Որոնել

Հրապարակային ունկնդրութիւն Հրապարակային ունկնդրութիւն 

Հրապարակային ունկնդրութիւն՝ Մատաթիա առաքեալի ընտրութիւնը Գործք առաքելոցի մէջ։

Շարունակելով առաքեալներու գործեր գիրքի մասին խորհրդածութիւնները Ֆրանչիսկոս Պապ խօսեցաւ Մատաթիա Առաքեալի ընտրութեան մասին։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի 12 յունիս 2019-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ գլխաւորեց չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւնը։

Շարունակելով «Գործք Առաքելոց» գիրքի մասին, անցեալ շաբաթ սկիզբ առած խորհրդածութիւններուն շարքը, Նորին Սրբութիւնը խօսքը  կեդրոնացուց  Մատաթիայի ընտրութեան վրայ։

Ունկնդրէ լուրը

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր բարի լոյս, ըսաւ Քահանայապետը, սկսանք խորհրդածութիւններու նոր շարք մը, որ պիտի հետեւի Գործք Առաքելոցի մէջ պարունակուած Աւետարանական ճամբորդութեան։Ամէն ինչ սկիզբ կ՛առնէ Քրիստոսի Յարութենէն, որ  «միւսներու նման իրադարձութիւն մը չէ, այլ նոր կեանքի ակնաղբիւր է» յարեց Սրբազան Պապը, դիտել տալով որ Առաքեալները, Յիսուսի պատուէրին համաձայն, կը մնան միացած ու կը յարատեւեն աղօթքի մէջ, Մարիամի ներկայութեամբ, պատրաստուելով ընկալելու Աստուծոյ զօրութիւնը։

Յիսուսի չարչարանքներէ  ետք աշակերտներուն թիւը իջած էր 11-ի։ Անոնցմէ մէկը Յուդան անձնասպան եղած էր Յիսուսը դաւաճանելէն ետք։

Յուդան արդարեւ ժամանակէ ի վեր սկսած էր հեռանալ իր եղբայրակիցներէն, կղզիանալ ու կաշկանդուիլ դրամին,  կորսնցնելով անձնուիրումի հորիզոնը ու հասնելով կուրութեան աստիճանին՝ դաւաճանելով Յիսուսը։ Ան՝ որ ընդունած էր շնորհքը մաս կազմելու Յիսուսի մտերիմներու խումբին, ինքզինք  բացառեց Յիսուսի ու իր եղբայրակիցներու հետ հաղորդութենէն։ Ան դադրեցաւ Յիսուսի սրտին պատկանելէն եւ փոխանակ կեանքին ընտրեց մահը, մինչ միւս տասնմէկ աշակերտները շարունակեցին քալել օրհնութեան ու կեանքի ճանապարհէն։

Ղուկաս աւետարանիչը որուն կը վերագրուի նաեւ գործք առաքելոցի գիրքի շարադրութիւնը ցոյց կու տայ որ մէկ հոգիի հեռացումը վէրք մը կը բանայ Յիսուսի աշակերտներուն հասարակական մարմնի մէջ ու անոնք անհրաժեշտ կը նկատեն որ Յուդայի պարտականութիւնը անցնի ուրիշին ու ահա Պետրոս կ՛ըսէ «Ուրեմն պէտք է որ այս մարդոցմէն՝ որոնք մեզի հետ էին այն ամբողջ ժամանակը, երբ Տէր Յիսուս մտաւ ու ելաւ մեր մէջ,Յովհաննէսի մկրտութենէն սկսեալ մինչեւ այն օրը՝ երբ համբարձաւ մեզմէ, ասոնցմէ մէկը մեզի հետ վկայ ըլլայ անոր յարութեան»: Ուստի երկու հոգի կայնեցուցին, Յովսէփը՝ որ Բարսաբա կը կոչուէր եւ Յուստոս մականուանուեցաւ, ու Մատաթիան….Եւ անոնց համար վիճակ ձգեցին, ու վիճակը ելաւ Մատաթիայի. եւ ան համրուեցաւ տասնմէկ առաքեալներուն հետ: (Գործք առաքելոց 1, 21-22.26 )

Այսպէսով տասներկուի մարմինը կը վերակազմուի ու հաղորդութիւնը կը յաղթէ բաժանումին ու կղզիացումին եւ կը դառնայ առաջին վկայութիւնը՝ զոր առաքեալները կը նուիրեն աշխարհին, ընտրելով ապրիլ միութեան մէջ, որպէս եղբայրներ ։ Յիսուս արդարեւ ըսած է «Այս բաներէն բոլորը պիտի գիտնան թէ դուք իմ աշակերտներս էք. Եթէ զիրար սիրէք»։

Մենք ալ կանչուած ենք վերագտնելու Յարուցեալը վկայելու գեղեցկութիւնը դուրս գալով մեր ինքնակեդրոն վերաբերմունքէն։ Աշակերտներուն այդ միացումը ցոյց կու տայ որ քրիստոնէական հասարակութեան բնութեան մէջ կան միութիւնն ու  ազատութիւնը որոնք թոյլ կու տան չի կաշկանդուելու իրերուն այլ պարգեւներուն ու դառնալու մարտիրոսներ՝ կենդանի ու պատմութեան մէջ գործող Աստուծոյ լուսաւոր վկաները։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/06/2019, 10:08