Առաքելական պալատի Ռեճա դահլիճը Առաքելական պալատի Ռեճա դահլիճը 

Ֆրանչիսկոս Պապը ընդունեց «ՖԱՕ»ի գիտաժողովի 41րդ նստաշրջանի մասնակիցները։

«Ամէնքս արդարեւ կոչուած ենք անսալու մեր եղբայրներու յուսահատ ճիչին ու լուծում որոնելու՝ որպէսզի անոնք կարողանան ապրիլ ու վստահ ըլլալ որ իրենց իրաւունքները յարգուած են»

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Հինգշաբթի 27 Յունիս 2019-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, առաքելական պալատի Ռեճա դահլիճին մէջ, ունկնդրութիւն շնորհեց «ՖԱՕ»ի գիտաժողովի 41րդ նստաշրջանի 500 մասնակիցներուն ու այս առթիւ անոնց արտասանած խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց տարբեր երկիներէն ժամանած պատուիրակութիւններուն,յատուկ շնորհակալական խօսք ուղղելով Տիար Խօսէ Կրացիանօ Տա Սիլվային որ մի քանի շաբաթէն կ՛աւարտէ իր Ընդհանուր Քարտուղարի պաշտօնը։

Ունկնդրէ լուրը

Քահանայապետը ապա իր շնորհաւորական խօսքը ուղղեց ՖԱՕ-ի նորընտիր Քարտուղար Տիար Քու Տոնկիուին,  յոյս յայտնելով որ բոլորին աջակցութեամբ կարողանայ՝ պատասխանատուութեամբ ու վճռակամութեան յառաջ տանիլ գործունէութիւնը ու ձեռք բերել 2020 օրակարգի առաջին եւ երկրորդ  նպատակները՝  արագ եւ ուժեղօրեն վերացնելու սովի ու սննդի անապահովութեան բարդ, լուրջ եւ անընդունելի  պատուհասը։

Նորին Սրբութիւնը ապա հաստատեց որ արմատախիլ ընելու համար անօթութիւնն ու բոլորին մատչելի դարձնելու համար ըմպելի ջուրը, հարկաւոր է հասկնալ այս իրողութիւններուն պատճառները։  Այդ ողբերգութեան արմատները կը գտնուին գթութեան պակասի ու շատերու անտարբերութեան, ինչպէս նաեւ քաղաքական եւ ընկերային կամքի տկարութեան մէջ – ըսաւ Ան, դիտել տալով որ «սննդամթերքի եւ ջուրի պակասը ամենաաղքատ եւ առաւել փխրուն երկրներու ներքին եւ բացառիկ հարց մը չէ միայն, այլ իւրաքանչիւրիս հարց է, քանի որ այդ մէկը կախեալ է նաեւ մեր վերաբերմունքէն ՝ նպաստելով կամ սահմանափակելով բազմաթիւ եղբայրներու եւ քոյրերու տառապանքները:

«Ամէնքս արդարեւ  կոչուած ենք անսալու մեր եղբայրներու յուսահատ ճիչին ու լուծում որոնելու՝ որպէսզի անոնք կարողանան ապրիլ ու վստահ ըլլալ որ իրենց իրաւունքները յարգուած են» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը այս ծիրէն ներս  անդրադառնալով «մսխումը» պակսեցնելու  անհրաժեշտութեան,  ինչպէս նաեւ «ընկերային կրթութեան» որպէս կարճ ու երկար ժամանակի ներդրում, որպէսզի նոր սերունդը կարողանայ այդ վկայութիւնը փոխանցել նաեւ իրեն յաջորդներուն,  գիտակից ըլլալով որ այլեւս կարելի չէ հանդրուժել նման  ողբերգութիւն։

Քահանայապետը ընդգծեց ապա  կապը ընդմէջ  միջավայրի  դիւրաբեկութեան, սնունդի անապահովութեան ու գաղթականութեան երեւոյթին, նշելով որ «վերջին տարիներուն գաղթականներու աճումի հարցը մեզի ցոյց տուաւ որ հարցը չի վերաբերիր միայն մէկ երկրի այլ բոլոր մարդկային ընտանիքին», այս ծիրէն ներս առաջարկելով ներդրումներ կատարել ու զարգացնել արուեստագիտութիւնը, ինչպէս նաեւ նորաձեւ քաղաքականութիւններ որդեգրել սատարելու համար զարգացումին։

Ֆրանչիսկոս Պապ կոչ ուղղեց առ այդ ՖԱՕ-ին ու անոր նման միջազգային այլ կազմակերպութիւններուն, գործելու միատեղ ու միասնաբար, իրականացնելու համար նպատակները, եւ օգնութեան հասնելու կարիքաւոր բնակչութեան, զանոնք ներգրաւելով իրենց կեանքի կերտումի գործընթացին մէջ։

Ճառին աւարտին Նորին Սրբութիւնը ներկաներուն ապահովեցուց Սուրբ Աթոռին յանձնառումը՝ համագործակցելու ՖԱՕ-ին հետ, արմատախիլ ընելու համար անօթութիւնը ու համայն մարդկութեան ու մոլորակին երաշխաւորելու աւելի լաւ ապագայ մը։

«Թող Աստուած օրհնէ ձեր աշխատանքն ու ձեր ջաները ի նպաստ մեր մեծ մարդկային ընտանիքի իսկական զարգացումին» ըսաւ ապա Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը եզրափակելով ճառը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/06/2019, 12:08