Որոնել

Կիրակի 16 յունիսի Մարեմեան աղօթքը Քամերինօ քաղաքէն։ Կիրակի 16 յունիսի Մարեմեան աղօթքը Քամերինօ քաղաքէն։ 

Կիրակի 16 յունիսի Մարեմեան աղօթքը Քամերինօ քաղաքէն։

Ֆրանչիսկոս Պապ ուզեց յատուկ կերպով յիշել ապաստանեալները, անոնց նուիրուած ՄԱԿ-ի համաշխարհային օրուան առթիւ

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 16 յունիսին «Քամերինօ» քաղաքի «Քավուր» հրապարակին վրայ մատուցած Սուրբ պատարագի աւարտին, Նորին Սրբութիւնը նոյն վայրէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը ու աղօթքէն առաջ ներկաներուն ուղղած իր խօսքին մէջ վերյիշեց Սարտենիա Կղզիին մէջ շաբաթ 15 Յունիսին Երանելի հռչակուած աշխարհական «Էտվիճէ Քարպոնին» հրաւիրելով ծափողջոյնով ընկալել այդ լուրը։

Ունկնդրէ լուրը

Ֆրանչիսկոս Պապ ուզեց յատուկ կերպով յիշել ապաստանեալները, անոնց նուիրուած ՄԱԿ-ի համաշխարհային օրուան առթիւ։ Այս տարեդարձը կը հրաւիրէ բոլորս զօրակցութեան՝ պատերազմներէ, հալածանքներէ, ու հիմնական իրաւունքներու խախտումներէ փախուստ տուող մարդոց, կիներու ու մանուկներուն նկատմամբ։ «Մեր եկեղեցական ու քաղաքացիական հասարակութիւնները անոնց մօտիկ թող ըլլան եւ ուշադիր ըլլան անոնց կարիքներուն ու տառապանքին» ըսաւ ապա Քահանայապետը:   

Ան ապա մատնանշեց  թէ մեծ մտահոգութեամբ կը հետեւի Պարսկական Ծոցին մէջ աճող լարուածութեան ու կոչ ուղղեց բոլորին՝ որպէսզի դիմեն դիւանագիտական «գործիքներուն», Միջին Արեւելքի մէջ հակամարտութիւններու բարդ հարցերը լուծելու համար։ Նորին Սրբութիւնը նորոգեց նաեւ իր սրտաբուխ կոչը միջազգային հասարակութեան՝ ամէն ջանք դափելու ի նպաստ երկխօսութեան ու խաղաղութեան խթանումին։

Քահանայապետը ողջունեց հուսկ արարողութեան մասնակցողները,  յատկապէս հիւանդները, տարեցները, բանտարկեալներն ու բոլոր անոնք որոնք հաղորդամիջոցներու միջոցաւ հետեւեցան արարողութեան, հուսկ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց որոնք աշխատեցան հովուական այցելութեան յաջողութեան համար, յատուկ ողջոյնի խօսք ուղղելով Սան Սեվերինօ Մարքէ քաղաքի բնակիչներուն։

Սրբազան Պապը  մաղթեց ապա որ բոլորն ալ կարողանան քալել՝ հաւատքի, յոյսի եւ սիրոյ ճանապարհին վրայ, միացած, ուրախ ու հաւատարիմ այդ տարածաշրջանի սուրբերու վկայութեան։ Ան ապա  խօսքը եզրափակեց հրաւիրելով միասին աղօթել Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան Աղօթքը, բոլոր հասարակութիւնը յանձնելով Սուրբ Կոյս Մարիամի հովանիին։ «Ան որ իր Մայրական ներկայութեամբ ոգեւորեց Յիսուսի աշակերտներուն առաջին հասարակութիւնը, ձեզ ու այսօրուայ եկեղեցին օգնէ՝ լաւապէս վկայելու Աւետարանը» յարեց Սրբազան Պապը սկիզբ տալով Մարեմեան աղօթքին։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/06/2019, 12:12