Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց երիտասարդներու միջազգային համաժողովին մասնակիցները։ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց երիտասարդներու միջազգային համաժողովին մասնակիցները։ 

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց երիտասարդներու միջազգային համաժողովին մասնակիցները։

«Դուք սիրելի երիտասարդներ, կանչուած էք ըլլալու լոյս ձեր հասակակիցներէն շատերու խաւարին մէջ, որոնք տակաւին չեն ճանչնար Յիսուսին մէջ ապրուած նոր կեանքին ուրախութիւնը»

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

19-էն 22 յունիս 2019-ին Հռոմի մէջ գումարուած է  «Երիտասարդները շարժումի մէջ սիւնհոդոսական եկեղեցւոյ ներքեւ» խորագիրով երիտասարդներուն միջազգային 11րդ համաժողովը, նախաձեռնութեամբ՝ Աշխարհականներու, Ընտանիքի ու Կեանքի վատիկանեան Բաժանմունքին, նպատակ ունենալով խթանել 2018 տարուայ հոկտեմբերին «Երիտասարդներ, հաւատք ու կոչումի զատորոշում նիւթով» եպիսկոպոսական սիւնհոդոսի որոշումներու գործադրութիւնը։

Ունկնդրէ լուրը

Գիտաժողովի փակման առթիւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը առաքելական պալատին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց համաժողովի մասնակցող երիտասարդներուն ու այս առթիւ անոնց արտասանած խօսքին մէջ ընդգծելով որ «Երիտասարդները առաջին դերակատարներն են հովուական այն դարձին» զոր մաղթած էին սիւնհոդոսական հայրերը, հաստատեց «Դուք ընթացքի մէջ երիտասարդներ էք՝ սիւնհոդոսական Եկեղեցւոյ մը մէջ»։

Ան ապա ակնարկեց Սիւնհոդոսական եզրափակիչ փաստաթուղթին որ «Էմմաւուսի աշակերտներու դրուագը» կը նկատէ ուղղորդիչ բնագիր մը՝ հասկնալու համար եկեղեցական առաքելութիւնը՝ նոր սերունդի նկատմամբ»։

«Երբ   երկու աշակերտները Յիսուսին հետ նստած էին սեղանի շուրջ, Ան առաւ հացը, օրհնեց, բեկանեց ու անոնց բաժնեց։ Այն պահուն է որ բացուեցան անոնց աչքերը ու զԻնք ճանչցան» (Ղուկաս 24, 30)»։

«Պատահակա՞ն էր արդեօք որ ձեր ժողովի օրերուն նշուեցաւ Յիսուսի Մարմնոյ եւ Արեան տօնը։ Տէրը մի գուցէ չէր ուզէր որ ձեր սրտերը բացուին ու ձեր հետ խօսի այդ աւետարանական հատուածի մասին» հարց տուաւ Քահանայապետը դարձեալ մատնանշելով Էմմաւուսի աշակերտներու դրուագին, «որոնք ապրելէ ետք Յիսուսի ներկայութեան փորձառութիւնը, թէեւ գիշեր էր ու ահագին ճամբայ կտրած էին, դարձեալ ճամբայ ելան, ուղղուելով Երուսաղէմ, ու քալեցին անվախ՝ որովհետեւ Քրիստոսին լոյսը կը լուսաւորէր անոնց ճանապարհը» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը նշելով  որ «մենք եւս օր մը հանդիպեցանք Տիրոջ ու Էմմաւուսի աշակերտներուն նման կանչուեցանք՝ Քրիստոսին լոյսը տանելու աշխարհի խաւարին»։

«Դուք սիրելի երիտասարդներ, կանչուած էք ըլլալու լոյս՝ ձեր հասակակիցներէն շատերու խաւարին մէջ, որոնք տակաւին չեն ճանչնար Յիսուսին մէջ ապրուած նոր կեանքին ուրախութիւնը» ըսաւ ապա Նորին Սրբութիւնը, դիտել տալով որ «իսկական ուրախութիւնը կը կայանայ բաժնեկցութեան մէջ», ու թէ « Տիրոջ յարուցեալ մարմինը կալանաւորուելիք գանձ մը չէ այլ բաժնեկցելիք խորհուրդ է»։ Ան ապա նշեց որ  «Յիսուսին կը հանդիպինք յատկապէս հասարակութիւններու ներքոյ ու աշխարհի ճանապարհներուն վրայ»։ «Որքանով որ զայն կը  տանինք ուրիշներուն այնքանով կը զգանք անոր ներկայութիւնը մեր կեանքին մէջ։ Վստահ եմ որ դուք ալ այս մէկը պիտի կատարէք» յարեց Նորին Սրբութիւնը քաջալերելով ներկաները Քրիստոսի կրակը տարածելու ամենուրէք։

«Սիրելի երիտասարդներ դարձեալ կը կրկնեմ դուք Աստուծոյ  ու Եկեղեցւոյ այսօրն էք։ Եկեղեցին պէտք ունի ձեզի։ Յիշեցէք որ դուք մաս մըն էք միակ մարմնի մը, ու կապուած էք մէկը միւսին, եւ կարելի չէ որ վերապրիք առանձին։ Դուք կարիքը ունիք մէկը միւսին, որպէսզի իսկապէս հետք ձգէք՝ աշխարհի մը մէջ, որ միշտ աւելիով կ՛ապրի բաժանումներու փորձութիւնը» ըսաւ ապա Ֆրանչիսկոս Պապ հաստատելով որ «Միայն միասին քալելով է որ մենք իսկապէս զօրեղ ենք»։

«Քրիստոսի հետ՝ Կեանքի հացը, որ մեզի ուժ կը պարգեւէ ուղեւորութեան համար, այս աշխարհին խաւարին մէջ տանինք Անոր կրակին լոյսը»  հրաւէր ուղղեց Նորին Սրբութիւնը, ու պատգամի աւարտին յատուկ յայտարարութիւն մը կատարեց հրաւիրելով երիտասարդները լաւապէս պատրաստուիլ յառաջիկայ Երիտասարդութեան Համաշխարհային օրուան որ տեղի պիտի ունենայ Լիզպոնի մէջ 2022 թուականին։

«Սոյն երիտասարդական միջազգային ուխտագնացութեան հանգրուանին համար ընտրեցի «Մարիամը փութով կանգնեցաւ ու մեկնեցաւ» (Ղուկաս 1, 39) խորհրդածութեան նիւթը։ Այդ ձեռնարկը կանխող երկու տարիներու ընթացին ձեզ կը հրաւիրեմ խորհրդածելու «Պատանի, ըսաւ Յիսուս, քեզի կ՛ըսեմ արթնցիր» (Ղուկաս 7, 14) եւ «Ել, կանգնէ…Քեզ կ՛ընեմ վկայ տեսիլքին որով զիս տեսար» (Գործք Առաքելոց 26, 16), հատուածներուն վրայ, որպէս յետ սիւնհոդոսական ընթացքի ու Լիզպոնի ԵՀՕ միջեւ ներդաշնակ ուղեւորութիւն» ըսաւ ապա Ֆրանչիսկոս Պապ հրաւիրելով երիտասարդները  չ՛անտեսելու Աստուծոյ ձայնը որ զիրենք կը մղէ վեր կանգնելու ու հետեւելու ճանապարհին որ Ան պատրաստեց անոնց համար։

«Մարիամի նման ու Անոր հետ միասին, ամէն օր եղէք Անոր ուրախութեան եւ սիրոյ բեռնակիրները» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը եզրափակելով խօսքը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/06/2019, 12:10