Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Ռումանիայի Օրթոտոքս Պատրիարք Դանիէլ Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Ռումանիայի Օրթոտոքս Պատրիարք Դանիէլ 

Տէրունական աղօթք Պուխարեսթի Օրթոտոքս աթոռանիստ նորակառոյց եկեղեցւոյ մէջ։

Օգնէ ով Հայր, ու քաջալերէ աջակցութիւն գտնելու այն եղբօր մէջ, որ դուն զետեղեցիր մեր մօտ, միասին քալելու համար դէպի Քեզ ու քաջութիւնը ունենալու միասնաբար ըսելու «Հայր Մեր»։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ռումանիա կատարած առաքելական ճամբորդութեան ծիրէն ներս, 31 մայիսի յետմիջօրէին Ֆրանչիսկոս Պապ այցելեց Պուխարեսթի «Ժողովուրդներու Փրկութիւն» անուամբ Օրթոտոքսներու աթոռանիստ նորակառոյց Եկեղեցին, որուն բացումը կատարուած է 2018-ին նոյեմբերին, ձեռամբ Ռումանիայի պատրիարք Դանիէլի եւ Կ.Պոլսոյ տիեզերական պատրիարք՝ Բարթողոմէոս Ա-ի։

Ունկնդրէ լուրը

Եկեղեցւոյ ու անոր շուրջ ծրագրուած այլ կառոյցներու շինարարական աշխատանքներու աւարտը, որոնց շարքին է նաեւ հիւանդանոց մը, նախատեսուած է  2024-ին։

Եկեղեցին կարող է ընդունիլ հինգ հազարէ աւելի հաւատացեալներ ու անոր կառուցման աշխատանքներու ֆինանսաւորումի 70 առ հարիւրը հոգած է Ռումանիայի կառավարութիւնը։

Յայտնենք թէ 1999-ին Ռումանիա կատարած առաքելական այցելութեան ընթացքին Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետը՝ 200 հազար տոլարի նուիրատուութիւն ըրած էր վերոնշեալ Եկեղեցւոյ շինարարական գործերուն համար։

Աթոռանիստ Եկեղեցի ժամանելուն Նորին Սրբութիւնը մուտքին դիմաւորուեցաւ Դանիէլ Պատրիարքի կողմէ ու միասին մուտք գործեցին եկեղեցի ուր Դանիէլ Պատրիարքի ողջոյնի խօսքէն ետք երախտագիտական խօսք արտասանեց նաեւ Ֆրանչիսկոս Պապը որուն յաջորդեցին Լատիներէն ու Ռումաներէն լեզուով Տէրունական աղօթք ու երկու եկեղեցիներու Զատկական շարականներ։

Այս առթիւ արտասանած խօսքին մէջ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ակնարկով երկու եղբայրներ՝ Պետրոս եւ Անդրէաս առաքեալներու «մարդերու ձկնորս» դառնալու կոչումին,  նշեց որ «այսօր մենք եւս կ՛ուզենք միասին Երկրին սրտին մէջ նետել «Հայր մեր աղօթքի» միասնական ուռկանները, որուն մէջ պարունակուած է մեր զաւակներու ինքնութիւնը ու այսօր յատկապէս եղբայրներու ինքնութիւնը, որոնք կ՛աղօթեն մէկը միւսին կողքին» յարեց Սրբազան Պապը խնդրելով Աստուծմէ որ մեզ օգնէ լուրջի առնելու եղբօր կեանքը ու մերը ընելու անոր պատմութիւնը։

«Օգնէ մեզ Տէր եղբայրը չի քննադատելու այլ զայն ընկալելու որպէս Քու զաւակդ։  Քեզմէ կը խնդրենք համախոհութիւնը զոր չի գիտցանք պահպանել երկրի վրայ, ու այդ կը խնդրենք հաւատքի մէջ բազմաթիւ եղբայրներու եւ քոյրերու բարեխօսութեամբ, որոնք այժմ միասին կը բնակին Քու Երկնքիդ մէջ» ըսաւ Սրբազան Պապը ու կրկնելով Հայր մեր աղօթքի խօսքերը աղերս ուղղեց առ Ամեկանակլը ի մէջ այլոց ըսելով.

