Սուրբ Յովսէփ աշխատաւոր Սուրբ Յովսէփ աշխատաւոր  

Սուրբ Յովսէփ աշխատաւոր բարեխօսէ մեզի համար։

Սուրբ Յովսէփին տիպարը, Նազարէթի խոնարհ աշխատաւորը, առաջնորդէ մեզ դէպի Քրիստոս,
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի մէկ մայիս 2019-ի առաւօտեան Վատիկանի Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ նախագահած չորեքշաբթի օրուայ ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին, ֆրանչիսկոս Պապ զանազան լեզուներով ողջունելէ ետք տարբեր երկիրներէ հրապարակ ժամանած ուխտաւորները յատուկ ողջոյնի խօսք ուղղեց երիտասարդներուն, տարեցներուն, հիւանդներուն եւ նորապսակներուն ըսելով. “Այսօր կը տօնենք տիեզերական եկեղեցւոյ պաշտպան` Սուրբ Յովսէփ աշխատաւորի ծիսական տօնը։ Սուրբ Յովսէփին տիպարը, Նազարէթի խոնարհ աշխատաւորը, առաջնորդէ մեզ դէպի Քրիստոս, թիկունք կանգնի անոնց որոնք այս աշխարին մէջ բարիք կը կատարեն ու բարեխօսէ անոնց որոնք կորսնցուցին իրենց սեփական աշխատանքը ու տակաւին նորը չի գտան»։«Աղօթենք յատկապէս աշխատազուրկերուն համար» ըսաւ Սրբազան Պապը եւ աւելցուց «Այս մէկը համաշխարհային ողբերգութիւն մըն է»։

Նշենք թէ Սուրբ Յովսէփ աշխատաւորի տօնը հաստատուած է Պիոս ԺԲ քահանայապետի կողմէ 1955-ի մայիս մէկին որպէս սատար  աշխատաւորներուն չի կորսնցուելու համար աշխատանքի քրիստոնեայ իմաստը։ Թէեւ Պիոս Թ քահանայապետը առաջիններէն եղաւ որ ճանչցաւ Սուրբ Յովսէփը որպէս աշխատաւոր զայն հռչակելով Եկեղեցւոյ Տիեզերական պաշտպան սուրբ։  Յովհաննէս Պօղոս Բ հուսկ աշխատանքը նկատեց որպէս յաւիտենական փրկութեան միջոց իր «Laborem Exercens» առաքելական նամակին մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/05/2019, 10:16