Յիսուսի Մարմնոյ եւ Արեան տօն Յիսուսի Մարմնոյ եւ Արեան տօն 

Ֆրանչիսկոս Պապ Յիսուսի Մարմնոյ եւ Արեան տօնը պիտի կատարէ Հռոմի Քազալ Պերթոնէ թաղամասին մէջ։

Յայտնենք թէ Սուրբ Հաղորդութեան պաշտամունքի նուիրուած սոյն արարողութիւնը ամէն տարի կը կատարուի Յունիս ամսուայ մէջ որ նուիրուած է Յիսուսի Սուրբ Սրտի ջերմեռանդութեան

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 23 յունիս 2019-ին, Յիսուսի Սուրբ Մարմնոյ եւ Արեան տօնին օրը, ժամը 18-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Հռոմի Քազալ Պերթոնէ թաղամասի Սանթա Մարիա Քոնսոլաթրիչէ – Մխիթարիչ Սուրբ Կոյս Մարիամ եկեղեցւոյ մէջ, պիտի մատուցէ սուրբ պատարագ որուն պիտի յաջորդէ Քազալ Պերթոնէի պողոտաներու վրայ «Ամենասուրբ Հաղորդութեան» թափօրը որուն աւարտին Նորին Սրբութիւնը բոլոր ներկաներուն պիտի ջամբէ  Սուրբ Հաղորդութեան օրհնութիւնը։  Լուրը կը հաղորդէ Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակի ժամանակաւոր  տնօրէն՝ Տիար Ալեսսանտրօ Ճիզոթթի։

Յայտնենք թէ Սուրբ Հաղորդութեան պաշտամունքի նուիրուած սոյն արարողութիւնը ամէն տարի կը կատարուի  Յունիս ամսուայ մէջ որ նուիրուած է  Յիսուսի Սուրբ Սրտին ջերմեռանդութեան, որուն ընթացքին բոլոր եկեղեցիներուն մէջ կը կատարուին Յիսուսի Սուրբ Սրտին նուիրուած յատուկ արարողութիւններ։

Ունկնդրէ լուրը

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/06/2019, 08:28