Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ մեկնեցաւ Ռումանիա։

Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ քահանայապետի 20 տարիներ առաջ Ռումանիա կատարած պատմական այցելութիւնէն ետք Ֆրանչիսկոս Պապ երկրորդ Քահանայապետն ըլլալով կը վերադառնայ Ռումանիա

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ուրբաթ 31 մայիս 2019-ին առաւօտեան 8.10 անց, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ եւ իրեն ընկերակցող պատուիրակութեան անդամները Հռոմի Ֆիումիչինօ օդակայանէն մեկնեցան դէպի Ռումանիա՝ Քահանայապետական առաքելական միջազգային 30-րդ ճամբորդութեան առթիւ։

Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ քահանայապետի 20 տարիներ առաջ Ռումանիա կատարած պատմական այցելութիւնէն ետք Ֆրանչիսկոս Պապ երկրորդ Քահանայապետն ըլլալով կը վերադառնայ Ռումանիա՝ «միասին քալենք» կարգախօսով համամիութենական ու միասնութեան բնոյթ ունեցող ճամբորդութեամբ։

Երկու ժամ տեւող ճանապարհորդութենէ մը ետք Նորին Սրբութիւնը փոխադրող  օդանաւը վայրէջք կը կատարէ Պուխարեսթի միջազգային օդակայան ուր Սրբազան Հայրը  կը դիմաւորէ Ռումանիայի հանրապետութեան նախագահ Տիար Քլաուս Վերներ Եոհաննիսի կողմէ ի ներկայութեան  քաղաքական եւ եկեղեցական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններու։

Օդակայանի մէջ կայացած Փրոթոքոլային պաշտօնական հիւրընկալութենէն ետք Ֆրանչիսկոս Պապ կը փոխադրուի Պուխարեսթի նախագահական Պալատ բարի գալուստի պաշտօնական արարողութեան համար։ 

Հռոմէն չի մեկնած սովորութեան համաձայն Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հինգշաբթի 30 մայիսի երեկոյեան այցելեց Սանթա Մարիա Մաճճորէ՝ Աւագ Տիրամօր նուիրուած տաճար ու պազիլիքայի Սալուս Փոփուլի Ռոմանի մատրան մէջ Տիրամօր սրբապատկերին առջեւ զետեղեց ծաղկեփունջ մը ու ամփոփուեցաւ աղօթքի մէջ Սուրբ Կոյս Մարիամի հովանիին տակ դնելով սոյն ճամբորդութիւնը։

Յայտնենք թէ Վատիկանէն չի մեկնած Ֆրանչիսկոս Պապ Տոմուս Սանթա Մարթայի մուտքին հանդիպում ունեցաւ Հռոմի մէջ ապրող 15  Ռումանացի տնանկներուն հետ։

Քահանայապետական առաքելական ճամբորդութիւն Ռումանիա

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

31/05/2019, 08:20