակնարկեց թէ իրենք կը գտնուին այդ սրահին մէջ որովհետեւ «դուրսը սաստիկ տաք է», մինչ այնտեղ իրենք կարող են պաստառներու վրայ հետեւիլ ունկնդրութեան։

«Երկու հասարակութիւններ պիտի մասնակցին Ունկնդրութեան» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, «դուք եւ անոնք որոնք հրապարակի վրայ են, սակայն բոլորս միասին ենք», յարեց Ան ապա բոլոր ներկաներուն շնորհեց իր առաքելական օրհնութիւնը ինչպէս միշտ խնդրելով որ չի մոռնան աղօթելու իրեն համար։  

---

Հրապարակային ունկնդրութեան աւարտին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը զանազան լեզուներով ողջունեց հրապարակը համախմբուած իտալացի եւ օտարազգի պատկան հազարաւոր ուխտաւորները ապա յատուկ ողջոյնի խօսք ուղղեց երիտասարդներուն հիւանդներուն, տարեցներուն ու նորապսակներուն, յիշեցնելով որ յառաջիկայ ուրբաթ օր պիտի տօնախմբուի Յիսուսի Ամենասուրբ Սրտին տօնը։

«Կը հրաւիրեմ բոլորդ նայելու այդ Սրտին եւ ընդօրինակելու իսկական զգացումները։ Աղօթեցէք Քահանաներուն եւ իմ Առաքելութեանս համար, որպէսզի ամէն մէկ հովուական արարք հիմնուած ըլլայ սիրոյն վրայ զոր Քրիստոս ունի ամէն մէկ մարդու նկատմամբ» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/06/2019, 09:40