Հաղորդամիջոցներուն համաշխարհային 53-րդ օրուն նշում Հաղորդամիջոցներուն համաշխարհային 53-րդ օրուն նշում 

Փաուլօ Ռուֆինի «պատասխանատու կերպով ցանց ստեղծել»:

Համացանցը հարուստ առիթ է ուրիշներուն հետ հանդիպումի զարգացման : Հաղորդամիջոցները պէտք են նպատակաուղղուած ըլլան հանդիպումի մշակոյթին :

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երկուշաբթի, 4 յունիսին, Հաղորդամիջոցներուն համաշխարհային 53-րդ օրուան առթիւ կազմակերպուած, Հռոմի Սանթա Մարիա Ին Մոնթեսաքրօ եկեղեցիէն ներս գումարուած « Համացանցային հասարակութենէն մարդկային հասարակութիւն» նիւթով համագումարին, ելոյթ ունեցած է Սուրբ Աթոռի հաղորդամիջոցներուն ժողովի կառավարիչ, տիար Փաուլօ Ռուֆինին, որուն ընթացքին հրաւէր ուղղած է պատասխանատու կերպով գիտնալ ապրելու՝ ժամանակակից հաղորդակցութեան ոլորտը:

Ունկնդրէ լուրը

Ան անդրադառնալով Ֆրանչիսկոս Պապին հաղորդամիջոցներուն համաշխարհային օրուան պատգամին նշած է թէ համացանցը հարուստ առիթ է ուրիշներուն հետ հանդիպումի զարգացման աւելցնելով, որ Հաղորդակցութիւն պէտք է նպատակաուղղուած ըլլայ հանդիպումի մշակոյթին :

Ինչ կը հայի ֆրանչիսկոս Պապի կողմէ ընդգծուած համացանցի օգտագործումէ բխած վտանգներուն, որոնց շարքին, «Ֆէյք նիւզը» սուտ լուրեր, մեկուսացումի երեւոյթը, որուն ամենէն շատ թիրախ են պատանիները , մանկա -ծաղրանքի երեւոյթը, Վատիկանի Հաղորդամիջոցներուն ժողովի կառավարիչը նշեց թէ սա չի նշանակեր հակառակիլ արուեստագիտութեան, այլ կը նշանակէ բացայայտել իսկական իմաստը այդ միջոցներուն, հասկնալու համար անոնց դրական զօրութիւնը, որովհետեւ եկեղեցւոյ մէջ եւս տենչ կայ ապագային նկատմամբ եւ ոչ է անցեալին հետապնդումին:

Փաուլօ Ռուֆինի յայտնեց նաեւ որ համացանցը ընդարձակ իրականութիւն մըն է ուրկէ կը յառաջանան տարբեր յատկանիշ ունեցող ՝ ընկերային, քաղաքական- տնտեսական հարցեր՝ եւ այս բոլոր ուղղուած է բոլորիս:

Ան դիտել տուաւ որ Ֆրանչիսկոս Պապին հաղորդամիջոցներուն համաշխարհային օրուան պատգամը ուղղուած է բոլորիս եւ հրաւէր է ընկերութեան ՝ աւելի պատասխանատու գտնուելու հաղորդամիջոցներուն օգտագործումին մէջ եւ գիտակից ըլլալու թէ այդ միջոցները կրնան ծառայել՝ աւելի լաւ բան մը կառուցելու: Փաուլօ Ռուֆինի ընդգծեց թէ ժամանակից մարտահրաւէրէն մին այն է մտածել թէ աշխարհին մէջ իրողութիւնները կրնան փոխուիլ եւ անոր գործընթացը կրնայ մեզմէ սկսիլ:

Համացանցը սպառնանք չէ այլ մեծ հնարաւորութիւն՝ եթէ անիկա օգտագործուած է նպաստելու համարմարդու իսկական հանդիպումին:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/06/2019, 11:48