Ֆրանչիսկոս Պապին «Քահանայապետական ներկայացուցիչներուն» հետ հանդիպումը Ֆրանչիսկոս Պապին «Քահանայապետական ներկայացուցիչներուն» հետ հանդիպումը 

Ֆրանչիսկոս Պապին «Քահանայապետական ներկայացուցիչներուն» հետ հանդիպումն ու ճառը

Աստուծոյ մարդ ըլլալ կը նշանակէ Աստուծոյ հետեւիլ ամէն բանի մէջ, ուրախութեամբ հնազանդիլ Անոր պատուիրաններուն, ապրիլ ոչ թէ աշխարհի այլ Աստուծոյ համար

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

12-15 յունիս 2019-ին Վատիկանի մէջ կը կայանայ Քահանայապետական ներկայացուցիչներու, առաքելական նուիրակներուն ընդհանուր ժողովը որուն իրենց  մասնակցութիւնը կը բերեն 98 պապական նուիրակներ եւ 5 մնայուն դէտեր: 

Ունկնդրէ լուրը

Ժողովի ծիրէն ներս, հինգշաբթի  13 յունիսին, Ֆրանչիսկոս Պապ յատուկ ունկնդրութեամբ ընդունեց  ժողովականները, անոնց յանձնելով երկարաշունչ պատգամ մը,  որուն սկիզբը իր ուրախութիւնը յայտնեց  անոնց հետ դարձեալ հանդիպելուն համար ու միասին՝ «Հովիւի աչքերով, քննարկելու Եկեղեցւոյ կեանքը ու խորհրդածելու անոնց յանձնուած նուրբ ու կարեւոր առաքելութեան մասին»։

Քահանայապետը ապա  ճառը կեդրոնացուց «Քահանայապետական ներկայացուցիչներու» յատկութիւն հանդիսացող «կանոններու» վրայ։

«Ուղեգիծ» մը որ ձեր միջոցաւ ուղղուած է նաեւ ձեր համագործակիցներուն ու բոլոր եպիսկոպոսներուն, քահանաներուն ու նուիրեալ անձերուն որոնց կը հանդիպիք աշխարհի մէջ կատարած ձեր առաքելութեան ընթացքին» գրած է Սրբազան Պապը պատգամին մէջ։

Առաքելական նուիրակ Աստուծոյ մարդ է

Աստուծոյ մարդ ըլլալ կը նշանակէ Աստուծոյ հետեւիլ ամէն բանի մէջ, ուրախութեամբ հնազանդիլ Անոր պատուիրաններուն, ապրիլ ոչ թէ  աշխարհի այլ Աստուծոյ  համար Անոր նուիրելով անձնական բոլոր միջոցները ու վեհանձն օրէն ընկալելով տառապանքները որոնք յառաջ կու գան հաւատքէն։  Աստուծոյ մարդը չի խաբեր մերձաւորը, չի թոյլատրեր բամբասանքն ու զրպարտութիւնը, սիրտն ու միտքը կը պահպանէ բիւրեղ։ Ան թոյլ չի տար խաբուիլ աշխարհիկ արժէքներէն, այլ կը դիմէ  Աստուծոյ Խօսքին՝ դատելու համար բարին ու իմաստունը։ Աստուծոյ մարդը կը ջանայ ըլլալ սուրբ ու գիտէ քալել Իր Տիրոջ հետ, Անոր վստահելով։ Աստուծոյ մարդը ան է որ գիտէ ի գործ դնել արդարութիւնը, սէրը, ներումը, ողորմութիւնն ու գթութիւնը։

Առաքելական նուիրակը որ կը մոռնայ թէ ինք Աստուծոյ մարդ է կը փճացնէ ինքզինք եւ ուրիշները, վնաս կը հասցնէ Եկեղեցւոյ որուն նուիրած էր իր կեանքը։

