Որոնել

«Միասին Քալենք» կարգախօսով Քահանայապետական առաքելական 30-րդ ճամբորդութիւն։ «Միասին Քալենք» կարգախօսով Քահանայապետական առաքելական 30-րդ ճամբորդութիւն։  

Ռումանիա. «Միասին Քալենք» կարգախօսով Քահանայապետական առաքելական 30-րդ ճամբորդութիւնը։

Ֆրանչիսկոս Պապ երկրորդ Քահանայապետն է որ կ՛այցելէ Ռումանիան

Ռոպէր Աթթարեան- Վատիկան

Յառաջիկայ ուրբաթ 31 Մայիսէն մինչեւ կիրակի 2 յունիս 2019-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը՝  «Միասին Քալենք» նշանաբանով պիտի իրականացնէ Քահանայապետութեան 30-րդ միջազգային ճամբորդութիւնը որ զինք կ՛առաջնորդէ Ռումանիա։

Ունկնդրէ լուրը

Ֆրանչիսկոս Պապ երկրորդ Քահանայապետն է որ կ՛այցելէ Ռումանիան, ճիշտ 20 տարիներ առաջ ՝ 1999ի Մայիս 7-9 , Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետին երկրին տուած այցելութենէն ետք։

Ռումանիան   յաճախ կոչուած է «Աստուածամօր պարտէզ» եւ Ֆրանչիսկոս Պապին վերոնշեալ ճամբորդութիւնը ունի Մարեմեան բնոյթ ու շեշտ. Ան հրաւէր մըն է բոլորին՝ ուժերը միացնելու Սուրբ Կոյսի պահպանող թիկնոցին տակ։

Երեք օր տեւող ճամբորդութեան ընթացքին Քահանայապետը պիտի այցելէ մայրաքաղաք Պուքարէսթը ուր հանդիպումներ պիտի ունենայ Երկրին պատկան իշխանութիւններուն հետ, Օրթոտոքս եկեղեցւոյ պատրիարքին ու սիւնհոդոսի անդամներուն հետ եւ Սուրբ պատարագ պիտի մատուցէ Սուրբ Յովսէփի նուիրուած աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ։

Երկրորդ օրը Նորին Սրբութիւնը կ՛ուղղուի նախ Պաքաու ուր այցելութիւն կը կատարէ «Շումուլէու Չիուչի» Մարեմեան Սրբավայր, այնտեղ մատուցելով Սուրբ պատարագ հուսկ յետմիջօրէն կ՛այցելէ Եաժի ուր կը նախագահէ «Մարեմեան» հանդիպում մը՝ երիտասարդներուն ու ընտանիքներուն մասնակցութեամբ ։

Ճամբորդութեան երրորդ օրը Ֆրանչիսկոս Պապ կ՛այցելէ Ռումանիայի կաթողիկէութեան սիրտը հանդիսացող Պլաժ քաղաքը այնտեղ գլխաւորելով Յոյն Կաթողիկէ եօթը մարտիրոս եպիսկոպոսներու Երանացման արարողութիւնը,  մինչ յետմիջօրէն հանդիպում կ՛ունենայ Պլաժի կաթողիկէ Ռոմ հասարակութեան հետ, որով վերջ կը գտնէ նաեւ Ֆրանչիսկոս Պապին առաքելական ճամբորդութեան պաշտօնական յայտագիրը։

Ռումանիայի Կաթողիկէ Եկեղեցին

Ռումանիայի 20 միլիոն բնակչութեան մեծամասնութիւնը՝ 86 առ հարիւրը օրթոտոքս եկեղեցւոյ պատկան հաւատացեալներ են, մինչ կաթողիկէները կը կազմեն բնակչութեան 7,4 առ հարիւրը. Ռումանիայի մէջ կ՛ապրին 18 փոքրամասնութիւններ։ Կաթողիկէ եկեղեցին ունի 13 եկեղեցական թեմեր, 2031 ժողովրդապետութիւններ, 64 հովուական կեդրոններ, որոնք կառավարուած են 18 եպիսկոպոսներէ, մինչ այնտեղ իրենց ծառայութիւնը կը մատուցեն  2.057 քահանաներ, հազարէ աւելի կրօնաւորուհիներ, աշխարհական կարգի պատկան 200 միսիոնարներ ու 573 կրօնուսոյցներ։ Եկեղեցին կը հովանաւորէ 101 դաստիարակչական կեդրոններ ու բարեգործական եւ ընկերային այլ 179 կեդրոններ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/05/2019, 08:56