Հրապարակային ունկնդրութիւն Հրապարակային ունկնդրութիւն 

«Ուր որ ալ ըլլաս, աղօթէ Հօրդ» 22 Մայիսի հրապարակային ունկնդրութեան խորհրդածութիւնը։

Խաւարին մէջ Յիսուս կը հայցէ Աստուծոյ օգնութիւնը զայն կոչելով Աբբա, Հայր ու նոյնիսկ անձկութեան մէջ կը խնդրէ որ կատարուի Անոր կամքը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի 22 մայիս 2019-ի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ գլխաւորած հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան ընթացքին, հրապարակ համախմբուած հաւատացեալներուն ներկայացուցած խորհրդածութիւնը դարձեալ կեդրոնացուց՝ Հայր մեր աղօթքին վրայ։

Ունկնդրէ լուրը

«Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, բարիլոյս, այսօր կ՛աւարտենք «Հայր Մեր» աղօթքի մասին խորհրդածութիւններու շարքը» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը հաստատելով որ Քրիստոնէական այդ աղօթքը կը ծնի զԱստուած Հայր կոչելու յանդգնութենէն, որով Յիսուս մեզի «որդիութեան»  շնորհքը կը պարգեւէ։

«Եթէ ուշադրութեամբ կարդանք Աւետարանը պիտի տեսնենք թէ Յիսուսին շրթունքներէն բխող աղօթքի արտայայտութիւնները կը վերակոչեն «Հայր Մեր» աղօթքի պարունակութիւնը» յարեց ապա Նորին Սրբութիւն ակնարկելով թէ ինչպէս Յիսուս՝ Գեթսէմանիի պարտէզին մէջ աղօթեց. «Աբբա՛ Հայր հեռացուր ինձմէ այս բաժակը, բայց ոչ թէ իմ կամքս այլ քու կամքդ թող ըլլայ (Մարկոս 14, 36)։

Խաւարին մէջ Յիսուս կը հայցէ Աստուծոյ օգնութիւնը զայն կոչելով Աբբա, Հայր ու նոյնիսկ անձկութեան մէջ կը խնդրէ որ կատարուի Անոր կամքը։

Աւետարանի այլ հատուածներու մէջ Յիսուս աշակերտներէն կը խնդրէ աղօթքի հոգի մշակել։ «Երբ աղօթէք եւ մէկու մը դէմ ոխ ունիք, ներեցէք անոր, որպէս զի երկնաւոր Հայրն ալ ներէ ձեզի ձեր յանցանքները» (Մարկոս 11, 25).

«Ղուկասի աւետարանին մէջ Յիսուս աշակերտներուն խնդրանքին համապատասխանելով անոնց կը սորվեցնէ Հայր Մեր աղօթքը» ըսաւ ապա Ֆրանչիսկոս Պապ դիտել տալով որ  Քրիստոնէական ամէն մէկ աղօթքին առաջին դերակատարը Սուրբ Հոգին է։ Ան է որ իր շունչը կը դնէ աշակերտի սրտին մէջ։ Հոգին Սուրբ մեզ կը դարձնէ կարող աղօթելու որպէս Աստուծոյ զաւակներ։

Յիսուս եւս այդպէս աղօթեց։ Անոր մեզի մեղաւորներուս վերապահուած սէրը, Զայն առաջնորդեց  մինչեւ Խաչ, մինչեւ այն աստիճան որ Ան փորձարկեց Աստուծոյ լքումը, թէեւ Աստուած որ Հայր է ոչ մէկը կը թողու իր ճակատագրին։

«Աստուած իմ Աստուած իմ ինչու լքեցիր զիս» անձկութեան այդ աղօթքին մէջ ի յայտ կու գայ Յիսուսին Հօր հետ յարաբերութեան կորիզը որ է նաեւ աղօթքի ու հաւատքի կորիզ» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը հաստատելով որ «այն կորիզէն մեկնելով է որ քրիստոնեան  կարող է աղօթել որեւէ կացութեան մէջ» ու հրաւէր ուղղեց երբեք չի դադրելու Հօր ներկայացնելու մեր մարդկութեան մէջ եղբայրներն ու քոյրերը, որպէսզի անոնցմէ եւ ոչ մէկը մնայ առանց սփոփանքի կամ սիրոյ։

Սոյն խորհրդածութեան աւարտին, կարող ենք Յիսուսին աղօթքը կրկնել «Օրհնեալ ըլլաս Հայր, Տէր երկնքի եւ երկրի, որովհետեւ այս բաները ծածկեցիր իմաստուններուն ու գիտուններուն եւ յայտնեցիր մանուկներուն« (Ղուկաս 10, 21) ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակելով խորհրդածութիւնը: 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/05/2019, 09:41