Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Քահանայապետական Ինքնագիր Նամակ՝ հայող եկեղեցւոյ մէջ ոտնձգութիւններուն ու անոնց քօղարկումին։

“Vos estis lux mundi” խորագիրով Ֆրանչիսկոս Պապին Ինքնագիր նամակը նոր ընթացակարգ մը կը հաստատէ, ի յայտ դնելու ոտնձգութիւններն ու բռնութիւնները, ու այնպէս ընելու որ եպիսկոպոսներն ու կրօնական հաստատութիւններու մեծաւորները իրենց գործունէութեան մասին հաշիւ տան

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Հինգշաբթի 9 մայիս 2019-ին լոյս տեսաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին  «Vos estis lux mundi - Դուք էք աշխարհի լոյսը» խորագիրով Ինքնագիր նամակը, հայող եկեղեցւոյ մէջ սեռայինն չարաշահումներու հարցին անոնց կանխարգիլման ու դատումին։

Ունկնդրէ լուրը

Այս առթիւ Վատիկանի Հաղորդակցութեան Ժողովի խմբագրական տնօրէն՝ Տիար Անտրէա Թորնիելլի հրապարակած իր խմբագրականին մէջ կը գրէ.

 “Vos estis lux mundi” խորագիրով Ֆրանչիսկոս Պապին ձեռագիր նամակը նոր ընթացակարգ մը կը հաստատէ, ի յայտ դնելու ոտնձգութիւններն ու բռնութիւնները,  ու այնպէս ընելու որ եպիսկոպոսներն ու կրօնական հաստատութիւններու մեծաւորները իրենց գործունէութեան մասին հաշիւ տան։ Ներմուծուած է կղերականներու եւ կրօնաւորներու կողմէ չարաշահումները ի յայտ դնելու պարտաւորութիւնը։  Իւրաքանչիւր Թեմ ապա պէտք է որդեգրէ հանրութեան դիւրաւ հասանելի համակարգ մը, ազդարարութիւններուն ընդունման համար։

Անտրէա Թորնիելլի

«Vos estis lux mundi - Դուք էք աշխարհի լոյսը»…մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս ամէն մէկ հաւատացել կը կոչէ ըլլալու՝ առաքինութեան, ամբողջականութեան ու սրբութեան լուսաւոր օրինակ»։ Մատթէոս Աւետարանիչէն քաղուած սոյն բառերը կը կազմեն Ֆրանչիսկոս Պապին Ինքնագիր նամակին խորագիրն ու առաջին բառերը, որ նուիրուած է կղերականներու ու կրօնաւորներու կողմէ գործադրուած սեռային չարաշահումներու դէմ պայքարին, ինչպէս նաեւ եպիսկոպոսներուն ու կրօնական հաստատութիւններու մեծաւորներուն արարքներուն ու բացթողումներուն, որոնք կը վերաբերին չարաշահումներուն հայող հետաքննութիւններուն մէջ   միջամտելու կամ զանոնք քօղարկելու փորձին։

Քահանայապետը կը յիշեցնէ որ «սեռային ոտնձգութեան ոճիրը անարգանք է մեր Տիրոջ նկատմամբ ու ֆիզիկական, հոգեբանական ու հոգեւոր վնասներ կը պատճառէ զոհերուն, ու չարիք է նաեւ հաւատացեալներու հասարակութեան»,  այս ուղղութեամբ մատնանշելով առաքեալներուն յաջորդներուն յատուկ պատասխանատուութեան՝  կանխարգիլելու այդ յանցագործութիւնները։  Վերոնշեալ փաստաթուղթը պտուղն է անցեալ փետրուարին Վատիկանի մէջ կայացած անչափահասներու պաշտպանութեան հայող հաւաքին ու ընթացակարգային նոր կանոններ կը ներմուծէ՝ պայքար մղելու համար սեռային չարաշահումներուն դէմ ու այնպէս ընելու որ եպիսկոպոսներն եւ կրօնական հաստատութիւններու մեծաւորները հաշիւ ներկայացնեն իրենց գործելակերպին համար։ Ընդհանրական օրէնք մը՝ որ կը վերաբերի համայն կաթողիկէ եկեղեցւոյ։

