Որոնել

 Մանուկներու Քրիստոնէական Մանուկներու Քրիստոնէական 

«Աւետարանը միշտ ներկայ թող ըլլայ մեր ընտաքնիներուն մէջ» Ֆրանչիսկոս Պապ

Ձեզի կը յանձնեմ «YOUCAT for Kids" ը։ Մի յոգնինք ձեր հաւատքը փոխանցելէ։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

24 մայիսէն սկսեալ «San Paolo» հրատարակչատունը ի լոյս կ՛ընծայէ «"YOUCAT for Kids. Ծնողներու եւ մանուկներու քրիստոնէականը» որուն նախաբանը կը կրէ Ֆրանչիսկոս Պապին ստորագրութիւնը։

Ունկնդրէ լուրը

«Քրիստոնէականի սոյն գիրքը, կը գրէ Քահանայապետը,  վերապահուած է ըլլայ ծնողներուն, ըլլայ մանուկներուն, որպէսզի ժամանակ անցնեն միասին ու զայն կարդալով միշտ աւելիով վերագտնեն Աստուծոյ սէրը»։

240 էջերէ բաղկացած վերոնշեալ հատորը պատրաստուած է Աւստրիայի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի կողմէ ու վաւերացուած Նոր Աւետարանութեան խթանումի քահանայապետական խորհուրդի կողմէ։  Ան կազմուած է հարցում-պատասխաններէ եւ գրուած է շատ սահուն եւ դիւրըմբռնելի ոճով։

«Թերթատելով «YOUCAT for Kids" ը, կը գրէ միշտ Սրբազան Պապը, հանդիպեցայ հարիւրաւոր հարցումներու զոր մանուկները ընդհանրապէս կ՛ուղղեն իրենց ծնողներուն եւ ասոր համար  կը կարծեմ  որ այս գիրքը օգտակար է, այնքան որքան օգտակար է տարեցներու քրիստոնէականը»։

«Օգնելով մեր մանուկները վերագտնելու Յիսուսին սէրը, զանոնք պիտի դարձնէ աւելի զօրաւոր եւ քաջ։ Ձեզի կը յանձնեմ «YOUCAT for Kids" ը։ Մի յոգնինք ձեր հաւատքը փոխանցելէ։ Համր մի մնաք երբ ձեր զաւակները հարցումներ կ՛ուղղեն, այլ գտէք ուժը՝ ըլլալու միջնորդներ ձեր ծնողներէն ընդունած հաւատքին։ Եղէք մարդկային շղթայ մը, որ սերունդէ սերունդ այնպէս կ՛ընէ որ Աւետարանը միշտ ներկայ ըլլայ մեր ընտանիքներուն ու հասարակութիւններուն ու Եկեղեցւոյ մէջ» գրած է Նորին Սրբութիւնը  «YOUCAT for Kids"  հատորի նախաբանին մէջ։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/05/2019, 09:00