Որոնել

Պենտեկոստէի նախօրեակի հսկումի պատարագ Վատիկանի մէջ: Պենտեկոստէի նախօրեակի հսկումի պատարագ Վատիկանի մէջ: 

Պենտեկոստէի նախօրեակի հսկումի պատարագ Վատիկանի մէջ:

Քահանայապետը ապա բացատրեց այսօրուայ տօնախմբութաեն նշանակութիւնը որ «Սուրբ Հոգւոյն առաջնութեան տօնն է, որ մեզ համր կը դարձնէ Աստուծոյ անկանխատեսելի ծրագիրներուն ի տես

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ 8 Յունիսի երեկոյեան 6.30-ին, Պենտեկոստէի տօնին նախօրեակին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ գլխաւորեց Պենտեկոստէի տօնի հսկումի սուրբ պատարագը որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Հռոմի Թեմին հաւատացեալներ ու բազմահազար ուխտաւորներ։

Սուրբ զոհի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ Նորին Սրբութիւնը ներշնչուելով Յովհաննէս Աւետարանիչէն քաղուած   հատուածէն հաստատեց  թէ «այս գիշեր եւս, Յիսուս կը գտնուի մեր մէջ ու բարձրաձայն կ՛աղաղակէ «Եթէ մէկը ծարաւի է, թող ինծի գայ եւ թող խմէ. Ան որ ինծի կը հաւատայ. Գիրքի խօսքին համաձայն, անոր ծոցէն պիտի հոսին գետին կենսատու ջուրեր» (Յովհ 7, 37-38)։

«Կենսատու այդ ջուրը Սուրբ Հոգին է, որ կը բխի Յիսուսի արգանդէն ու Անոր կողէն ու կը լուայ եւ պտղաբեր կը դարձնէ եկեղեցին, զայն դարձնելով ողորմութեան արգանդ, այսինքն բաց  սրտով մայր մը» յարեց Սրբազան Պապը փափաք յայտնելով որ հռոմաբնակ ժողովուրդը եկեղեցւոյ մէջ տեսնէր այդ ողորմութիւնը, այդ մարդկայնութեան ու քնքշութեան առաւելութիւնը՝ որուն այսօր մեծապէս կարիքը կայ։

«Եթէ այդպէս ըլլար անոնք իրենք զիրենք պիտի զգային իրենց տան մէջ ուր միշտ ալ բարի եկած են եւ ուր կարող են միշտ ալ վերադառնալ» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ,  անդրադառնալով Եկեղեցւոյ   մայրութեան բնոյթին ու ասկէ մեկնելով վերյիշեց 78 տարիներ առաջ՝ 11 Յունիս 1944-ին Պիոս ԺԲ քահանայապետին Սուրբ Կոյսին ընծայած յատուկ աղերսը՝ Հռոմ քաղաքի պաշտպանութեան համար, Սուրբ Իգնատիոսի եկեղեցւոյ մէջ, ուր պահպանուած էր Աստուածային Սէր Տիրամօր սրբապատկերը, հաստատելով որ այդ Աստուածային սէրը Սուրբ Հոգին է որ կը բխի Յիսուսի սրտէն։ Ան է հոգեւոր ժայռը որ կ՛առաջնորդէ Աստուծոյ ժողովուրդը։

Քահանայապետը մատնանշեց ապ ժամանակակից աշխարհի մէջ այն անձերուն որոնք կը փորձէն բարձր աշտարակներ կառուցել երկինք   հասնելու նպատակով  այս մէկը նկատելով մարդկային ծրագիրներ որոնք կը ծառայեն «ես» ին ու կը ձգտին երկնքի մը ուր այլեւս Աստուծոյ համար տեղ չկայ ։

«Եթէ մենք լքուինք մենք մեզի կորուստի կը մատնուինք ու կը կորսնցնենք հորիզոնը,  մենք մեզ համոզելով որ ամէն ինչ հասկցած ենք ու գիտակից ենք թէ ինչ պիտի պատահի մեզի, ու այս բոլոր ուրիշ բան չեն եթէ ոչ պատրանք» ըսաւ Սրբազան Հայրը հաստատելով որ Սուրբ Հոգին Վերէն կ՛իջնէ երկիր վրայ, Աստուծոյ արգանդէն ու ամէն բան նոր կը դարձնէ։

Քահանայապետը ապա բացատրեց այսօրուայ տօնախմբութաեն նշանակութիւնը որ «Սուրբ Հոգւոյն առաջնութեան տօնն է, որ մեզ համր կը դարձնէ Աստուծոյ անկանխատեսելի ծրագիրներուն ի տես ապա մեր մէջ կը հրահրէ ուրախութիւնը» ըսաւ Քահանայապետը ու աւելցուց

«Հոգին Սուրբն է որ մեզ կը մղէ չի բաւարարուելու ու մշատպէս մենք մեզ դնելու ուղեւորութեան մէջ, Ան է որ մեզ պիտի ազատէ ամէն տեսան «թեմական հանգստաւէտութիւնէն», յարեց ապա Ֆրանչիսկոս  Պապ  հրաւիրելով թոյլ տալ որ Սուրբ Հոգին մեր ձեռքերէն բռնած մեզ տանի քաղաքին սիրտը՝  անսալու համար անոր ճիչն ու աղաղակը։

Քահանայապետ մատնանշեց ապա Իսրայէլի ժողովուրդի փորձառութեան երբ  Տէրը Մովսէսին կ՛ըսէ որ ականջալուր դարձաւ  ժողովուրդին աղաղակին ու տեսաւ անոր տառապանքը ու որոշեց միջամտել, Իսրայէլի ժողովուրդը դարձնելով իր ընտրեալ ժողովուրդը,  սիրոյ դաշինքի ու Տէրը վկայելու հաւատարմութեան հիման վրայ։

Եւ Մովսէս այդ առաքելութիւնը կատարելու համար ստիպուած եղաւ «իջնել» Իսրայէլի ժողովուրդին մօտ։ Մովսէսին սիրտը դարձաւ նման Աստուծոյ սրտին, զգայուն, ուշադիր մարդոց տառապանքին ու անոնց երազներուն ինչպէս նաեւ անոնց ճիչին զոր անոնք կը բարձրացնէին  երկինք։

  Մենք եւս ըսաւ Նորին Սրբութիւնը անսալու համար Հռոմ Քաղաքին աղաղակը կարիքը ունինք Տիրոջ որպէսզի մեզ առաջնորդէ դէպի քաղաքին մէջ բնակող մեր եղբայրները անսալու համար անոնց փրկութիւն պահանջող աղաղակը։

Հարկաւոր է բանալ աչքերն ու ականջները ու յատկապէս սիրտը՝ որպէսզի սրտով ունկնդրենք եւ այդ ժամանակ կարող պիտի ըլլանք ընթացքի մէջ դնելու մենք զմեզ իսկապէս։ Մեր մէջ պիտի զգանք Պենտեկոստէին հուրը որ մեզ կը մղէ այս քաղաքի մարդոց ու կիներուն բացագանչելու թէ՝ անոնց ստրկութեան շրջանը հասաւ իր աւարտին  ու թէ դէպի երկինք տանող ճանապարհը Քրիստոսն է։ Ամէն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/06/2019, 19:32