Ամէն մէկ Թեմին մէջ «մեղադրանքներու մատնանշումի» գրասենեակ։

Նախատեսուած նորութիւններու շարքին, աշխարհի բոլոր թեմերը պէտք է մինչեւ 2020-ի յունիս ամիսը ունենան «հանրութեան հասանելի մէկ կամ մէկն աւելի մնայուն համակարգ, ներկայացնելու համար ազդարարութիւնները» որոնք կը հային կղերականներու կամ կրօնաւորներու կողմէ գործադրուած սեռային ոտնձգութիւններուն,  մանկական պոռնկագրութիւններուն ու այդ չարաշահումներուն քօղարկումին։

Օրէնքը չի յատկորոշեր թէ ի՞նչի մէջ կը կայանան այն համակարգերը, ամէն մէկ թեմին թողելով գործնականութեան ընտրանք, որ կարող է տարբերիլ՝ ու կախեալ ըլլալ զանազան մշակոյթներէն ու տեղական պայմաններէն»։

Պահանջուած է այն է՝ թէ ամէն անոնք որոնք տառապեցան ոտնձգութիւններու պատճառաւ կարողանան դիմել տեղական Եկեղեցւոյ, վստահ ըլլալով որ լաւապէս պիտի ընդունուին, պիտի պաշտպանուին հակահարուածներէ ու  ներկայացուած ազդարարութիւններն ու մեղադրանքները նկատի պիտի առնուին ամենայն լրջութեամբ։

Ազդարարութիւններն ու մեղադրանքները  ներկայացնելու պարտաւորութիւն։

Նորութիւններէն մին կը վերաբերի բոլոր կղերականներու, կրօնաւորներու ու կրօնաւորուհիներու պարտականութեան՝ «անյապաղ ի յայտ դնելու» ու եկեղեցական իշխանութիւններուն տեղեկացնելու, ոտնձգութեան մը լուրը, ինչպէս նաեւ ցանկացած բացթողումներն ու թաքնեցումները որոնք ի յայտ կու գան այդ ոտնձգութեան հարցի  մատակարարման ընթացքին։

Եթէ մինչեւ օրս այս պարտաւորութիւնը կը վերաբերէր միայն անհատական խղճմտանքին, ասկէ ետք ան կը դառնայ տիեզերական գետնի վրայ հաստատուած իրաւական դրոյթ։  

Վերոնշեալ պարտաւորութիւնը սահմանուած է կղերական ու կրօնաւորական դասին, աշխարհականներն ալ սակայն կարելիութիւնը ունին օգտագործելու համակարգը՝ եկեղեցական պատկան իշխանութիւններուն ներկայացնելու չարաշահումներու եւ ոտնձգութիւններու հարցեր։  

Ոչ միայն անչափահասներու դէմ չարաշահումներ։

Վերոնշեալ փաստաթուղթը չի հայիր միայն անչափահասներուն ու խոցելի չափահասներուն դէմ գործադրուած բռնութիւններուն ու ոտնձգութիւններուն, կը վերաբերի նաեւ սեռային բռնութեան ու ոտնձգութեան որոնք հետեւանքն են «իշխանութեան չարաշահումին»։ Այս ուղղութեամբ պարտաւորութիւնը կը ներառէ նաեւ՝ կղերականներու կողմէ կրօնաւորուհիներուն դէմ գործադրուած որեւէ բռնութեան ու նաեւ չափահաս նորընծաներու դէմ չարաշահումի դէպքերը։

«Յանցանքները ծածկել»

Ամենակարեւոր տարրերու շարքին՝ հարկաւոր է որպէս յատուկ  դասակարգ  ճշդել՝  ծածկոյթի կամ թաքնեցումի վարքագիծը, որ կը կայանայ «կղերականի մը կամ կրօնաւորի մը դէմ  սեռական ոտնձգութիւններու համար յարուցուած՝ քաղաքացիական, կանոնական,վարչական ու քրէական հետաքննութիւններուն ի տես, բացթողումներուն, կամ  ուղղակի արարքներով միջամտութիւններուն, անոնցմէ խոյս տալու միտումով»։ Այս մէկը կը հայի բոլոր անոնց որոնք կարեւոր պատասխանատուութիւններ ունին Եկեղեցւոյ մէջ եւ փոխանակ հետապնդելու ուրիշներու կողմէ գործուած ոտնձգութիւնները, զանոնք կը ծածկեն, պաշտպանելով յանցաւորը, փոխան զոհերուն պաշտպանութեան։

