Եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան արարողութիւն Եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան արարողութիւն 

Ֆրանչիսկոս Պապ Եպիսկոպոս ձեռնադրեց գերապայծառ Ալպերթօ Ռիքարտօ Լորենծելլին։

«Եպիսկոպոս, ծառայութեան անուն է եւ ոչ թէ պատիւ» ըսաւ Քահանայապետը մատնանշելով որ եպիսկոպոսը պէտք է ծառայէ, ինչպէս պատուիրած է Վարդապետը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ 22 Յունիս 2019ի երեկեան 6-ին, Սուրբ Պետրոսի մայր տաճարին մէջ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը գլխաւորեց՝ Չիլէի Սանթիակօ թեմին օգնական եպիսկոպոս՝ գերապայծառ Ալպերթօ Ռիքարտօ Լորենծելլիի  եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան արարողութիւնը։

Գերապայծառ Լորենծելլի ծնած է Արժանթինի մէջ  2 սեպտեմբեր 1953-ին, ու Սալեզեան միաբնութեան անդամակցած է 8 սեպտեմբեր 1972-ին մինչ մշտնջենաւոր ուխտերը կատարած է 1977 սեպտեմբերին։  Իտալիոյ մէջ կատարած յետ մասնագիտական ուսմունքներուն՝ քահանայ ձեռնադրուած է 24 Յունուար 1981-ին։

Գերապայծառ Լորենծելլի կը վարէր Վատիկանի Պետութեան անվտանգութեան ծառայութեան եւ քաղաքացիական պաշտպանութեան գրասենեակի տնօրէնի պաշտօնը։

Սուրբ Պետրոսի մէջ կայացած ձեռնադրութեան արարողութեան առթիւ արտասանած քարոզին մէջ Նորին Սրբութիւնը մատնանշեց եպիսկոպոսի առաքելութեան ու անոր ծառայական գործունէութեան յատկութիւններուն,  մեկնելով Առաքելներու առաքումէն՝ որոնք լիացած Սուրբ Հոգիով, ուղարկուեցան  աւետարանելու աշխարհը  ու մարդիկը առաջնորդելու սրբութեան ու փրկութեան։

«Եպիսկոպոս, ծառայութեան անուն է եւ ոչ թէ պատիւ» ըսաւ Քահանայապետը մատնանշելով որ եպիսկոպոսը պէտք է ծառայէ, ինչպէս պատուիրած է Վարդապետը «Ով որ ձեր մէջ կ՛ուզէ մեծը ըլլալ թող ամենէ փոքրը դառնայ, եւ որ վ որ կ՛ուզէ կառավարել՝ թող ծառայ ըլլայ».

«Խօսքը հռչակէ ամենուրէք ու մատակարարէ Խորհուրդները… սիրէ  հօր ու եղբօր մը սիրով բոլոր անոնք որոնք քեզի վստահուած են, ու սիրէ յատկապէս աղքատներն ու անպաշտպանները…յիշէք որ դուն  մաս կը կազմեց եպիսկոպոսական դասին ու կը պատկանիս Քրիստոսի միակ փարախին։ Հսկէ  քեզի յանձնուած հօտին վրայ Յանուն Հօր եւ Որդւոյ  եւ Հոգւոյն Սրբոյ» եղան Նորին Սրբութեան նորօծ եպիսկոպոսին ուղղած յորդորները։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/06/2019, 20:05