Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ ինքնաշարժ կը հրաւիրէ գաղթական մանուկները Ֆրանչիսկոս Պապ ինքնաշարժ կը հրաւիրէ գաղթական մանուկները 

Հրապարակային ունկնդրութեան ընթացքին Լիպիացի Մանուկներ «Փափա Մոպիլէ»ին վրայ

Մանուկները ՝ Սուրիայէն, Նիճերիայէն եւ Քոնկոյէն ժամանած են։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի ժամանակաւոր տնօրէն Տիար Ալեսսանտրօ Ճիզոթթիի հրապարակած հաղորդագրութեան մը հիման վրայ կը տեղեկացուի թէ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, չորեքշաբթի 15 մայիսի հրապարակային ունկնդրութեան սկիզբը, նախ քան «Papa Mobile»՝ քահանայապետական ինքնաշարժով հրապարակին շրջանը կատարելը, ինքնաշարժ հրաւիրեց անցեալ 29 ապրիլին  «մարդասիրական միջանցքներ» ծրագիրով ապա փոքրիկ մէկ նաւակով, Լիպիայէն Իտալիա ժամանած, 8 մանուկներ։

«Տարբեր ազգութիւններու պատկան սոյն մանուկները – Սուրիայէն, Նիճերիայէն եւ Քոնկոյէն –իրենց ընտանեկան պարագաներուն հետ միասին  առժամեայ կերպով հիւրընկալուած են  «Ռոքքա Տի Փափա» գիւղաքաղաքի «Մոնտօ Միլիորէ» կեդրոնին մէջ «Auxilium» բարեսիրական ընկերակցութեան հովանիին տակ» կը կարդանք միշտ վերոնշեալ հաղորդագրութեան մէջ

Ունկնդրէ լուրը

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/05/2019, 10:33