Ֆրանչիսկոս Պապ Փութին հանդիպում Ֆրանչիսկոս Պապ Փութին հանդիպում 

Յառաջիկայ 4 Յուլիսին Ֆրանչիսկոս Պապ ուկնկդրութիւն պիտի շնորհէ Փութինին։

Այս պիտի հանդիսանայ Քահանայապետի ու Փութինի միջեւ երրորդ հանդիպումը։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, յառաջիկայ 4 յուլիս 2019-ին, Վատիկանի մէջ պիտի ընդունի Ռուսաստանի  Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինը»։ Լուրը հաղորդած է Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի ժամանակաւոր տնօրէն՝ Տիար Ալեսսանտրօ Ճիզոթթի։

Այս պիտի հանդիսանայ Քահանայապետի ու Փութինի միջեւ երրորդ հանդիպումը։

Ունկնդրէ լուրը

Առաջինը հանդիպումը՝ 25 նոյեմբեր 2013-ին։

Առաջինը տեղի ունեցած էր 25 նոյեմբեր 2013-ին,  որուն առանցքը կազմած էր Սուրիական տագնապը եւ որուն համար Ֆրանչիսկոս Պապ կոչ ուղղած էր անմիջապէս կասեցնելու բռնութիւնները ու խթանելու գործնական ձեռնարկներ՝ ի նպաստ հակամարտութեան խաղաղ լուծումին։

Երկրորդ հանդիումը10 Յունիս 2015-ին։ 

Երկրորդ հանդիումը կայացաւ 10 Յունիս 2015-ին ու տեւեց գրեթէ 50 վայրկեան ու այս անգամ եւս զրոյցները յանգեցան Ուքրանիոյ տագնապի ու միջին արեւելքի կացութեան վրայ,  յատկապէս Սուրիոյ եւ Իրաքի կացութեան՝ ուր ընդգծուեցաւ հարկաւորութիւնը հետապնդելու խաղաղութիւնը ու քաղաքացիներուն ապահովեցնելու անոնց պահանջի կենսամիջոցները ինչպէս նաեւ պաշտպանելու փոքրամասնութիւնները ու յատկապէս քրիստոնեաները։

Նշենք թէ նախագահ Վլատիմիր Փութինը  2007 թուականին հանդիպում ունեցած էր նաեւ Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր Քահանայապետին հետ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/06/2019, 08:35