Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ռումանիայի նախագահին հետ Ֆրանչիսկոս Պապ Ռումանիայի նախագահին հետ 

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը Ռումանիայի իշխանութիւններուն։

«Դիմագրաւելու համար պատմական նոր փուլը, հարկաւոր է դրական համագործակցութիւնը աճեցնել ընդմէջ քաղաքական, տնտեսական, ընկերային ու հոգեւոր ուժերու» հաստատեց Ֆրանչիսկոս Պապ

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ռումանիա կատարած առաքելական այցելութեան ծիրէն ներս Նորին Սրբութիւնը Նախագահական պալատին մէջ հանդիպում ունեցաւ Ռումանիայի քաղաքական ու եկեղեցական իշխանութիւններուն հետ ի ներարկութեան Ռումանիայի նախագահին, Օրթոտոքս Եկեղեցւոյ Դանիէլ պատրիարքին, ու այլ կրօնները ներկայացնող հոգեւոր ղեկավարներուն եւ դիւանագիտական մարմնի անդամներուն։

Ունկնդրէ լուրը

Այս առթիւ ներկաներուն արտասանած իր  խօսքին մէջ Սրբազան Հայրը ուրախութիւն յայտնեց այնտեղ գտնուելուն համար, Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ 20 տարիներ առաջ կայացած այցելութենէն ետք, ու նաեւ Ռումանիայի Երկխորհուրդի վեցամսեայ նախագահութիւնը ստանձնելու առթիւ։

Սրբազան Հայրը նշեց թէ այս մէկը պատեհ առիթ է նայելու անցեալին ու վերջին երեսուն տարիներուն, երբ Ռումանիան ձեռբազատուեցաւ քաղաքական ու կրօնական ազատութիւնը ճնշող բռնատիրութենէն որ զինք կղզիացուցած էր միւս եւրոպական երկիներէն…այս ժամանակաշրջանի ընթացքին Ռումանիան յանձնառու եղաւ կառուցելու ժողովրդավար ծրագիր մը՝ հիմնուած քաղաքական եւ ընկերային բազմատարրութեան ու փոխադարձ երկխօսութեան վրայ, ի նպաստ կրօնի ազատութեան ճանաչումին ու Երկրին ամբողջական ներգրաւումին՝ միջազգային բնապակտերէն ներս։

Այս ծիրէն ներս Սրբազան Պապը ակնարկեց յառաջ մղուած կարեւոր ու բազմաթիւ քայլերուն ու քաջալերեց ներկաները յարատեւելու այդ ուղղութեամբ համապատասխանելով քաղաքացիներու արդար ձգտումներուն ու այնպէս ընելու որ անոնք կարողանան արտայայտել իրենց հնարամտութիւնը։

Ֆրանչիսկոս Պապ բացի դրական իրականութիւններէն ակնարկեց նաեւ ժխտական երեւոյթներուն, որոնց մէջ ներառեց արտահոսքի հարցը, որուն բերումով բազմաթիւ անձեր կը դիմեն արտագաղթի՝ աւելի արժանավայել կեանքի մը փնտռտուքով, եւ որուն հետեւանքով բազմաթիւ գիւղերու մէջ բնակչութիւնը կը նուազի՝  սպառնալիք հանդիսանալով այդ շրջաններու մէջ հոգեւոր ու մշակութային աւանդութիւններու անհետացումին։ Այս առընչութեամբ Քահանայապետը ուզեց յարգանքի տուրք մատուցել՝ Ռումանիայի բազմաթիւ զաւակներուն, որոնք իրենց մշակոյթով, իրենց արժէքներու ժառանգութեամբ ու աշխատանքով կը շարունակեն հարստացնել  այն Երկիրները ուր կը գաղթեն, եւ իրենց աշխատանքի պտուղներով օգնութեան կը հասնին հայրենիքի մէջ գտնուող իրենց ընտանիքներուն։

«Դիմագրաւելու համար այս պատմական նոր փուլը, հարկաւոր է աճեցնել դրական համագործակցութիւնը ընդմէջ քաղաքական, տնտեսական, ընկերային ու հոգեւոր ուժերու» հաստատեց ապա Ֆրանչիսկոս Պապ աւեցնելով որ «հարկաւոր է միասին քալել ժողովուրդի հասարակաց բարիքի հիման վրայ»։

«Միասին քալելը կը պահանջէ վեհանձնութիւն՝ հրաժարելու  սեփական շահէ  ի նպաստ աւելի ընդլայնուած ծրագրի, ստեղծելով ներդաշնակութիւն մը, որ կարելիութիւնը տայ անվտանգ կերպով ընթանալու դէպի ապահով նպատակներ» ըսաւ ապա Ֆրանչիսկոս Պապ այս ծիրէն ներս շեշտը դնելով «ներառնող ընկերութիւն մը կառուցելու կարեւորութեան վրայ», ուր «ամէն մէկ անհատ իր հմտութիւններն ու ձիրքերը կը դնէ միւսներու տրամադրութեան տակ» դառնալով  հասարակաց բարիքի դերակատար։

Ընկերութիւն մը ուր տկարները, աղքատներն ու վերջինները չի մերժուին կամ նկատուին որպէս խոչընդոտ այլ որպէս քաղաքացիներ ու եղբայրներ, որոնք մաս կը կազմեն քաղաքացիական կեանքին։

«Ներդաշնակ  կայուն զարգացումի  համար, զօրակցութիւնն ու եղբայրօգնութինը շօշափելի դարձնելու ու հասարակաց բարիքին նկատմամբ քաղաքական, քաղաքացիական եւ ընկերային ուժերը զգայուն դարձնելու համար, բաւարար չեն տնտեսական տեսութիւններու թարմացումը, կամ մասնագիտական հմտութիւններ» ըսաւ Քահանայապետը աւելցնելով որ «նիւթական պայմաններու հետ միասին, հարկաւոր է զարգացնել ժողովուրդին հոգին» այդ ուղղութեամբ կարեւորելով նաեւ Քրիստոնեայ եկեղեցիներուն սատարն ու վկայութիւնը։

Սրբազան Պապը  այդ ուղղութեամբ վստահեցուց Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ յանձնառումը ու անոր սատարը ի նպաստ ընկերութեան կառուցման։ Ան, ըսաւ Քահանայապետը, կ՛ուզէ ըլլալ նշան ներդաշնակութեան, յոյսի եւ միութեան ու կ՛ուզէ ինքզինք դնել հասարակաց բարիքի եւ մարդկային արժանապատուութեան ծառայութեան տակ, համագործակցելով Իշխանութիւններու ու միւս եկեղեցիներուն հետ, ինչպէս նաեւ բոլոր բարի կամք ունեցող անձերուն հետ՝ միասնաբար քալելու համար։

Ճառին աւարտին Սրբազան Քահանայապետը խօսքը ուղղելով նախագահին ըսաւ. «Պարոն Նախագահ Ռումանիային մաղթելով բարօրութիւն եւ խաղաղութիւն, Ձեր ու ձեր ընտանիքին վրայ ինչպէս նաեւ բոլոր այստեղ գտնուող անձերուն ու համայն Երկրի բնակչութեան վրայ կը հայցեմ Աստուածային առատ օրհնութիւններ»։

Աստուած Օրհնէ Ռումանիան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

Photogallery

Ֆրանչիսկոս Պապը Ռումանիայի նախագահական պալատին մէջ
31/05/2019, 12:35