 Առաքելական Նուիրակը Եկեղեցւոյ Մարդ

Առաքելական նուիրակը ըլլալով Քահանայապետական ներկայացուցիչ՝ ան ինքզինք չի ներկայացներ այլ կը ներկայացնէ Եկեղեցին ու յատկապէս Սուրբ Պետրոսին յաջորդը։

Քրիստոս մեզ կը զգուշացնէ «չար ծառայի»  փորձութենէն (Մատթ 24, 48-51) եւ առաքելական նուիրակը կը դադարի Եկեղեցւոյ մարդ ըլլալէ, երբ սկսի չարաչար վերաբերուիլ իր համագործակիցներուն հետ, ու Պապական Նուիրակութեան հասարակութեան անդամներուն հետ։ Մինչ անոր պարտականութիւնն է աւելի լաւ կազմաւորել ու ծաղկեցնել իրեն  յանձնուած քարտուղարներն ու խորհրդականները, որպէսզի անոնք եւս ապագային կարողանան ստանձնել միեւնոյն այդ պաշտօնը։ Տգեղ է ապա  ակնատէս ըլլալ  պատուիրակներու որոնք կը փնտռեն հարստութիւնն ու «ֆիրմա»յով ապարանքներ, երբ կը գտնուին մարդոց միջեւ, որոնք զուրկ են ամենայետին պահանջներէն։ Ասիկա հակա վկայութիւն մըն է մինչ Եկեղեցւոյ մարդուն ամենամեծ պատիւը բոլորին ծառայ ըլլալն է։ Այս մէկը կը պահանջէ նաեւ հեզութիւնը ներկայացնելու Եկեղեցւոյ դիմագիծը ու անոր ուսուցումները մէկդի դնելով անձնական համոզումները։ Կը նշանակէ քաջութեամբ պաշտպանել Եկեղեցին չար զօրքերու դիմաց՝ որոնք կը ջանան վարկաբեկել զայն։

Եկեղեցւոյ մարդ ըլլալը կը նշանակէ ըլլալ բարեկամ եպիսկոպոսներուն, քահանաներուն ու կրօնաւորներուն եւ հաւատացեալներուն, ինքզինք զգալով պատասխանատու ուրիշներու փրկութեան։ Այս մէկը կը զանազանէ պապական պատուիրակը միւս դեսպաններէն, որոնք Ծնունդի կամ Զատկուայ առթիւ կը բացակային իրենց ընտանիքներուն մօտ երթալու համար, մինչ Առաքելական Նուիրակը  մնալու է իր նստավայրը Աստուծոյ Ժողովուրդին հետ տօնախմբելու տօնը, որովհետեւ Եկեղեցւոյ մարդ ըլլալով ան է իր Ընտանիքը։

Առաքելական նուիրակը առաքելական եռանդով մարդ է

Պապական նուիրակը Բարի Լուրի հռչակողն է ու ըլլալով Աւետարանի առաքեալ պարտականութիւնն ունի աշխարհը լուսաւորելու Յարուցեալի լոյսով ու Քրիստոսը  տանելով մինչեւ աշխարհիս կատարածը։ Ան ուղեւորութեան մէջ անձ մըն է որ հաւատքի սերմը կը ցանէ սրտերուն մէջ՝ անոնց որոնց կը հանդիպի։ Ինչպէս կը գրէ Սուրբ Պօղոսը «Աւետարանը քարոզելը ինծի համար պարտականութիւն է ու վայ ինծի եթէ այդ մէկը չընեմ»։ Առաքելական եռանդը այն ուժն է որ մեզ ոտքի վրայ կը թողու ու մեզ կը պաշտպանէ պատրանքներէն։

 Պատուիրակը հաշտութեան մարդ է։

Առաքելական նուիրակի գործունէութեան կարեւոր մաս կը կազմէ ըլլալ հաղորդութեան, միջնորդութեան, երկխօսութեան ու հաշտութեան մարդ։ Ան պէտք է ջանայ միշտ ըլլալ անկողմնակալ եւ առարկայական,  պաշտպանելով միայն արդարութիւնն ու խաղաղութիւնը։

