Ֆրանչիսկոս Պապ  ընդունեց  Եւրոպայի կոչումներու Հովուական խնամակալութեան պատասխանատուները։ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Եւրոպայի կոչումներու Հովուական խնամակալութեան պատասխանատուները։  

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Եւրոպայի Եկեղեցիներու «Կոչումներու հովուական խնամակալութեան» պատասխանատուները։

Ֆրանչիսկոս Պապ հուսկ մատնանշեց երեք ուղեցոյցներուն՝ սրբութիւն, որպէս կեանքի ուղեւորութիւն, Հաղորդութիւնը՝ որպէս Եկեղեցւոյ մէջ կոչումի հիմք ու կոչում որպէս բանալի բառ մը, որ պէտք է հոլովել երջանկութիւն, ազատութիւն, միասին բառերուն հետ։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Հինգշաբթի 6 Յունիս 2019-ի առաւօտեան, ի շարս այլ հանդիպումներու, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, առաքելական Պալատի մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց   Եւրոպայի Եկեղեցիներու կոչումներու հովուական խնամակալութեամբ զբաղող պատասխանատուներուն, որոնք Հռոմի մէջ կը մասնակցին Կոչումներու հայող մէկ գիտաժողովին։  

Մասնակիցներու շարքին էր՝ Գերյ. Հայր Վարդան Վրդ. Գազանճեանը՝ որպէս  Թուրքիայի եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի ներկայացուցիչ։

Ունկնդրէ լուրը

Նորին Սրբութիւնը մէկդի դնելով այս առիթով պատրաստած գրաւոր ճառը ներկաներուն ուղղեց իր սրտէն բխած խօսքեր, նկատել տալով որ կոչումը մարդորսութիւն չէ ու թէ կոչումի հովութեամբ զբաղիլը չի նշանակեր «ակումբի նոր անդամներ գտնել» այլ պէտք հիմնուի Պենետիկտոս ԺԶ քահանայապետի այն ուսուցումին վրայ թէ «Եկեղեցւոյ զարգացումը, աճումը քաշողականութեամբ ըլլալու է», այսինքն երիտասարդները հրապուրելով օրինակելի կենցաղով, օգնելով զանոնք ընտրելու իրենց կեանքի կոչումը՝ որպէս աշխարհական կամ որպէս կղերական ու այդ կոչման մէջ գտնելու Տիրոջ հետ երկխօսութիւնը։

«Կոչումը մտային համոզմունք չէ։ Կոչումի ընտրութիւնը պէտք է ծնի Տիրոջ հետ երկխօսութենէ ու եթէ դուք Տիրոջ հետ չէք խօսիր շատ դժուար պիտի ըլլալ այդ մէկը սորվեցնել ուրիշներուն» հաստատեց Նորին Սրբութիւնը նշելով որ  «երիտասարդներուն հետ աշխատիլը համբերութեան կը կարօտի ու կը պահանջէ նաեւ ունկնդրութեան կարողութիւն։ Ապա «շարժումի» մէջ մտնել որովհետեւ երիտասարդներուն հետ աշխատանքը շարժումի մէջ կը կատարուի։ Այսօրուայ երիտասարդները միշտ շարժումի մէջ են – ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը հուսկ հարկաւոր նկատեց  երիտասարդներուն հետ խօսիլ իրենց ոճով, իրենց լեզուով, որովհետեւ «յաճախ մենք անոնց հետ կը խօսինք անհասկնաելի լեզուով» ըսաւ Քահանայապետը։

«Առ այդ հարկաւոր է նախ ճանչնալ անոնց լեզուն որ հաղորդութեան պակասը ունի, որովհետեւ անոնք ունին բազմաթիւ կապեր սակայն չեն հաղորդակցիր ու հաղորդակցութիւնը այսօր ամենամեծ մարտահրաւէրն է որուն համար պէտք աշխատինք երիտասարդներուն համար» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ հրաւէր ուղղելով նաեւ «անոնց սորվեցնելու իսկական լեզուն որ է հաղորդակցութիւնը։ «Դիւրին չէ գիտեմ այդ մէկը» աւելցուց Նորին Սրբութիւնը դարձեալ խրախուսելով  ներկաները ըլլալու «առաջնորդեր, ընկերացողներ» որպէսզի երիտասարդները կարողանան հանդիպիլ Տիրոջ ու Ան անոնց ցոյց տայ իրենց կեանքին ճանապարհը։

