Ֆրանչիսկոս Պապ Նափոլիի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ Նափոլիի մէջ 

«Veritates Gaudium»էն ետք աստուածաբանութիւնը ինքզինք կը դնէ մշակոյթներու եւ կրօններու հետ երկխօսութեան մէջ։

Ֆրանչիսկոս Պապ Նափոլիի մէջ փակումը կատարեց «Աստուածաբանութիւնը Veritates Gaudium - էն ետք, միջերկրականի բնագաւառէն ներս» գիտաժողովին։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ուրբաթ 21 Յունիս 2019-ին Նափոլիի  Փոզիլլիփոյի Հարաւային Իտալիոյ Քահանայապետական Աստուածաբանական համալսարանի Սուրբ Լուիճի մասնաճիւղին մէջ, փակումը կատարեց «Աստուածաբանութիւնը Veritates Gaudium - Ճշմարտութեան ուրախութենէն ետք,  միջերկրականի բնագաւառէն ներս» գիտաժողովին։

Ունկնդրէ լուրը

«Veritates Gaudium»ը Ֆրանչիսկոս Պապին համալսարաններու ու եկեղեցական կաճառներու նուիրուած Առաքելական Սահմանադրութիւն է որ լոյս տեսաւ 29 յունուար 2018-ին եւ որով Նորին Սրբութիւնը ուզեց աստուածաբանական ուսմունքներուն մէջ դրոշմել «դէպի դուրս եկեղեցւոյ մը» իմաստով նորութիւնը։

Քահանայապետը այս առթիւ ներկայացուցած զեկոյցը սկսաւ յիշեցնելով որ Միջերկրականը եղած է միշտ տարանցման,  փոխանակումներու եւ երբեմն նոյնիսկ հակամարտութիւններու վայր  մը,  ու այսօր ան կը հրահրէ նոր ու ողբերգական հարցադրանքներ։

Այս մէկը դիմագրաւելու համար հարկաւոր է «ընկալումի աստուածաբանութիւն» մը որ կը միտի զարգացնել իսկական եւ անկեղծ երկխօսութիւն մը, խաղաղութեան մէջ կառուցելու համար ներառնող- ընդելուզող ու եղբայրական ընկերութիւն մը, որ կը նպատսէ  արարչութեան պաշտպանութեան – յարեց Սրբազան Պապը  որ ապա մատնանշեց  երկու տարրերու, Երկխօսութիւնն ու  «kerygma» այսինքն մեռեալ ու յարուցեալ Քրիստոսի հռչակումը, զոր ներկայացուց որպէս չափանիշեր, նորոգելու համար՝ աւետարանութիւնը  որպէս կեդրոն ընտրող եկեղեցւոյ մը ուսմունքները։

Երկխօսութիւնը նախ եւ առաջ «զատորոշումի մեթոտ ու հռչակում է, կարող յարաբերելու մարդկային որեւէ իրականութեան հետ։  Ասոր համար հարկաւոր է համակերպիլ Սուրբ Հոգւոյն,  այսինքն ունենալ հռչակելու ապրելակերպ մը առանց նուաճումի հոգիի, առանց դաւանափոխութեան կամքի եւ առանց հերքումի բռնի մտադրութեան»։

Երկխօսութիւնը մը մարդոց ու անոնց մշակոյթին հետ որ կը ներառէ մինչեւ կեանքի զոհաբերումի վկայութիւնը, ինչպէս ըրին ի մէջ այլոց Շարլ Տը Ֆուքոն, Տիպիրինի վանականները, Օրանի եպիսկոպոս Փիեռ Քլավերին։

Քահանայապետը քաջալերեց ապա աստուածաբանական մասնաճիւղերու մէջ արաբական ու եփրայերէն լեզուներու ու մշակոյթի ուսուցումը, խթանելու համար Իսլամներու ու Հրեաներու հետ յարաբերութիւնները։

