Որոնել

Հրապարակային ունկնդրութիւն Հրապարակային ունկնդրութիւն 

«Այլ փրկէ մեզ չարէն» Ֆրանչիսկոս Պապին հրապարակային ընդհանուր, ունկնդրութեան խորհրդածութիւնը։

Յիսուսին աղօթքը մեզի կը թողու ամենաթանկարժէք ժառանգութիւնը. Աստուծոյ Որդոյն ներկայութիւնը, որ մեզ ազատեց չարէն, անոր դէմ պայքարելով

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Չորեքշաբթի 15 մայիս 2019-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը՝ Հրապարակային ունկնդրութիւն շնորհեց  Սուրբ Պետրոսի հրապարակին  վրայ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներուն ու այս առթիւ անոնց ներկայացուցած խորհրդածութիւնը դարձեալ կեդրոնացուց Հայր մեր աղօթքին վրայ։

Ունկնդրէ լուրը

«Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, բարի լոյս, ահաւասիկ հասանք Հայր մեր Աղօթքի եօթներորդ աղերսին «Այլ փրկէ  մեզ չարէն» (Մատթ. 6, 13)» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, սկիզբ տալով խորհրդածութեան ու հաստատելով թէ այս արտայայտութեամբ, ան որ կ՛աղօթէ, ոչ միայն կը հայցէ փորձութեան պահուն Աստուծոյ աջակցութիւնը ունենալ, այլ կ՛աղերսէ նաեւ որ չարէն ազատի։

Յիսուս կը սորվեցնէ Հօր ուղղուած աղերսանքը դնել ամէն բանէ առաջ ու յատկապէս դժուար պահերուն, երբ չարը զգալ կու տայ իր սպառնացող ներկայութիւնը։ «Քրիստոնէական աղօթքը արդարեւ աչքերը չի փակեր կեանքին դիմաց՝ ան որդիական աղօթք է, սակայն ոչ մանկական» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը։

Աղօթող հաւատացեալը կոյր չէ, յստակօրէն կը տեսնէ թէ չարը կը սպառնայ ու հակառակ է նոյնինքն Աստուծոյ խորհուրդին։

Աղօթքին վերջին այս աղերսը արձակուած է չարին դէմ, որ իր հովանիին ներքոյ կը պահպանէ ամենատարբեր փորձութիւնները, մարդուն ողբերը, ցաւերը, ստրկութիւնը, ուրիշին չարաշահումը, անմեղ մանուկներուն լացը։«Բոլոր այս երեւոյթները բողոք կը դառնան մարդուն սրտին մէջ ու կը ներփակուին Յիսուսին աղօթքին վերջին աղերսին մէջ» յարեց Սրբազան Պապը մատնանշելով որ Յիսուս իր չարչարանքներուն ընթացքին փորձարկեց չարին վէրքերը. «Աբբա Հայր։ Հեռացուր ինձմէ այս բաժակը, սակայն ոչ իմ կեանքս այլ քու կամքդ թող ըլլայ»։  Ան կը փորձարկէ ոչ միայն մահը, այլ մահը խաչին վրայ։ Ոչ միայն առանձնութիւնը, այլ նաեւ արհամարհանքը…Ահա թէ ինչ է մարդը՝ էակ մը  նուիրուած կեանքին, որ սակայն անընդհատ թիրախ է չարին։

Քրիստոնեան գիտէ չարին զօրութիւնը ու միեւնոյն ատեն ան կ՛ապրի Յիսուսին փորձառութիւնը, որ երբեք չի համակերպեցաւ  կամ խաբուեցաւ անոր հրապոյրներէն, ու կը մնայ միշտ մեր մօտ, մեզի օգնելու համար։

«Յիսուսին աղօթքը մեզի կը թողու ամենաթանկարժէք ժառանգութիւնը. Աստուծոյ Որդոյն ներկայութիւնը, որ մեզ ազատեց չարէն, անոր դէմ պայքարելով, զայն դարձի բերելու համար» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը,  հաստատելով որ Յիսուսին՝ «Հայր ներէ անոնց որովհետեւ չեն գիտեր թէ ինչ կ՛ընեն», ներումի խօսքերէն է որ  յառաջ կու գայ խաղաղութիւնը, որ Յարուցեալին պարգեւն է, ու աւելի հզօր է որեւէ չարէն. Այս է ահա մեր յոյսը։

Խորհրդածութեան աւարտին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը զանազան լեզուներով ողջոյնի խօսքեր ուղղեց հրապարակը համախմբուած հաւատացեալներուն, յատուկէն ողջունելով նաեւ երիտասարդները, տարեցները, հիւանդները ու նորապսակները։ Այս Տիրամօր նուիրուած Մայիս ամսուայ ընթացքին ձեզ կը հրաւիրեմ Անոր նմանելու ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը եղէք քաջ ու կարող ձեր սիրտը բանալու Աստուծոյ  ու եղբայրներուն, որպէսզի ըլլաք ողորմութեան ու Աստուծոյ քնքշութեան վկաները։  

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/05/2019, 10:00