Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Հրապարակային ունկնդրութիւն՝ «Սուրբ Հոգին միութեան արհեստաւորն է»

«Կրակէ լեզուները» Պենտեկոստէն ու Սուրբ Հոգւոյն շարժականութիւնը որ կը բորբոքէ մարդկային խօսքը ու զայն Աւետարան կը դարձնէ։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Երբ Պենտեկոստէի տօնը հասաւ, բոլորն ալ միաբան՝ մէկ տեղ էին:  Յանկարծ շառաչ մը եղաւ երկինքէն՝ սաստկաշունչ հովի մը ձայնին պէս, ու լեցուց ամբողջ տունը՝ ուր նստած էին:  Եւ բաժնուած լեզուներ երեւցան իրենց՝ որպէս թէ կրակէ, ու հանգչեցան անոնցմէ իւրաքանչիւրին վրայ:  Բոլորն ալ լեցուեցան Սուրբ Հոգիով եւ սկսան խօսիլ ուրիշ լեզուներով, ինչպէս Հոգին իրենց խօսիլ կու տար»։

Ունկնդրէ լուրը

Չորեքշաբթի 19 Յունիս 2019-ի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ գլխաւորած  Հրապարակային ընդհանուր  ունկնդրութեան առթիւ, այնտեղ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներուն ներկայացուցած  խորհրդածութիւնը դարձեալ կեդրոնացուց «Առաքեալներու Գործեր» գիրքին վրայ, ու յատկապէս Պենտեկոստէի տօնին ու Սուրբ Հոգւոյն գալստեան դրուագին վրայ։

«Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, բարի լոյս», ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, Սուրբ Զատկուընէ յիսուն օրեր ետք, երբ աղօթքի մէջ էին՝ առաքեալները, յանկարծակի եկան երկնքէն շառաչի մը հետեւանքով, նման սաստկաշունչ հովի մը ձայնին,Աստուածային միջամտութիւն մը որ անոնց առջեւ բացաւ շնորհքի դռները ու Յարուցեալին խոստումի իրականացումը։

«Աղօթքը, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, Եկեղեցւոյ թոքն է, որ շունչ կը պարգեւէ աշակերտներուն։ Առանց աղօթքի կարելի չէ Քրիստոսի աշակերտներ ըլլալ. Առանց աղօթքի մենք Քրիստոնեայ կարող չենք կոչուիլ»։

Եկեղեցին ծնունդ առաւ սիրոյ կրակէն, հրդեհէ մը որ բռնկուեցաւ Հոգեգալստեան օրը, որ կը բացայայտէ Յարուցեալի Խօսքին ուժը՝ լեցուած Սուրբ Հոգիով։

Նորոգուած ու վերջնական դաշինքը հիմնուած չէ գրուած օրէնքի մը վրայ, այլ Աստուծոյ Հոգւոյն ներգործութեան վրայ, որ ամէն ինչ նոր կը դարձնէ ու փորագրուած է սրտերուն մէջ։

Առաքեալներու խօսքը կը դրոշմուի Յարուցեալի Հոգիով ու կը դառնայ Նոր Խօսք մը, որ բոլոր լեզուներով հասկնալի կը դառնայ։ Ան ճշմարտութեան ու սիրոյ լեզու է որ է տիեզերական եւ զոր նոյնիսկ անուս մարդիկը կարող են հասկնալ։

Սուրբ Հոգին միութեան արհեստաւորն է, ան որ կ՛իրականացնէ հաշտութիւնը ու գիտէ պատնէշները վերացնել, բոլորը դարձնելով մէկ մարմին։

Միայն Աստուծոյ  Հոգին իշխանութիւնն ունի մարդկայնացնելու ու եղբայրացնելու որեւէ ոլորտ, սկսեալ անոնցմէ որոնք զինք կ՛ընկալեն։

Հայցենք Տիրոջմէ որ մեզի եւս առիթ տայ ապրելու նոր Պենտեկոստէի փորձառութիւնը, որ մեր սրտերը կը լայնեցնէ ու մեր զգացումները ներդաշնակ կը դարձնէ Քրիստոսի զգացումներուն հետ։

Այսպէսով առանց վրդովումի մենք կարող կ՛ըլլանք հռչակել Անոր փոխակերպիչ խօսքը ու կարող կ՛ըլլանք վկայելու անոր սիրոյ զօրութիւնը՝ որ կեանքի կը կոչէ բոլոր անոնք որոնց կը հանդիպի  –  ըսաւ Սրբազան Պապը ։

Սոյն խորհրդածութեան աւարտին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը զանազան լեզուներով ողջունեց հրապարակ ժամանած ուխտաւորները յատուկ ողջոյնի խօսք ուղղելով երիտասարդներուն,  հիւանդներուն, տարեցներուն ու նորապսակներուն ու քաջալերելով  զանոնք հետեւելու Սուրբ Լուիճի Կոնծակայի օրինակին ու Անոր դիմելու որպէսզի օգնէ անոնց Յիսուսին հետ կառուցելու մտերմիկ բարեկամութիւնը որ զանոնք կարող կը դարձնէ կեանքը  դիմագրաւելու ամենայն անդորրութեամբ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/06/2019, 10:28