Ֆրանչիսկոս Պապ ժամանեց Ռումանիա Ֆրանչիսկոս Պապ ժամանեց Ռումանիա 

Ֆրանչիսկոս Պապ ժամանեց Ռումանիայի մայրաքաղաք Պուխարեսթ։

Առաքելական ճամբորդութեան առաջին օրուայ յայտագիրը կը նախատեսէ զանազան հանդիպումներ երկրին քաղաքական ու եկեղեցական իշխանութիւններուն հետ։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Մէկ ժամ հիսուն վայրկեան տեւող թռիչքէ ետք տեղական ժամով 11.30 ին (Հռոմի ժամով 10.30) Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետն ու անոր ընկերացող պատուիրակութիւնը փոխադրող օդանաւը վայրէջք կատարեց Պուխարեսթի օդակայան։

Առաջին օրուայ յայտագիրը

Սրբազան Քահանայապետին առաքելական 30-րդ միջազգային ճամբորդութեան առաջին օրուայ յայտագիրը կը նախատեսէ Նախագահական Պալատին մէջ առանձնական հանդիպում Երկրին նախագահին ու Ռումանիայի վարչապետին հետ, հուսկ հանդիպում կ՛ունենայ երկրին պատկան իշխանութիւններուն հետ, որոնց Նորին Սրբութիւնը կ՛ուղղէ իր պատգամը, ապա հանդիպում Ռումանիայի Օրթոտոքս եկեղեցւոյ Պատրիարքին ու սիւնհոդոսի անդամներուն հետ, հուսկ Տէրունական աղօթք՝ Օրթոտոքս Եկեղեցւոյ աթոռանիստ նորակառոյց եկեղեցւոյ մէջ, որուն կը յաջորդէ  Սուրբ Պատարագի արարողութիւնը՝ Սուրբ Յովսէփի անուան կաթողիկէ աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ։  Օրուան աւարտին Սրբազան Քահանայապետը հանդիպում կ՛ունենայ Ռումանիայի մէջ ծառայող Յիսուսեան Միաբանութեան անդամներուն հետ։  

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

31/05/2019, 10:26