Իսլամներու հետ կանչուած ենք երկխօսութիւն հաստատել  որպէսզի միասին կռացուենք մեր ընկերութիւններու  ապագան, խաղաղ համակեցութեամբ,  հակառակ երկխօսութեան թշնամիներու ծայրայեղ արարքներուն»։ «Հրեաներուն հետ հարկաւոր է աւելի լաւ ապրիլ մեր յարաբերութիւնը կրօնական գետնի վրայ»  նշեց Նորին Սրբութիւնը դիտել տալով որ Միջերկրականը Եւրոպայի, Ափրիկէի, Ասիայի միջեւ կամուրջ է ու նաեւ վայր, կառուցելու համար «խաղաղութեան մեծ վրան մը» ուր կարող են ապրիլ միասնական հօր՝ Աբրահամի բոլոր զաւակները։

Երկարաշունչ իր միջամտութեան մէջ Նորին Սրբութիւնը խրախուեց աստուածաբանները հրաւիրելով ըլլալ «կարեկցութեան» մարդիկ եւ կիներ. «Առանց կարեկցութեան եւ առանց հաղորդութեան, որ յարատեւօրէն սնուցուած ըլլայ աղօթքով, աստուածաբանութիւնը ոչ միայն իր «հոգին» կը կորսնցնէ այլ նաեւ իր «հետախուզական» ու իրականութիւնը քրիստոնէական տեսակէտով մեկնաբանելու կարողութիւնը» հաստատեց Սրբազան Պապը։

Ան ապա հրաւէր ուղղեց «զօրակցական աստուածաբանութեան»մը հաստատումին  ի նպաստ, դիտել տալով որ աստուածաբանութեան պարտականութիւնն է ներդաշնակութիւն հաստատել Յարուցեալ Յիսուսին հետ ու հասանելի ըլլալ արուարձաններուն։

Այս ծիրէն  ներս աստուածաբանները պէտք է խթանեն «մշակոյթներուն հանդիպումը Յայտնութեան ու Աւանդութիւններու աղբիւրներուն հետ» ու այս ընել «աստուածաբանակն պենտեկոստէի» մը լոյսին տակ, որ ժամանակակից մարդոց ու կիներուն առիթ տայ իրենց լեզուով ունկնդրելու քրիստոնէական ուսուցումը որ համապատասխան ըլլայ անոնց կեանքի իմաստի փնտռտուքին։

Այս ընելու համար հարկաւոր է մեկնիլ «ողորմութեան Աւետարանէն» որովհետեւ աստուածաբանութիւնն ալ կը ծնի շօշափելի մարդ անհատներու միջեւ եւ ան ողորմութեան արարք է որովհետեւ աստուածաբանները եւս Հովիւներու նման ունին  իրենց ժողովուրդին բոյրը եւ իրենց ուսուցումներով իւղ եւ գինի կը թափեն մարդոց վէրքերուն վրայ յարեց Սրբազան Պապը յանձնարարելով աստուածաբանութիւն մը՝ որ ըլլայ «դաշտային  հիւանդանոց»ի նման եկեղեցւոյ արտայայտութիւնը որ կ՛ապրի իր փրկութեան եւ աշխարհի բուժումի առաքելութիւնը»։

Ֆրանչիսկոս Պապ առաջարկեց ապա  «ազատ աստուածաբանութեան» մը ընթացքը,  որ կարող է փորձարկել նոր ուղիներ որոնք միշտ աւելիով խթանեն մասնակցութիւնը բոլոր անոնց որոնք կ՛ուզեն աստուածաբանութեան հմուտ դառնալ։

«Կ՛երազեմ Աստուածաբանական մասնաճիւղեր, ուր կ՛ապրուի տարբերութիւններու փոփ ըմբռնման ուրախութիւնը, ուր ի գործ  կը դրուի երկխօսութեան եւ հիւրընկալութեան աստուածաբանութիւնը ուր աստուածաբանական հետազօտութիւնը կարող ըլլայ խթանելու «մշակութայնացումի» յանձնառու եւ համոզիչ գործընթաց մը։

Քահանայապետը ճառը եզրափակեց հաստատելով որ «Veritates Gaudium»էն ետք աստուածաբանութիւնը ինքզինք կը դնէ մշակոյթներու եւ կրօններու հետ երկխօսութեան մէջ՝ մարդոց եւ ժողովուրդներու միջեւ խաղաղ համակեցութեան կառուցումին ի նպաստ» ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/06/2019, 12:41