Որոնել

Սուրբ Յովհաննէս ԻԳ Պապը Սուրբ Յովհաննէս ԻԳ Պապը 

Սուրբ Յովհաննէս ԻԳ Պապին մահուան 56-րդ տարելիցը:

Ան իբր Հռոմի թեմի հովուապետ, բազմապատկեց հաւատացեալներուն հետ կապերը՝ այցելելով ժողովրդապետութիւնները, հիւանդանոցները ու բանտերը:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

3 յունիս 1963-ին, 56 տարի առաջ ճիշդ այսօրուան պէս, իր մահկանացուն կնքեց աւազանի անունով Անճելօ Ճուզեփփէ Ռոնքալլին՝ Սուրբ Յովհաննէս ԻԳ Սրբազան Պապը:

Ան ծնած էր Իտալիոյ Պերկամօ մարզի, Սոթթօ Մոնթէ գիւղաքաղաքին մէջ՝ 25 նոյեմբեր 1881-ին: 261-րդ քահանայապետ ընտրուած է՝ 28 հոկտեմբեր 1958-ին, յաջորդելով Պիոս ԺԲ Պապին:
Քահանայապետ ընտրուելէ առաջին օրէն իսկ՝ Սուրբ Յովհաննէս ԻԳ պապը որդեգրեց գործելակերպ մը, որուն մէջ  կ՝արտացոլար իր մարդկային անձնաւորութիւնն ու քահանայական հասունութիւնը՝ շնորհիւ իր ունեցած կեանքի հարուստ փորձառութիւններուն:

Պապը ոչ միայն վերահաստատեց Հռոմի քուրիայի ժողովներուն սովորական գործունէութիւնները, այլ մտահոգուեցաւ անոնց շնորհել հովուական ծառայութեան դրօշմ, իբր Հռոմի թեմի եպիսկոպոս:

Յովհաննէս ԻԳ Սրբազան Քահանայապետը,  իբր Հռոմի թեմի հովուապետ, բազմապատկեց հաւատացեալներուն հետ կապերը՝ այցելելով ժողովրդապետութիւնները, հիւանդանոցներն ու բանտերը:

Սուրբ Պապը, ամենէն մեծ վաստակ ունեցած է Վատիկանեան Տիեզերական Բ ժողովի գումարումով, որուն մասին աւետեց, 25 ապրիլ 1959-ին- Հռոմի Սուրբ Պօղոս Անուան Պազիլիքայէն ներս:
Եկեղեցւոյ ամբողջ կեանքը թարմացնելու եւ աշխարհի հետ քայլ պահելու նոր հեռանկարով, Յովհաննէս Իգ Պապը  հրաւիրեց երկխօսութիւն կատարել աշխարհին հետ, քան թէ դատապարտել զայն, այն գիտակցութեամբ, որ եկեղեցական առաքելութիւնը ուղղուած է աշխարհի համայն մարդոց:
Այս տիեզերական բացուածքի տեսլականով, Պապը ոչ մէկ քրիստոնեայ դաւանանք բացառեց՝ մասնակցելու Վատիկանեան Տիեզերական Բ ժողովին, հրաւիրելով զանոնք:

1963ին, Քահանայապետը արժանացած է խաղաղութեան «Պալզան» մրցանակի դափնեկիրին՝ խաղաղութեան ի նպաստ յանձնառումի համար, հրապարակելով 1961-ին՝ Mater et Magistr եւ 1963-ին Pacem in terris շրջաբերականները, ինչպէս նաե  1962-ին, Քուպայի տագնապի ծիրէն ունեցած իր դիրքորոշումին համար:  Սուրբ Պապը իր մահկանցուն կնքեց 3 յունիս 1963-ի: Երանելի հռչակուեցաւ, 3 սեպտեմբեր 2000 ին՝ ձեռամբ Սուրբ ՅՊԲ Պապին,  ապա սուրբերու դասին շարուեցաւ, Ֆրանչիսկոս Պապին օրով՝ 27 ապրիլ 2014-ին:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/06/2019, 11:21