Ռիօ Կրանտէի մէջ խեղդամահ եղած հայր ու աղջիկ Ռիօ Կրանտէի մէջ խեղդամահ եղած հայր ու աղջիկ 

Ֆրանչիսկոս Պապին ցաւը Ռիօ Կրանտէ գետին մէջ խեղդամահ եղած հօր ու դուստրի պատկերին ի տես։

Քահանայապետը խորապէս տխուր է անոնց մահուան համար ու կ՛աղօթէ բոլոր գաղթականներուն համար

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Պատասխանելով մի քանի լրագրողներու հարցումներուն, Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրատեսակի ժամանակաւոր տնօրէն Տիար Ալեսսանտրօ Ճիզոթթի հաստատեց որ «Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը մեծ կսկիծով տեսաւ նկարը այն հօր ու անոր փոքրիկ աղջկան որոնք խեղդամահ եղան Ռիօ Կրանտէ գետին մէջ, մինչ կը ջանային Մեքսիքայի ու ԱՄՆի սահմանը անցնիլ։ Քահանայապետը խորապէս տխուր է անոնց մահուան համար կ՛աղօթէ անոնց համար ու բոլոր գաղթականներուն համար որոնք իրենց կեանքը կորսնցուցին մինչ կը ջանային փախչիլ պատերազմներէն ու թշուառութենէն»։

Ունկնդրէ լուրը

Օսքար Ալպերթօ Մարթինէսը, այս է երիտասարդ հօր անունը, որ  ըստ Թուլիա Լը Տիւք լրագրողուհիին, որ է նաեւ այդ տխուր պատկերի հեղինակը, երկու տարիէ կը սպասէր ապաստանեալի խնդրագիրի պատասխանին։ Անցեալ կիրակի օր իր կնոջ Թանիա Վանեսսա Ավալոսի ու իր փոքրիկ դուստրի հետ մասին ճամբայ կ՛ելլեն  որոշելով Ռիօ Կրանտէ գետի միջոցաւ Թեքսաս մտնել։

Օսքարն ու փոքրիկն Անճի Վալերիան կը հասնին միւս ափը սակայն Վանեսսան ետ կը մնայ եւ այն պահուն Օսքարը գետափի եզերքը թողելէ ետք փոքրիկը կ՛ուզէ ետ վերադառնալ օգնելու համար Վանեսսային սակայն փոքրին Անճին՝ որ հազիւ երկու տարեկան է, ջուր կը նետուի հօրը  հետեւելու համար։  Ջուրի զօրեղ հոսքը սակայն կը խորտակէ անոնց երազը, անոնց յոյսը, անոնց ապագայի ծրագիրները։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/06/2019, 16:34