Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ մեկնեցաւ Նափոլի Ֆրանչիսկոս Պապ մեկնեցաւ Նափոլի  

Ֆրանչիսկոս Պապ մեկնեցաւ Նափոլի

Քահանայապետը Նափոլի կու գայ երկրորդ անգամուայ համար, առաջին այցը տեղի ունեցած էր չորս տարիներ առաջ։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ուրբաթ  21 Յունիսի առաւօտեան Նորին Սրբութիւնը Ինքնաթիռով փոխադրուեցաւ  Նափոլի քաղաք,  այնտեղ իր մասնակցութիւնը բերելու «Աստուածաբանութիւնը Veritates Gaudium - Ճշմարտութեան ուրախութենէն ետք  միջերկրականի բնագաւառէն ներս» գիտաժողովին, որ կազմակերպուած է  Յիսուսեան Միաբանութեան հովանաւորութեան տակ գտնուող Հարաւային Իտալիոյ Քահանայապետական Աստուածաբանական համալսարանի Սուրբ Լուիճի մասնաճիւղի կողմէ

Քահանայապետը Նափոլի կու գայ երկրորդ անգամուայ համար, առաջին այցը տեղի ունեցած էր չորս տարիներ առաջ։ Այս անգամուայ այցելութիւնը կը զուգադիպի Սուրբ Լուիճի Կոնծակայի ծիսական տօնին։ Սուրբ Լուիճին՝ Յիսուսեան միաբանութեան երիտասարդ անդամ,  որ մեծ գորով ու սէր ունէր վերջիններուն նկատմամբ։

Սրբազան Հայրը Նափոլի կը ժամանէ 9-ին ապա անմիջապէս կ՛ուղղուի Փոզիլլիփօ ուր կը գտնուի համալսարանը։ Նափոլիի օրաթերթերը իրենց առաջին էջերը նուիրած են Քահանայապետի այցելութեան  «Դարձեալ բարի եկար Ֆրանչիսկոս» խորագիրով, մինչ բնակչութիւնը մեծ յոյս ունի կարելիութիւնը ունենալ հանդիպելու Ֆրանչիսկոս Պապին հետ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/06/2019, 08:00