Որոնել

Կ. Պոլսոյ Տիեզերական Պատրիարքութեան պատուիրակութիւնը Ֆրանչիսկոս Պապին մօտ։ Կ. Պոլսոյ Տիեզերական Պատրիարքութեան պատուիրակութիւնը Ֆրանչիսկոս Պապին մօտ։  

Կ. Պոլսոյ Տիեզերական Պատրիարքութեան պատուիրակութիւնը Ֆրանչիսկոս Պապին մօտ։

Սուրբ Պետրոս եւ Պօղոս առաքեալներու տօնը հրաւէր է վերանորոգելու միութիւնը յարուցող սէրը:

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ուրբաթ՝ 28 Յունիս 2019-ին, շաբաթ 29 Յունիսին նշուելիք Ս. Պետրոս ու Ս. Պօղոս առաքելապետերու տօնին առթիւ, Հռոմ ժամանած Կ. Պոլսոյ տիեզերական Պատրիարքութեան պատուիրակութեան անդամները առիթը ունեցան հանդիպելու Ֆրանչիսկոս Պապին հետ, որ զանոնք ընդունելով առաքելական պալատի իր գրասենեակին մէջ, անոնց ներկայութիւնը նկատեց «բացայայտութիւն այն սերտ կապին որ գոյութիւն ունի Հռոմի եւ Կ. Պոլսոյ Եկեղեցւոյ միջեւ ու նաեւ յայտ՝ այն միասնական յանձնառումին, միասին քալելու դէպի լիակատար հաղորդութիւն», յարեց Սրբազան Պապը, նշելով նաեւ որ Սուրբ Պետրոս եւ Պօղոս առաքեալներու տօնը հրաւէր է վերանորոգելու միութիւնը յարուցող սէրը ու մեզ կը մղէ «առաքելական քարոզութեան քաջութեան» որով յանձնառու ըլլալու ենք դիմագրաւելու ժամանակակից մարտահրաւէրները» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ այդ մարտահրաւէրներու շարքին դասելով արարչագործութեան պահպանումը, բնապահպանական տագնապը, հասարակաց տան խնամքը…

Ունկնդրէ լուրը

Նորին Սրբութիւնը մատնանշեց նաեւ երկու եկեղեցիներու միջեւ որոշ հարցերու շուրջ կայացած համագործակցութեան, որոնց շարքին նշեց նոր ստրկութեան ձեւերու դէմ պայքարը, գաղթականներու հիւրընկալութիւնն ու ընդելուզումը ու խաղաղութեան խթանումը։

Անդրադարձ կատարելով ապա անցեալ ամիս Պուլկարիա կատարած առաքելական ճամբորդութեան ու Պուլկարիայի Նէոֆիթ պատրիարքին հետ ունեցած հանդիպումին, Ֆրանչիսկոս Պապ հաստատեց թէ այն երկրէն մեկնեցաւ «հաղորդութեան մեծ բաղձանքով մը», այս ծիրէն ներս դարձեալ ընդգծելով որ միութիւնը կ՛անցնի իւրաքանչիւրի ինքնութեան յարգանքէն ու տարբերութիւններու հանդերձ ներդաշնակ համակցութենէն։

«Միութիւնը գործն Սուրբ Հոգւոյն, որ  իր բազմազան ու ստեղծագործ պարգեւներով կը մղէ միութեան, որ միաձեւութիւն չէ այլ սիրոյ մէջ բազմաձայն  համերգ է» հաստատեց ապա Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը կարեւոր նկատելով նաեւ բաժնեկցիլ «արմատները» ու զիրար օգնել վախ չունենալու երկխօսութենէն։

Բաժանումի գայթակղութիւնը կարելի շրջանցել Աստուծոյ շնորհքով, մինչ միասին կը քալենք եւ ուրիշին քայլերուն կ՛ընկերանանք աղօթքով, հռչակելով համերաշխութեան Աւետարանը, գործելով կարիքաւորներու ի նպաստ, երկխօսելով ճշմարտութեամբ, առանց թոյլ տալու ու անցեալի նախապաշարումները մեզ  պայմանաւորեն։

Ճառին աւարտին Սրբազան Պապը շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց խնդրելով որ իր եղբայրական ողջոյնները փոխանցեն  Ն.Ս Օ.  Բարթողոմէոս Ա ու սիւնհոդոսի անդամներուն, ինչպէս նաեւ իրենց աղօթքներուն մէջ յատուկ տեղ վերապահեն նաեւ իրեն։

Սուրբ Պետրոս, Սուրբ Պօղոս եւ Սուրբ Անդրէասի բարեխօսութեամբ Ֆրանչիսկոս Պապ  Ամենակալ եւ Ողորմած Աստուծմէ հայցեց որ օրհնէ յանձնառումը որ կը տանի դէպի լիակատար  միութիւն։  

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/06/2019, 11:50