«Մենք եւս կ՛ուզենք սրբացնել անունդ, զայն դնելով մեր բոլոր զբաղումներու կեդրոն։  Մենք կը սպասենք ու կը հայցենք Քու թագաւորութեանդ գալուստը, ու զայն  կը խնդրենք որովհետեւ ականատես ենք աշխարհի տրամաբանութեան որ կը մտի դրամի, շահերու եւ իշխանութեան ուժաբանութիւններու։ Օգնէ մեզ Հայր հաւատալու մեր արտասանած աղօթքին ու հրաժարելու իշխանութեան հանգստաւէտ ապահովութիւններէն, աշխարհի խաբուսիկ հրապուրանքներէ, ու մենք մեզ ինքնաբաւ նկատելու  կանխավարկածութիւնէն, ու երեւոյթները խնամելու կեղծաւորութենէ։

Թող ըլլայ քու կամքդ եւ ոչ թէ մերը. Մեզ օգնէ Հայր՝ Սուրբ Հոգւոյն շնորհքներով Աւետարանը տանելու աշխարհի բոլոր անկիւնները։

Տուր մեզի հանապազօրեայ հացը՝ Կեանքի հացը որ մեզ սիրուած կը զգացնէ ու մեզ կը կշատցնէ ամէն տեսակ որբութենէ ու միակութենէ։ Տէրը ծառայութեան հացն է որ բեկանուած է՝ մեր ծառան դառնալու համար ու մեզմէ կը խնդրէ որ իրարու ծառայենք փոխադարձաբար։ Հայր մինչ մեզի կը պարգեւէս առօրեայ հացը քեզմէ կը խնդրենք նաեւ յիշողութեան հացը, ու շնորհքը՝ ամրապնդելու մեր քրիստոնէական ինքնութեան միասնական արմատները։ Անհրաժեշտ արմատներ ժամանակահատուածի մը ընթացքին ուր մարդկութիւնը ու նոր սերունդները մասնաւորապէս, իրենք զիրենք արմատախիլ եղած կը զգան, ի տես հեղուկ իրավիճակներու որոնք անկարող են հիմք դնել կեանքին։  Հացը որ կը հայցենք մեզ ներշնչէ ըլլալու հաղորդութեան համբերատար մշակներ, որոնք չեն յոգնիր միութեան սերմերուն ծիլ տալու, խմորեցնելու բարին, ու միշտ գործելու եղբօր կողքին, հաշտուած տարբերութեան համակեցութեան ներքոյ։

Հացը որ այսօր կը խնդրենք, հացն է որմէ զրկուած են շատեր. Հայր մեր աղօթքը ճիչ է՝ մեր ժամանակներու սիրոյ սովին դիմաց, անհատականութեան ու անտարբերութեան դիմաց, որոնք կը սրբապղծեն անունդ որ Հայր։ Օգնէ ու յիշեցուր մեզի՝ որ ամէն անգամ որ աղօթենք, կարիքը ունինք բեկանուելու, բաժնեկցելու եւ ուրիշներուն անօթութիւնը յագեցնելու նախ քան մենք մեզ կշտացնելու։

«Թող մեզ զպարտիս մեր ինչպէս եւ մենք թողումք մերոց պարտապանաց».Օգնէ մեզի Հայր խիզախ ըլլալու,  իրար զիրար ներելու ու քալելու միասին, վեհանձնութեամբ, անկեղծութեամբ եւ թափանցիկութեամբ՝  փնտռելով մեր եղբօր  դիմագիծը։

Եւ երբ չարը թակարդ լարած մեր սրտին դռան մօտ, մեզի պիտի մղէ փակուելու մենք մեր մէջ, երբ կղզիանալու փորձութիւնը  աւելի պիտի զօրանայ, թաքնացնելով մեղքին էութիւնը որ մեզ կը բաժնէ Քեզմէ ու մեր մերձաւորէն, մեզ օգնէ ով Հայր, ու քաջալերէ՝ աջակցութիւն գտնելու  այն եղբօր մէջ,  որ դուն զետեղեցիր մեր մօտ, մասին քալելու համար դէպի Քեզ ու միասնաբար քաջութիւնը ունենալու ըսելու «Հայր Մեր». Ամէն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

Photogallery

Տէրունական աղօթք Պուխարեսթի Օրթոտոքս աթոռանիստ նորակառոյց եկեղեցւոյ մէջ։
31/05/2019, 16:29