Հրապարակային ունկնդրութիւն Հրապարակային ունկնդրութիւն 

«Մի տանիր զմեզ ի փորձութիւն» Հրապարակային ունկնդրութեան խորհրդածութիւնը։

Հեռու պահէ մեզմէ ով Աստուած, փորձութեան եւ անձկութեան պահերը:

Ձեզի պատահած չէ փորձութիւն մը՝ որ մարդկային չըլլայ. բայց Աստուած հաւատարիմ է, եւ պիտի չթոյլատրէ որ փորձուիք ձեր կարողութենէն աւելի, հապա փորձութեան հետ ելք մըն ալ պիտի տայ, որպէսզի կարենաք կրել: (Ա Կորընթացի - 10, 13):

Ունկնդրէ լուրը

Չորեքշաբթի մէկ մայիս 2019-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Պապ Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ գլխաւորեց հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւնը որուն առթիւ ներկայացուց աւանդական խորհրդածութիւնը շարունակելով խօսիլ ու մեկնաբանել «Հայր մեր» աղօթքը։

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր բարի լոյս, կը շարունակենք «Հայր մեր»ի մասին մեր խորհրդածութիւնները ու կը հասնինք նախավերջին աղերսին «մի տանիր զմեզ ի փորձութիւն» ըսաւ Սրբազան Պապը սկիզբ տալով խորհրդածութեան։

«Հայր մեր» աղօթքը կը սկսի անդորր կերպով, մեր մէջ իղձ կը յարուցէ որ Աստուծոյ մեծ ծրագիրը պիտի իրականանայ մեր մէջ։ Ապա հայեացքը կ՛ուղղէ կեանքին վրայ ու մեզի խնդրել կու տայ առօրեայի կարիքը՝ հացը։ Աղօթքը ապա կը մղուի մեր միջանձնական յարաբերութիւններուն, որոնք յաճախ ապականած են  եսասիրութենէն, որուն համար ներում կը հայցենք ու յանձնառու կ՛ըլլանք այդ ներումը շնորհելու։ Եւ ահա այս վերջընթեր աղերսով է որ մեր Երկնային Հօր հետ յարաբերութիւնը մուտք կը գործէ ողբերգական հանգրուանի մէջ, այսինքն մեր ազատութեան ու չարին սպառնալիքներուն միջեւ համեմատութեան ու պայքարի դաշտ։

Ինչպէս յայտնի է դժուար է լաւ թարգմանել Աւետարաններու մէջ գտնուող Յունական բնագիրի արտայայտութիւնը, բայց եւ այնպէս հարկաւոր է նաեւ  միաձայնութեամբ ընդունիլ թէ մարդու ուղեւորութեան ընթացքին փորձութիւններու դերակատարը Աստուած չի կրնար ըլլալ, կարծես թէ Ան ուզէր իր զաւակներուն թակարդ լարել։ Յակոբ առաքեալի նամակին մէջ արդարեւ կը կարդանք «ոչ մին երբ փորձութեան մէջ է թող ըսէ «Աստուած զիս փորձեց» որովհետեւ Աստուած չարէն չի փորձուիր ու ոչ  մէկը կը փորձէ»։ Մի գուցէ հակառակը ըլլայ՝ Աստուած չարին հեղինակը չէ եւ ոչ մէկ զաւակ որ Հօրմէն ձուկ կը պահանջէ, օձ կ՛ընդունի հօրմէն (Ղուկաս 11,11)։

Երբ չարը մուտք կը գործէ մարդու կեանքին մէջ Աստուած անոր կողքին կը պայքարի անոր դէմ, որպէսզի մարդը ազատի մեղքէն եւ այս իմաստով է որ մենք կ՛աղօթենք Հայր մերը, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը հաստատելով որ «Նոյնիսկ ամենավատ անձկութեան ժամանակ Աստուած մեզ միայնակ չի թողուր» ապա ակնարկեց Յիսուսին անձկութեան՝ գեթսէմանիի պարտէզին մէջ, երբ իր աշակերտներէն կը խնդրէ որ իր հետ մնան ու հսկեն, սակայն անոնք քունի մէջ կը մտնեն։  Տառապանքի պահուն Աստուած մարդոցմէ կը խնդրէ որ զինք չի լքեն, մարդը սակայն կը քնանայ, մինչ երբ մարդը կ՛ապրի այդ տառապանքի պահը Աստուած կը հսկէ – ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ դիտել տալով որ «Աստուած կ՛իջնէ մեզ այցելելու պատմութեան անդունդներուն ու ցաւերուն մէջ ու այդ անձկութեան պահուն մեր մխիթարութիւնն է իմանալ թէ այդ հովիտը որտեղէն մեզմէ առաջ անցաւ Յիսուս, այլեւս ամայի վայր մը չէ, այլ օրհնուած է Աստուածորդոյն ներկայութեամբ։ Ան երբեք մեզ միայնակ չի թողուր»։

«Հեռու պահէ մեզմէ ով Աստուած, փորձութեան եւ անձկութեան պահերը։ Ու Երբ հասնի մեզի համար ժամանակը, մեզի ցոյց տուր թէ միայնակ չենք ու թէ Քրիստոս իր վրայ առաւ նաեւ այդ խաչին ծանրութիւնը ու մեզ կը կոչէ զայն շալկելու Իր հետ, մենք մեզ ամբողջութեամբ յանձնելով Հօր Աստուծոյ վստահելի սիրոյն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/05/2019, 10:11