Որոնել

«Կեանքը Սուրբ է եւ անձեռնմխելի» «Կեանքը Սուրբ է եւ անձեռնմխելի»  

«Կեանքը Սուրբ է եւ անձեռնմխելի». Ֆրանչիսկոս Պապ

«Կեանքը պէտք է պաշտպանուի…կարելի չէ կործանել կեանքը։ Ան Սուրբ է որովհետեւ Աստուծմէ մեզի շնորհուած պարգեւ է»
Ունկնդրէ լուրը
Փատովացի Սուրբ Անտոնը
Փատովացի Սուրբ Անտոնը

Չորեքշաբթի 12 յունիսի հրապարակային ունկնդրութեան աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապ զանազան լեզուներով ողջունեց հրապարակը համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորները, ապա յատուկ ողջոյնի խօսք ուղղեց երիտասարդներուն, տարեցներուն, հիւանդներուն ու նորապսակներուն, յիշելով որ վաղը կը յիշատակուի Սուրբ Անտոն Փատովացիի ծիսական տօնը։

«Աղքատներու եւ տառապողներու պաշտպան սուրբ ու մեծ քարոզիչ՝ Սուրբ Անտոն Փատովացիի բարեխօսութիւնը ձեզ բոլորդ օգնէ որպէսզի փորձարկէք աստուածային ողորմութեան օգնութիւնը» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը խօսքը ուղղելով հրապարակը համախմբուած երիտասարդներուն, տարեցներուն, հիւանդներուն ու նորապսակներուն։

Կեանքը Սուրբ է
Կեանքը Սուրբ է

ԿԵԱՆՔԸ ՍՈԻՐԲ Է

Մինչ Լեհ ուխտաւորներուն ուղղած իր խօսքին մէջ Քահանայապետը դարձեալ հաստատեց որ «կեանքը սուրբ է  ու անձեռնմխելի՝ սաղմէն մինչեւ մահ»։ «Կեանքը պէտք է պաշտպանուի…կարելի չէ կործանել կեանքը։ Ան Սուրբ է որովհետեւ Աստուծմէ մեզի շնորհուած պարգեւ է» հաստատեց Ֆրանչիսկոս Պապ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/06/2019, 11:45