Հրապարակային ունկնդրութիւն Հրապարակային ունկնդրութիւն 

Հրապարակային ունկնդրութեան խորհրդածութեան առանցքը կազմեց առաքելական վերջին ճամբորդութիւնը։

Անցեալ օրերուն Սրբազան Քահանայապետը այցելեց Պուլկարիան եւ Հիւսիսային Մակեդոնիան։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի 8 մայիս 2019-ի առաւօտուն, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ գլխաւորեց, չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնը, որուն առթիւ ներկայացուցած աւանդական խորհրդածութեան ընթացքին խօսեցաւ առաքելական վերջին ճամբորդութեան մասին։

Ունկնդրէ լուրը

«Երէկ երեկոյեան վերադարձայ երեք օր տեւող առաքելական ճամբորդութենէ մը, որ զիս առաջնորդեց Պուլկարիա եւ Հիւսիսային Մակեդոնիա։ Գոհաբանութիւն կը մատուցեմ Աստուծոյ որ ինծի առիթ ընծայեց կատարելու այս այցելութիւնները, որոնց համար շնորհակալութիւն կը յայտնեմ այդ երկու երկիրներու քաղաքացիական իշխանութիւններուն, որոնք զիս ընկալեցին մեծ տրամադրութեամբ ու սիրով» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, շնորհակալութիւն յայտնելով նաեւ Եպիսկոպոսներուն ու տեղական եկեղեցական հասարակութիւններուն։

«Պուլկարիայի այցելութեան ընթացքին, ինծի առաջնորդ հանդիսացաւ Սուրբ Յովհաննէս ԻԳ Պապը, որ այնտեղ ծառայեց որպէս այցելու ապա առաքելական նուիրակ» յարեց ապա Նորին Սրբութիւնը նշելով թէ անոր բարութեան օրինակին հետեւելով է որ հանդիպեցաւ Պուլկարիայի ժողովուրդին «Խաղաղութիւն երկրի վրայ» նշանաբանով, զանոնք հրաւիրելով քալելու եղբայրութեան ուղիին վրայ, ու Ճիշդ այդ ուղիով հանդիպեցաւ նաեւ՝ Պուլկարիայի օրթոտոքս եկեղեցւոյ պատրիարք Նէոֆիթին ու սիւնհոդոսի անդամներուն»։

Սրբազան Քահանայապետը ակնարկեց նաեւ Սոֆիայի Պատրիարքական աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ Սուրբ Կիւրեղ եւ Սուրբ Մեթոտիոս եղբայրներու սրբապատկերին առջեւ մատուցած աղօթքին ու այդ սուրբերու առաքելութեան, հաստատելով՝ թէ այսօր եւս կարիքը ունինք անոնց նման ստեղծագործ աւետարանողներու, որպէսզի աւետարանը հասանելի դառնայ նաեւ անոնց որոնք տակաւին չեն ճանչնար զայն։

Սրբազան Պապը մատնանշեց Պուլկարիայի մէջ կաթողիկէ հասարակութեան հետ հանդիպումին ու տարբեր կրօններու հետ խաղաղութեան նուիրուած աղօթքին, որով, ըսաւ Ան, բոլորս միասին Աստուծմէ հայցեցինք խաղաղութեան պարգեւը, մինչ խումբ մը մանուկներ իրենց ձեռքերուն մէջ բռնած էին վառած ջահեր որպէս յոյսի եւ հաւատքի խորհրդանիշ։

Քահանայապետը հուսկ խօսեցաւ Հիւսիսային Մակեդոնիայի այցելութեան մասին «որուն առանցքը կազմեց Կալկաթայի մայր Թերեզայի հոգեւոր ներկայութիւնը» ըսաւ Ան։ Այս փոքրիկ, սակայն Սուրբ Հոգիի շնորհքի ուժով օժտուած  կնոջ մէջ, կարելի է տեսնել այդ երկրի եկեղեցւոյ համապատկերը։ Քրիստոսի օրհնութեամբ փոքրիկ հասարակութիւն մը, որ կը դառնայ հիւրընկալ, ուր շատեր կը գտնեն կեանքի յագեցում։

«Հիւսիսային Մակեդոնիան անկախ դարձած է 1991-ին ու Սուրբ Աթոռը միշտ ալ թիկունք կանգնած է անոր», ըսաւ Սրբազան Պապը, նշելով թէ այս ճամբորդութեամբ ինք ուզեց քաջալերել անոր տարբեր կրօններու ու ցեղերու հիւրընկալութեան կարողութիւնը, ինչպէս նաեւ անոր գաղթականներ ու փախստականներ  հիւրընկալելու  յանձնառումը։ 

«Երիտասարդ երկիր մը որ կարիքը ունի բացուելու նոր հորիզոններու, առանց սակայն կորսնցնելու իր արմատները, ասոր համար ալ յատկանշական էր որ ճիշդ այնտեղ կայանար երիտասարդներուն հետ հանդիպումը։ Տարբեր կրօններու ու յարանուանութիւններու պատկան երիտասարդներ, բոլորն ալ միատեղուած նոյն իղձով.գեղեցիկ բան մը կառուցել կեանքին մէջ։

«Զանոնք քաջալերեցի ձգտելու մեծ երազներու ու նաեւ կեանքը վտանգելու՝ ինչպէս ըրաւ երիտասարդ Ակնեսը – ապագայի Մայր Թերեզան – անսալով Աստուծոյ ձայնին, որ կը խօսի աղօթքի ու կարիքաւոր եղբօր միջոցաւ։

Երիտասարդներուն վկայութիւններէն զատ Սքոփիէի մէջ ունկնդրեցի քահանաներու ու նուիրեալ անձերու վկայութիւնները։ Մարդիկ ու կիներ որոնք իրենց կեանքը նուիրեցին Քրիստոսի։ Անոնց յիշեցուցի թէ քիչ մը թթխմոր կարող է աճեցնել բոլոր խմորը,  ու թէ քիչ մը բուրմունք՝ բոլոր միջավայրին կու տայ անոյշ բոյր։

Եւրոպայի արուարձանը գտնուող Սքոփիէի մէջ մատուցած սուրբ պատարագս, անգամ մը եւս նորոգեց Աստուծոյ հրաշքը, բազմապատկելով մեր մի քանի հացերն ու ձուկերը, որոնք բեկանուած ու բաժնեկցուած, բազմաթիւ անձերուն անօթութիւնը կը յագեցնեն։

Աստուծոյ անվերջ նախախնամութեան կը յանձնեմ այս ճամբորդութեանս  ընթացքին այցելած ժողովուրդներուն ներկան ու ապագան – ըսաւ Նորին Սրբութիւնը բոլոր ներկաները հրաւիրելով միասին աղօթել «Ողջոյն Քեզ Մարիամ» աղօթքը։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/05/2019, 09:50