Քահանայապետը խօսքը աւարտեց շնորհակալութիւն յայտնելով ներկաներուն իրենց աշխատանքին համար քաջալերելով չի կորսնցնել յոյսը ու յառաջ ընթանալ ուրախութեամբ։

------

Իսկ ներկաներուն յանձնած  գրաւոր ճառին մէջ Սրբազան Քահանայապետը ներկաներուն փոխանցեց իր սրտին խօսող  որոշ ուղեգիծեր մեկնելով «Քրիստոս կ՛ապրի»  յետ սիւնհոդոսական առաքելական յորդորագիրէն, «որուն մէջ քաջալերեցի աճիլ սրբութեան ու սեփական կոչումի յանձնառուի մէջ» կը գրէ Սրբազան Պապը քաջալերելով  ներկաները հաւատալու որ «ամէն բան որուն կը Քրիստոսը դպչի կը դառնայ երիտասարդ ու կը լեցուի կեանքով»։

Ֆրանչիսկոս Պապ հուսկ կը մատնանշէ երեք ուղեցոյցներուն՝ սրբութիւն, որպէս կեանքի ուղեւորութիւն, Հաղորդութիւնը՝ որպէս Եկեղեցւոյ մէջ կոչումի հիմք ու կոչում որպէս բանալի բառ մը, որ պէտք է հոլովել երջանկութիւն, ազատութիւն ու միասին բառերուն հետ։

Արտայայտուելով Սրբութեան մասին Նորին Սրբութիւնը կը նշէ որ կեանքը եղած է սիրոյ մէջ պտղաբերելու համար, ու այս կը հայի սրբութեան այն կոչին զոր Տէրը կ՛ուղղէ մեզմէ իւրաքանչիւրիս, ամէն մին իր ճանապարհին համեմատ։

«Շատ անգամ կոչումը նկատեցինք անհատական արկածախնդրութիւն, կարծելով որ այդ մէկը կը հայի միայն «ինծի» ու ոչ թէ «մեզի», մինչ իրականութեան մէջ «ոչ մէկը կարող է փրկուիլ առանձին, այլ սուրբ կը դառնանք բոլորս միասին» կը հաստատէ Նորին Սրբութիւնը, աւելցնելով ոը «Մէկն ու միւսին կեանքը զօդուած են իրարու ու անհրաժեշտ է որ խնամք տանինք ժողովուրդի այդ միասնական սրբութեան»։

Սրբազան Պապը անդրադրաձ կը կատարէ ապա «հաղորդութեան» մասին, դիտել տալով որ հովուական խնամակալութիւնը չի կրնար ըլլալ եթէ ոչ «սիւնհոդոսական»,  այսինքն «միասին քալել»։ Սիւնհոդոսականութիւնը կը բխի հաղորդութենէն ու այս կը նշանակէ ապրիլ որդիութիւնն ու եղբայրութիւնը, խթանել փոխադարձ գնահատանքը, արժեւորել ամէն մէկուն հարստութիւնը ու հաւատալ որ Յարուցեալը կարող է սքանչելիքները իրագործել մեր բոլորին պատմութեան մաս կազմող վէրքերուն ու դիւրաբեկութիւններուն։