Ան հաղորդակցութեան մարդ է որ կղերական դասին կը մատուցէ յատուկ ծառայութիւն եւ ասոր համար անիմաստ է որ ան փակուի նուիրակութեան ներքոյ դաւաճանելով իր առաքելութեան նպատակը։ Դուք կը ներկայացնէք Եկեղեցւոյ կաթողիկէութեան եւ տիեզերականութեան դիմագիծը՝ աշխարհի մէջ տարածուած տեղական եկեղեցիներու ու կառավարութիւններուն  մօտ։

Առաքելական նուիրակը Քահանայապետի մարդ

Առաքելական նուիրակը ինքզինք չի ներկայացներ այլ կը ներկայացնէ Սուրբ Պետրոսին յաջորդը  ու կը գործէ անոր անունով։ Ասոր համար ձեզի տրուած առաքելութիւնը մեծ  յանձնառութեան կը կարօտի,  որովհետեւ կը պահանջէ տրամադրութիւն, ճկունութիւն, հեզութիւն, անբասիր մասնագիտութիւն, հաղորդակցութեան ու բանակցութեան հմտութիւն։ Կը պահանջէ նաեւ ապրիլ « քոչւոր ական  կեանք մը՝ պայուսակը միշտ պատրաստ տեղափոխուելու այնտեղ ուր իրեն կարիքը կայ։

Քահանայապետական պատուիրակի պարտականութիւններուն մաս կը կազմէ նաեւ այցելել վայերը ուր քահանայապետը կարող չէ այցելել մօտիկ ըլլալով հասարակութիւններուն ու անոնց վստահեցնելով Քրիստոսի եւ Եկեղեցւոյ մօտիկութիւնը։ Ըլլալով «ներկայացուցիչ» պապական նուիրակը պարտականութիւնը ունի լաւապէս պատրաստուելու ու թարմացնելու իր գիտելիքները ու մշտական կերպով տեղեկութիւններ փոխանցելու  Քահանայապետին՝ իր առաքելավայրի եկեղեցական ու ընկերաքաղաքական հարցերուն հայող փոփոխութիւններուն վերաբերեալ։

Հետեւաբար անհաշտ իրականութիւն է որ Քահանայապետական ներկայացուցիչ մը քննադատէ Հռոմի Պապը ու միանայ Անոր, Քուրիայի ու Հռոմի Եկեղեցւոյ դէմ գործող խումբերու։

Առաքելական նուիրակը նախաձեռնող մարդ

Անհրաժեշտ է ունենալ եւ զարգացնել այն ունակութիւնն ու ճարպիկութիւնը, որը կը նպաստէ ունենալու  պահի կարիքներուն  համապատասխան վարքագիծ։ Նախաձեռնող մարդը դրական հետաքրքրասիրութեամբ անձ մըն է ու լի է շարժականութեամբ ու հնարամտութեամբ. Քաջութեամբ օժտուած ստեղծագործ մարդ է որ անկանխատեսելի իրավիճակներու ընթացքին թոյլ չի տար յաղթահարուիլ խուճապէն, այլ հանդարտութեամբ, ըմբռնողականութեամբ ու երեւակայութեամբ կը փորձէ շրջանցել զանոնք ու կառավարել դրական ձեւով։

Ան ուսուցիչ մըն է որ գիտէ ուրիշներուն սորվեցնել ինչ մօտեցում ունենալ իրականութեան հետ առանց որ փոքր կամ մեծ անակնկալները գերիշխեն իր վրայ։

