Որոնել

Հրապարակային ունկնդրութիւն Հրապարակային ունկնդրութիւն 

Քահանայապետը սկիզբ տուաւ «Գործք առաքելոց» գիրքի մասին մտածականներու նոր շարքին։

«Առաքեալներու գործերու դերակատարները արդարեւ Խօսքն ու Սուրբ Հոգին են»։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Աւարտելէ ետք չորեքշաբթի օրուայ ընդհանուր ունկնդրութիւններու «Հայր մեր» աղօթքի մասին խորհրդածութիւններու շարքը, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը չորեքշաբթի 29 մայիս 2019ին, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ գլխաւորած հրապարակին ընդհանուր ունկնդրութեան առթիւ սկիզբ տուաւ «Գործք առաքելոցի» գիրքին հայող մտածականներու նոր շարքին։

Ունկնդրէ լուրը

«Սուրբ Ղուկաս աւետարանիչի ձեռքով գրուած այս աստուածաշնչական գիրքը, մեզի կը խօսի աշխարհի մէջ Աւետարանի ճանապարհորդութեան մասին ու մեզի ցոյց կու տայ զօդը ընդմէջ Աստուծոյ Խօսքին եւ Սուրբ Հոգւոյն որ զարկ կու տայ աւետարանումի ժամանակաշրջանին։ Առաքեալներու գործերու դերակատարները արդարեւ Խօսքն ու Սուրբ Հոգին են», ըսաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը անդրադարձ կատարելով Սաղմոսերգուի խօսքին ուր նշուած է թէ Աստուած երկիր ուղարկեց իր պատգամը. Անոր խօսքը արագ կ՛ընթանայ։

«Սուրբ Ղուկաս մեզի կ՛ըսէ որ մարդկային խօսքը արդիւնաւէտ կը դառնայ շնորհիւ Սուրբ Հոգւոյն որ Աստուծոյ ուժականութիւնն  է եւ անոր զօրութիւնը որ կարողութիւն ունի բիւրեղացնելու խօսքը ու զայն դարձնելու կեանք կրող խօսք» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ապա նշեց որ Աւետարանը կ՛եզրափակուի Յիսուսի Յարութեամբ եւ համբարձումով ու Գործք առաքելոցի պատմական դրուագը կը մեկնարկէ ճիշդ այնտեղէն՝ այսինքն Յարուցեալի կեանքի առատութենէն որ կը փոխանցուի Եկեղեցւոյ։

Սուրբ Ղուկաս կը գրէ «Նաեւ ինքզինք ողջ ցոյց տուաւ անոնց իր չարչարանքներէն ետք՝ շատ ապացոյցներով, քառասուն օր տեսնուելով անոնցմէ եւ խօսելով Աստուծոյ թագաւորութեան մասին:  Անոնց հետ եղած ատեն հրամայեց անոնց՝ որ Երուսաղէմէն չհեռանան, հապա սպասեն Հօրը խոստումին՝ «որ ինձմէ լսեցիք», ըսաւ «որովհետեւ իրաւ է թէ Յովհաննէս մկրտեց ջուրով, բայց դուք՝ շատ օրեր չանցած՝ պիտի մկրտուիք Սուրբ Հոգիո՛վ» (Առաքեալներու Գործեր 1, 3-4 ):

Սուրբ Հոգիով մկրտութիւնը այն փորձառութիւնն է որ մեզի թոյլ կու տայ մտնելու Աստուծոյ հետ անձնական հաղորդութեան մէջ ու մասնակցելու Անոր փրկարար տիեզերական կամքին։

« Յիսուս՝ իր աշակերտներուն պարգեւած Սուրբ Հոգիին խոստումով զանոնք կը հրաւիրէ անձկութեան մէջ չ՛ապրիլ ու գիտնալ սպասել Աստուծոյ քայլերը, սպասել որ Հայրը սրտերը ոգեւորէ իր Հոգիով, որպէսզի կարողանան ներգրաւուիլ միսիոներական վկայութեան ուղիով որ կարող է շրջանցել սահմաններ ու հասնիլ մինչեւ աշխարհի արուարձանները» յարեց Սրբազան Պապը  դիտել տալով որ աշակերտները այս սպասումը կ՛ապրին միասին, որպէս Տիրոջ ընտանիք, վերնատան մէջ ու այդ սպասումը կ՛ապրին յարատեւողական աղօթքով, ընդգծեց  Ֆրանչիսկոս Պապ  հաստատելով որ աղօթքով է որ կարելի է յաղթահարել մինակութիւնը, փորձութիւնն ու տարակոյսը ու անով է որ կարելի է սիրտը բանալ հաղորդութեան։

Այդ վերնատան մէջ կիներու եւ Յիսուսին մօր՝ Մարիամի ներկայութիւնը աւելիով կը խորացնէ այդ փորձառութիւնը՝ անոնք առաջինները եղան որոնք Վարդապետէն սորվեցան վկայել սիրոյ հաւատարմութիւնը ու հաղորդութեան զօրութիւնը որ կը յաղթէ որեւէ վախ։

«Մենք ալ Տիրոջմէն հայցենք սպասելու համբերութեան շնորհքը, մնանք խոնարհ աղօթքի մէջ հայցելով Սուրբ Հոգին ու մշակելով եկեղեցական հաղորդութեան արուեստը» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը եզրափակելով խորհրդածութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/05/2019, 09:35