«Եկեղեցւոյ այդ հաղորդութենէն է որ կը ծնին նոր կոչումները  ու միայն եթէ մենք մեզ ճանչնանք իսկական հասարակութիւն՝  բաց, կենսունակ ու ներառող, կը դառնանք ապագայի կարող՝ որուն ծարաւն ունին երիտասարդները» կը գրէ Սրբազան Պապը ու անդրադառնալով կռչում բառին, կը նշէ թէ «այս կը նշանակէ անձնական հանդիպում Քրիստոսին հետ» ու քննադատեց այն հասարակութիւնները, որոնք որոշած են երիտասարդներուն ուղղուած առաջարկներուն մէջ չ՛օգտագործել կոչում բառը, կարծելով որ երիտասարդները վախ ունին այդ բառէն, ուստի չեն մասնակցիր ձեռնարկներուն։

«Այս մէկը ձախող առաջարկ է»  դիտե կու տայ Ֆրանչիսկոս Պապ  հաստատելով որ «մենք կարիքը ունինք մարդոց ու կիներու որոնք ոգեւորուած են Աստուծոյ հետ հանդիպումի իղձէն ու փոխակերպուած իրենց մարդկայնութեան մէջ կարող են ուրախութեամբ ու կեանքով հռչակել իրենց կոչումը»  հուսկ կ՛ակնարկէ  «երջանկութիւն» բառին,  զգուշացնելով այդ մէկը շփոթելէ «յուզումնալից ուրախութեան» հետ։ 

«Թէեւ կոչում բառը կարող է «վախ» յարուցել երիտասարդներուն  մէջ, որովհետեւ շատ անգամ ներկայացուած էր որպէս ազատութիւնը խլող ծրագիր, հարկաւոր է շեշտել որ Աստուած միշտ ու մինչեւ վերջ հետամուտ է մեր իւրաքանչիւրի ազատութեան» կ՛ընդգծէ Նորին Սրբութիւնը նկատել տալով որ «Կոչումը կը բացայայտուի իրականութեան մէջ, Աստուծոյ Խօսքի ունկնդրութեամբ ու այն գիտակցութեամբ թէ մեր ուզածը կը համապատասխանէ Աստուծոյ կամքին, ու այդ հանդիպումի   զարմանքէն մեր ազատազնութիւնը կը կողմնորոշուի՝ կատարելով  սիրոյ ընտրանք մը,  որ կարելի է միայն երբ միասին ենք, «որովհետեւ կոչումը միշտ միւսներուն համար  ու միւսներուն հետ է»  կը հաստատէ  Ֆրանչիսկոս Պապ հրաւիրելով խորհրդածել «միասնական երազի» մասին ու նշելով որ կոչումի հովուական խնամակալութիւնը չի կրնար մի քանի «ղեկավարներու» պարտականութիւնը ըլլալ այլ կախեալ է համայն  հասարակութենէն, որովհետեւ  «ամէն մէկ հովուական ծառայութիւն կոչումային է , որեւէ կազմաւորում կոչումային է, որեւէ հոգեւորականութիւն կոչումային է»։

Գրաւոր ճառին վերջին հատուածին մէջ Սրբազան Քահանայապետը կ՛ակնարկէ կոչումին՝ որպէս յատուկ նուիրաբերում անդրադառնալով առաքելական ու հովուական բազմաթիւ միաբանութիւններու ու ժողովրդապետութիւններու գործունէութեան, որոնց շարքին նաեւ վանական միաբանութիւնները,  կղերականներ ու նուիրեալ անձեր,  որոնց երիտասարդներուն ի նպաստ մատուցած ծառայութիւնը կը նմանի «անտառի մը որ կ՛աճի անձայն»  կը գրէ Նորին Սրբութիւնը ու ճառին աւարտին կը հաստատէ. Քրիստոսի մէջ արմատանալը հիմնական  ճանապարհն է՝  թոլ տալու որ Անոր գործը իրագործուի։ Առաջնորդել ու կազմաւորել կոչումը կը նշանակէ ընկալել  Քրիստոսի արուեստի գործը որ եկած է աղքատներուն աւետելու բարի լուրը, խնամելու կոտրուած սրտերու վէրքերը, ու ստրուկներու ե կոյրերուն հռչակելու ազատութիւնը։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/06/2019, 12:30