Առաքելական նուիրակը հնազանդութեան մարդ

Հնազանդութեան առաքինութիւնը կախեալ է ազատութենէ, որովհետեւ միայն ազատութեան մէջ է որ մենք կարող ենք իսկապէս հնազանդիլ ու միայն Աւետարանին հնազանդելով է որ կարող ենք մտնել ազատութեան լիութեան մէջ։

Առաքելական նուիրակի կոչումը հնազանդութեան՝ Նազովրեցի Յիսուսին կենցաղին հետեւելու կոչումն է որ բաց էր Աստուծոյ կամքի հնազանդութեան եւ Աստուծոյ հնազանդիլը չի բաժնուիր Եկեղեցւոյ ու Մեծաւորներու հնազանդութենէն։  

Առաքելական նուիրակ մը որ հնազանդութեան  առաքինութիւնը չ՛ապրիր կը նմանի ճամբորդի մը որ կորսնցուցած է կողմնացոյցը։ Հակա վկայութիւն է արդարեւ ուրիշները կոչել հնազանդութեան ու անհնազանդ ըլլալ։

Առաքելական նուիրակը աղօթքի մարդ է

Առաքելական նուիրակը առանց աղօթքի կեանքի կարող չէ իրականացնել վերեւ նշուած պահանջները։ Ան ու մենք եւս առանց աղօթքի կը դառնանք պարզ պաշտօնեաներ։ Աղօթքի կեանքը կը լուսաւորէ առաքելական նուիրակի գործունէութիւնն ու անոր առաքելութիւնը։

Առաքելական նուիրակը գործնական բարեգործութեան մարդ է։

Առաքելական նուիրակը պարտականութիւնը ունի մեկնաբանելու «Հռոմի Քահանայապետի հոգատարութիւնը ի նպաստ Երկրին բարիքին որուն մէջ ան իր առաքելութիւնը կը կատարէ, յատկապէս պէտք է զբաղի խաղաղութեան, զարգացումի ու ժողովուրդներու միջեւ համագործակցութեան հարցերով, համայն մարդկային ընտանիքի հոգեւոր բարոյական ու  նիւթական բարիքի հիման վրայ»։ Ասոր համար առաքելական նուիրակը պէտք է նուիրուի բարեգործական գործերու յատկապէս նուիրուած աղքատներու ու բացառուածներուն ու միայն այդպէս է որ Ան կարող է իրակացնել իր առաքելութիւնը ու իր Հայր ու Հովիւ ըլլալը։ Եղբայրսիրութիւնը ապա ձրիութիւն է ու գործնական բարեգործութիւնը պէտք է մղէ խոհեմութեան եւ ուշադիր ըլլալու պարգեւներ ընդունելու որոնք մեր ազատութիւնը կը կաշկանդեն։   Ոչ մէկ նուէր պէտք է մեզ ստրուկ դարձնէ

Առաքելական նուիրակը հեզութեան մարդ

Քահանայապետը խօսքը աւարտեց՝ Սուրբ Պիոս Ժ ժամանակ երբեմնի Պետական Քարտուղար՝  Կարդինալ Ռաֆայել Մերրի Տէ Վալի (1865 – 1930) «Խոնարհութեան լիթանիայով» որուն մէջ Երանելի Կարդինալը աղօթք կը բարձանցէ Տիրոջ՝ Անորմէ խնդրելով ազատիլ պատիւներ, սէր, փառաբանութիւն փնտռելէ  ու ազատիլ նաեւ խոնարհութեան,  նուաստացումի, մոռացուի վախէն։

Թող որ ուրիշները սիրուած ըլլան ինձմէ աւելի, թող  որ անոնք  յարգուած ըլլան ինձմէ աւելի, թող որ անոնք աճին աշխարհի կարիքի դիմաց ու ես նուաստանամ, թող որ ուրիշները փառաբանուին ու նախընտրուին, թող որ անոնք ըլլան ինձմէ աւելի սուրբ ու ես դառնամ սուրբ՝ իմ կարողութիւններուս համաձայն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/06/2019, 12:00