Դիւրաբեկ անձերուն պաշտպանութիւնը։

«Vos estis lux mundi» Ինքնագիր նամակը շեշտը կը դնէ անչափահասներու(18 տարեկանէն վար անհատներ)  ու դիւրաբեկ անձերու պաշտպանութեան կարեւորութեան վրայ։ «Դիւրաբեկ անձեր» հասկացողութիւնը աւելիով կ՛ընդլայնուի ու չի սահմանափակուիր միայն անոնց որոնք սովորապէս մտային հարցեր ունին, այլ նաեւ անոնց որոնք ժամանակաւոր կերպով կը կորսնցնեն կամենալու ու հասկնալու կարողութիւնը,  ինչպէս նաեւ ֆիզիկական անկարները։ Այս մէկը կ՛արձագանգէ անցեալ 26 մարտ 2019-ին հրապարակած Վատիկանեան Նոր օրէնքին

Պետութիւններու օրէնքներուն յարգանքը։

Տեղական առաջնորդին կամ միաբանութեան մեծաւորին հարցը բացայայտելու պարտականութիւնը չի փոխէր եւ ոչ ալ կը միջամտէ մեղադրանքի մատնանշումի որեւէ ուրիշ պարտականութեան որ գոյութիւն ունի այն երկիրն մէջ ուր կը կատարուի յանցագործութիւնը եւ որոնց բերումով պարտաւորութիւնը կայ նաեւ այդ մէկը բացայայտելու քաղաքական իրաւասու իշխանութիւններուն։

Բողոք ներկայացնողին ու զոհերուն պաշտպանութիւնը։

Ինքնագիր նամակին մէջ յատկանշական են նաեւ այն հատուածները որոնք կը հային անոնց որոնք մեղադրանքի բողոքը  կը ներկայացնեն։ Նամակին համաձայն, բոլոր անոնք որոնք չարաշահումներու մասին տեղեկութիւններ կը փոխանցեն, պէտք չեն ենթարկուիլ նախապաշարումներու, խտրականութեան ու վրէժխնդրութեան արարքներու՝ իրենց այդ մատնանշումին պատճառաւ։  Նոյնպէս ուշադրութիւն պէտք է յատկացուի այն զոհերուն որոնք անցեալին մէջ ստիպուած եղան լռութեան մատնուիլ։ Այս տիեզերական կանոններուն համաձայն կարելի չէ զեկոյցի բովանդակութեան վերաբերեալ անոնց բանեցնել որեւէ սահմանափակում։ Այս ծիրէն ներս սակայն ակնյայտ է որ խոստովանանքի խորհուրդի գաղտնիքը կը մնայ անձեռնմխելի։

Ինքնագիր նամակը ապա կը հաստատէ՝ որ ըլլայ զոհերը, ըլլայ անոնց ընտանիքները, պէտք է  վայելեն արժանավայել վարուելակերպ եւ ընդունին հոգեւոր, բժշկական ու հոգեբանական պատշաճ սպասարկութիւն։  

Եպիսկոպոսներուն հայող  հետաքննութիւններ

Ինքնագիր նամակը կը կանոնաւորէ նաեւ եպիսկոպոսներուն, կարդինալներուն ու կրօնական հաստատութիւններու մեծաւորներուն ինչպէս նաեւ եկեղեցական թեմերուն մէջ նոյնիսկ ժամանակաւոր պաշտօններ ստանձնած անձերուն վերաբերող հետաքննութիւններու ընթացակարգը։ Կանոնը պէտք է ի գործ դրուի միայն ան ժամանակ երբ այս անձերը ուղղակիօրէն հետաքննութեան ենթարկուած են սեռային ոտնձգութիւններ գործած ըլլալուն համար կամ չարաշահումները ծածկած ըլլալուն,  կամ ՝ չարաշահումներ հետապնդելը մերժած ըլլալուն համար։

