Որոնել

Քահանայապետի խորհրդատու կարդինալները Քահանայապետի խորհրդատու կարդինալները 

Ֆրանչիսկոս Պապին խորհրդատու կարդինալներու 30րդ ժողովը։

Կարդինալական խորհուրդը հաստատուած է 28 սեպտեմբեր 2013-ին Ֆրանչիսկոս Պապին ձեռագրիր նամակով մը, նպատակ ունենալով աջակցիլ Սրբազան Քահանայապետին ու անոր խորհուրդ տալ Տիեզերական Եկեղեցւոյ կառավարման անոր պարտականութեան մէջ:

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երեքշաբթի 25 Յունիսէն մինչեւ հինգշաբթի 27 Յունիս 2019-ին, Վատիկանի մէջ կը կայանայ Ֆրանչիսկոս Պապին խորհրդատու կարդինալներու 30րդ ժողովը, որուն աշխատանքային նիստերու կեդրոնական նիւթը կը հանդիսանայ առաքելական նոր սահմանադրութեան  որուն առժամեայ խորագիրն է «“Praedicate evangelium” -  «Քարոզել Աւետարանը»։

Ունկնդրէ լուրը

Սահմանադրութեան նախագիծը որ վաւերացուած էր Խորհրդատու Կարդինալներու կողմէ ուղարկուեցաւ Եպիսկոպոսական համահաւաք դասի նախագահներուն, Արեւելեան Եկեղեցիներու սիւնհոդոսներուն, Հռոմի Քուրիայի բաժանմունքներուն, Միաբանութիւններու մեծաւորներուն ու Քահանայապետական մի քանի համալսարաններուն, որոնցմէ խնդրուեցաւ ուղարկել սահմանադրութեան հայող դիտողութիւններն ու առաջարկները։

Քահանայապետի խորհրդատու կարդինալներու խորհուրդին մաս կը կազմեն, Վատիկանի Պետական Քարտուղար կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը, որպէս խորհուրդի համադրող՝ Կարդինալ Օսքար Անտրէս Ռոտրիկէս Մարատիակա, Հոնտուրասի Թեկուչիկալփա թեմին արքեպիսկոպոսը, Կարդինալ Ռէյնարտ Մարքսը՝ Գերմանիոյ Մոնաքօ եւ Ֆրիզինիա թեմին արքեպիսկոպոս, Կարդինալ Սին Փաթրիք Օ Մալլէյ՝ Պոսթոնի Արքեպիսկոպոս, Կարդինալ Ճուզեփփէ Պերթելլօ՝ Վատիկանի Պետութեան նախագահ  եւ Կարդինալ Օսվալտ Կրասիաս՝ Պոմպէյի Արքեպիսկոպոս։ Խորհուրդին մաս կը կազմեն ապա գերապայծառ Մարչելլօ Սեմերարօ որպէս քարտուղար եւ գերապայծառ Մարքօ Մելլինօ որպէս օգնական քարտուղար։

Նշենք թէ Քահանայապետի խորհրդական  Կարդինալական խորհուրդը հաստատուած է 28 սեպտեմբեր 2013-ին Ֆրանչիսկոս Պապին ձեռագրիր նամակով մը, որպէս նպատակ ունենալով աջակցիլ Սրբազան Քահանայապետին ու անոր խորհուրդ տալ Տիեզերական Եկեղեցւոյ կառավարման անոր պարտականութեան մէջ, ապա քննարկել եւ  ուսումնասիրել Հռոմի Քուրիայի համար առաքելական նոր սահմանադրութիւն մը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/06/2019, 08:47