Ֆրանչիսկոս Պապ Պուլկարիայի մէջ. Առաջին օրուայ տեսանիւթը։

Կիրակի 5 մայիսին Ֆրանչիսկոս Պապ ժամանեց Պուլկարիայի մայրաքաղաք Սոֆիա Քահանայապետութեան առաքելական 29-րդ միջազգային ճամբորդութեան առթիւ։

 Այցելութեան առաջին օրը Սրբազան Քահանայապետը հանդիպում ունեցաւ Պուլկարիայի Վարչապետին, Նախագահին ու քաղաքական իշխանութիւններուն հետ, ապա հանդիպեցաւ Պուլկարիայի Նէոֆիթ Պատրիարքին, աղօթեց Սուրբ Կիւրեղ եւ Մեթոտիոս եղբայրներու Պատրիարքական եկեղեցւոյ մէջ գտնուող սրբապատկերին առջեւ, հուսկ եկեղեցւոյ հրապարակին վրայ արտասանեց Մարեմեան Աղօթքը ու «Քնեազ Ալեքսանտր» հրապարաին վրայ նախագահեց սուրբ պատարագի արարողութեան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/05/2019, 09:00