Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթք Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթք 

Ֆրանչիսկոս Պապին 23 Յունիսի Մարեմեան աղօթքը։

«Սուրբ Հաղորդութիւնը Յիսուսի գոյութեան ամփոփումն է որ եղաւ նաեւ սիրոյ արարք մը՝ Հօր ու եղբայրներու նկատմամբ»

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 23 Յունիս 2019-ի կէսօրին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ  համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներու ներկայութեամբ, եւ սովորութեան համաձայն Մարեմեան աղօթքէն առաջ ներկայացուց օրուան խորհրդածութիւնը մատնանշելով օրուան տօնին՝ Յիսուսի Մարմնոյ եւ Արեան Տօնը, ու աւետարանական հատուածին որ քաղուած էր Ղուկաս Աւետարանիչէն՝  «հին հացերու եւ երկու ձուկերու» բազմացումի հրաշքը՝ որոնցմով Տէրը յագեցուց 5 հազար մարդիկ։

Երբ բազմութիւնները գիտցան՝ անոր հետեւեցան: Ինք ալ զանոնք ընդունելով՝ կը խօսէր անոնց Աստուծոյ թագաւորութեան մասին, եւ կը բժշկէր անո՛նք՝ որ բուժումի պէտք ունէին: Երբ օրը սկսաւ մթննալ՝ տասներկուքը մօտեցան եւ ըսին անոր. «Արձակէ՛ բազմութիւնը, որպէսզի երթան շրջակայ գիւղերն ու արտերը, իջեւանին եւ ուտելիք գտնեն, որովհետեւ հոս ամայի տեղ մըն ենք»: Ըսաւ անոնց. «Դո՛ւք անոնց կերակուր տուէք»: Անոնք ալ ըսին. «Մենք հինգ նկանակէն ու երկու ձուկէն աւելի բան չունինք, եթէ չերթանք այդ ամբողջ ժողովուրդին համար կերակուր չգնենք»:  (Արդարեւ հինգ հազարի չափ այր մարդիկ կային:) Ըսաւ իր աշակերտներուն. «Նստեցուցէ՛ք ատոնք՝ յիսունական շարքերով»: Այդպէս ըրին, ու բոլորն ալ նստեցուցին: Ինք ալ առաւ այդ հինգ նկանակներն ու երկու ձուկերը, դէպի երկինք նայելով՝ օրհնեց զանոնք, կտրեց ու տուաւ աշակերտներուն, որպէսզի հրամցնեն բազմութեան: Կերան, բոլորն ալ կշտացան, եւ վերցնելով աւելցած բեկորները՝ տասներկու կողով լեցուցին:

«Յիսուս այդ հրաշքով իր աշակերտները կը հրաւիրէ դարձի մը այն է հրաժարիլ «ամէն մին իրեն համար» տրամաբանութենէն ու յանգիլ «բաժնեկցութեան» տրամաբանութեան, սկսելով այն քիչէն զոր նախախնամութիւնը կը դնէ մեր տրամադրութեան» տակ ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, հաստատելով նաեւ որ այդ հրաշքը կը կանխէ այն ինչ որ պիտի պատահէր աւելի ուշ, Անոր զոհաբերումի յիշատակը՝ Սուրբ Հաղորդութիւնը, Մարմնոյ  եւ Արեան խորհուրդը նուիրուած աշխարհի փրկութեան համար։

«Սուրբ Հաղորդութիւնը Յիսուսի գոյութեան ամփոփումն է որ եղաւ նաեւ սիրոյ արարք մը՝ Հօր ու եղբայրներու նկատմամբ» - ըսաւ Քահանայապետը ակնարկելով վերջին ընթրիքին երբ  Յիսուս նոյնպէս առաւ հացը, գոհութիւն յայտնեց Հօր ու բեկանեց եւ բաժնեց աշակերտներուն, եւ նոյնը կատարեց գինիին հետ, որպէս նոր ուխտի դաշինք ու յիշատակ։

Սուրբ Հաղորդութեան տօնը մեզ կը հրաւիրէ ամէ տարի նորոգելու զարմանքն ու ուրախութիւնը Տիրոջ այդ գեղեցիկ պարգեւին համար։ Ընդունինք զայն գոհունակութեամբ, նորոգելով մեր «Ամէն»ը, որպէսի Քրիստոսին սիրոյ շարժականութիւնը մեր կեանքը փոխէ ու զայն դարձնէ բիւրեղ ու սուրբ պարգեւ մը Աստուծոյ՝ բոլոր ի անոնց բարիքին համար որոնց կը հանդիպինք մեր ուղեւորութեան ընթացքին։

«Աստուծոյ Սուրբ Ժողովուրդին Սուրբ  Հաղորդութեան հաւատքի արտայայտութիւններէն են Սուրբ Հաղորդութեան թափօրները որ կը կատարուին աշխարհի զանազան Եկեղեցիներուն մէջ» ըսաւ ապա Նորին Սրբութիւնը նշելով թէ ինք եւս այս երեկոյ  Յիսուսի Սուրբ Մարմնոյ եւ Արեան տօնը կը  յիշատակէ Հռոմի Քազալ Պերթոնէ մէջ  մատուցելով սուրբ պատարագ որուն աւարտին նախատեսուած է Սուրբ Հաղորդութեան թափօրը։

«Կը հրաւիրեմ բոլորդ մասնակից ըլլալու այդ արարողութեան, նաեւ հոգեպէս։ Տիրամայր մեզ օգնէ հաւաքով եւ սիրով հետեւելու Յիսուսին որ կը պաշտենք Սուրբ Հաղորդութեան մէջ» յարեց Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակելով խորհրդածութիւնը։  

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/06/2019, 13:01