Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապին հրաւէրը մասնակցելու «Խաղաղութեան համար մէկ վայրկեան» ձեռնարկին։

Ժամը 13-ին բոլորս ալ հրաւիրուած ենք մէկ վայրկեան մը նուիրելու խաղաղութեան համար

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի 5 յունիս 2019-ին, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ գլխաւորած ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին, ողջունելէ ետք հրապարակը համախմբուած տարբեր երկիրներէ ժամանած հաւատացեալներն ու ուխտաւորները,  Ֆրանչիսկոս Պապը հրաւէր ուղղեց յառաջիկայ շաբաթ օր՝ 8 յունիսին, մասնակցելու «խաղաղութեան համար մէկ վայրկեան» ձեռնարկին։

Ունկնդրէ լուրը

Շաբաթ 8 Յունիսին,պիտի նշուի Վատիկանի մէջ իմ եւ Բարթողոմէոս Պատրիարքի ներկայութեամբ Իսրայէլի եւ Պաղեստինի նախագահներու միջեւ կայացած հանդիպումին հինգերորդ տարեդարձը։

Ժամը 13-ին բոլորս ալ հրաւիրուած ենք  մէկ վայրկեան մը նուիրելու խաղաղութեան համար, հաւատացեալները աղօթելով եւ անոնք որոնք չեն հաւատար խորհրդածութեամբ։ «Բոլորս միասին աւելի եղբայրական աշխարհի մը համար»   ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը շնորհակալութիւն յայտնելով «Ացիոնէ Քաթթոլիքա» եկեղեցական բանուորական շարժումին, որուն նախաձեռնութեամբ է որ ամէն տարի կը նորոգուի սոյն ձեռնարկը, որուն նպատակն է հայցել խաղաղութեան պարգեւը ու այդ ընել ճիշդ ժամը 13-ին, պահ մը կանգ առնելով ու ամէն մին իր կրօնական աւանդութեան համաձայն աղօթելով խաղաղութեան համար,  որ այսօր միշտ աւելիով վտանգուած է աշխարհի զանազան տարածաշրջաններուն մէջ։

Ունկնդրութեան աւարտին Սրբազան Քահանայապետը յատուկ ողջոյնի խօսք ուղղեց նաեւ երիտասարդներուն,  հիւանդներուն, տարեցներուն ու նորապսակներուն վերյիշելով որ յառաջիկայ կիրակի օր  պիտի տօնուի Պենտեկոստէի տօնը։

«Թող որ Տէրը մեզ բոլորս գտնէ պատրաստ ընկալելու Սուրբ Հոգին՝ Անոր պարգեւներուն շնորհքը մեր մէջ զեղու հաւատքի նոր կենսունակութիւն, վերակենդանացնէ յոյսը ու գործնական ուժ պարգեւէ եղբայրսիրութեան» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը։  

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/06/2019, 10:25