Մետրոպոլիտին դերը

Նշանակալից է հետաքննութեան գործին մէջ Մետրոպոլիտ Եպիսկոպոսին ներգրաւումին հայող նորութիւնը, այն ժամանակ երբ յանցաւորը  եպիսկոպոս մըն է։ Ան արդարեւ հետաքննութեան  իրաւունքը կ՛ընդունի Սուրբ Աթոռէն։ Այսպէսով Անոր Եկեղեցւոյ մէջ աւանդական դերը աւելի կը հզօրանայ, ու ի յայտ կը դրուի կամքը՝ արժեւորելու տեղական ուժերը։

Ան որուն յանձնուած է հետաքննութեան գործընթացը՝ 30 օր ետք Սուրբ Աթոռին կը փոխանցէ «գործընթացին հայող բացատրական տեղեկութիւններ» մինչ հետաքննութիւնը պէտք է աւարտի  90 օրուան մէջ (որ կարելի է հետաձգել միայն արդարացի պատճառներու բերումով)։ Այսպէսով , առաջին անգամուան համար, կը հաստատուի յստակ ժամկէտ մը։

Աշխարհականներու ներգրաւումը

Աշխարհականներու թանկարժէք սատարը կարեւոր է ու այս ծիրէն ներս Ինքնագիր նամակի կանոնները կը նախատեսեն որ Մետրոպոլիտը, հետաքննութիւնները կատարելու ժամանակ, կարելիութիւն ունենայ «ըստ պահանջի» դիմելու «մասնագէտ անձերու» օգնութեան, հաշուի առնելով թէ այդ համագործակցութիւնը կրնայ կատարուիլ աշխարհականներու կողմէ։

Քահանայապետը արդարեւ բազմաթիւ անգամներ հաստատեց թէ աշխարհականներու մասնագիտութիւնը ու մասնագիտական հմտութիւնները Եկեղեցւոյ համար կարեւոր կենսամիջոց մըն են։ Ասոր համար Ինքնագիր նամակի կանոնները կը նախատեսեն որ եպիսկոպոսական համահաւաք դասերը ու թեմերը ունենան որակաւոր ու համագործակցելու պատրաստակամութիւն յայտած անձերու ցանկ մը, թէեւ վերջին պատասխանատուութիւնը կը մնայ Մետրոպոլիտն։

Անմեղութեան կանխավարկածը

Կը վերահաստատուի հետաքննուած  անձերուն անմեղութեան կանխավարկածի սկզբունքը։ Այս ուղղութեամբ հետաքննութեան ենթարկուած անձը տեղեակ պէտք է ըլլայ թէ իր հաշուին յարուցուած է պաշտօնական ընթացակարգ մը։

Հետաքննութիւններու աւարտը

Ինքնագիր նամակը նոր պատիժներ չի ներմուծեր յանցանքներուն վերաբերեալ, այլ կը յայտնէ ի՞նչ ընել հետաքննութիւններու աւարտին։ Հետաքննութեան արդիւնքը արդարեւ պէտք է փոխանցուի այդ հարցով զբաղող Վատիկանեան Բաժանմունքին, որ գործը յառաջ կը տանի կանոնական ի զօրու օրէնքի համաձայն, մինչ հետաքննող եպիսկոպոսը կ՛աւարտէ իր գործը։

Գործնական յանձնառում։

Ֆրանչիսկոս Պապի կամքէն բխած սոյն  «օրէնսդրական նոր գործիքով» Կաթողիկէ Եկեղեցին վճռական քայլ մը կը կատարէ չարաշահումներու դէմ պայքարի ուղիով։ Քահանայապետը կը գրէ «Որպէսզի սոյն երեւոյթները, բոլոր ձեւերով, դադրին իրականանալէ, հարկաւոր է սրտերու մշտական ու խոր դարձ մը, որ պէտք է վկայուի համայն Եկեղեցին ներգրաւող շօշափելի եւ արդիւնաւէտ գործելակերպով»։

 

>>> “Vos estis lux mundi” խորագիրով Ֆրանչիսկոս Պապին ինքնագիր նամակը

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/05/2019, 12:00