Մարեմեան Աղօթք Մարեմեան Աղօթք 

«Յիսուս մեզի պարգեւեց Սուրբ Հոգին՝ Մխիթարիչը» կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքի խորհրդածութիւնը։

«Սուրբ Հոգին մեզ կը դաստիարակէ Աւետարանի տրամաբանութեան, որ է հիւրընկալ սիրոյ տրամաբանութիւն, մեզի յիշեցնելով ամէն բան զոր Տէրը պատգամեց»

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Յիսուս պատասխանեց անոր. «Եթէ մէկը սիրէ զիս՝ պիտի պահէ իմ խօսքս, ու իմ Հայրս պիտի սիրէ զայն. եւ պիտի գանք անոր ու բնակինք անոր հետ:  Ա՛ն որ չի սիրեր զիս՝ չի պահեր իմ խօսքերս: Այն խօսքը որ կը լսէք՝ իմս չէ, հապա Հօրս՝ որ ղրկեց զիս:

Այս բաները խօսեցայ ձեզի, քանի դեռ կը մնամ ձեր քով:  Բայց Մխիթարիչը՝ Սուրբ Հոգին, որ Հայրը պիտի ղրկէ իմ անունովս, անիկա՛ պիտի սորվեցնէ ձեզի ամէնը, եւ ինչ որ ըսի ձեզի՝ պիտի յիշեցնէ ձեզի: Խաղաղութիւն կը թողում ձեզի, ի՛մ խաղաղութիւնս կու տամ ձեզի. ես չեմ տար ձեզի ա՛յնպէս՝ ինչպէս աշխարհը կու տայ: Ձեր սիրտը թող չվրդովի ու չերկնչի:  Լսեցիք թէ ըսի ձեզի. “Ես կ՚երթամ, բայց դարձեալ պիտի գամ ձեզի”: Եթէ սիրէիք զիս, պիտի ուրախանայիք՝ որ ես կ՚երթամ Հօրը քով, որովհետեւ իմ Հայրս ինձմէ մեծ է:  Եւ այժմէն՝ դեռ չեղած՝ ըսի ձեզի, որպէսզի երբ ըլլայ՝ հաւատաք:  Ա՛լ շատ պիտի չխօսիմ ձեզի հետ, որովհետեւ այս աշխարհի իշխանը կու գայ. բայց ո՛չ մէկ հեղինակութիւն ունի իմ վրաս:  Սակայն աշխարհը թող գիտնայ թէ ես կը սիրեմ Հայրը, եւ կ՚ընեմ ա՛յնպէս՝ ինչպէս Հայրը պատուիրեց ինծի: Ոտքի՛ ելէք, երթա՛նք ասկէ»:

Ունկնդրէ լուրը

Յովհաննէսի Աւետարանէն (Յովհ 14, 23-29) քաղուած կիրակնօրեայ սոյն աւետարանական հատուածէն ներշնչուելով է որ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, կիրակի՝ 26 մայիս 2019-ին, իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած  Մարեմեան աղօթքի ընթացքին ներկայացուց օրուան խորհրդածութիւնը որուն մէջ դիտել տուաւ որ  «մինչ չարչարանքներու պահը կը մօտենար Յիսուս ուզեց իր աշակերտներուն հաւաստիացնել որ միայնակ պիտի չի մնան ու թէ իրենց հետ միշտ պիտի ունենան Սուրբ Հոգին՝ Մխիթարիչը,  որ անոնց պիտի յիշեցնէ ամէն բան»։

«Սուրբ Հոգիին պարտականութիւնը Յիսուսին աշակերտած ուսուցումը յիշեցնելն է» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը աւելցնելով որ  «Եկեղեցւոյ առաքելութիւնը կը կատարուի կեանքի յատուկ ապրելակերպի միջոցաւ որ յատկանշուած է որոշակի կարիքներով. Հաւատալ Տիրոջ ու պահել Անոր Խօսքը, Յարուցեալ Տէրը միշտ կենդանի ու ներկայ դարձնող  Սուրբ Հոգիին ներգործութեան հպատակիլ, եւ ընկալել Տիրոջ խաղաղութիւնը ու զայն վկայել՝ բացուածքի եւ ուրիշի հետ հանդիպումի վերաբերմունքով»։

«Այս մէկը իրականացնելու համար Եկեղեցին պէտք ունի ամէն մէկ մկրտեալի մասնակցութեան, որպէսզի կարողանայ գործել որպէս ընթացքի մէջ հասարակութիւն մը՝ լուսաւորուած Սուրբ Հոգիի լոյսէն ու զօրութենէն» յարեց ապա Ֆրանչիսկոս Պապ դիտել տալով որ «այս մէկը կը նշանակէ ձերբազատիլ աշխարհիկ կապանքներէն ու մենք մեզ դնել Տիրոջ Խօսքին խոնարհ ունկնդրութեան տակ,  որպէսզի Աստուծոյ Հոգին առաջնորդէ մեզ ու Եկեղեցին»։

«Սուրբ Հոգին արդարեւ օր ըստ օրին մեզ կը դաստիարակէ Աւետարանի տրամաբանութեան, որ է հիւրընկալ սիրոյ տրամաբանութիւն, մեզի յիշեցնելով ամէն բան զոր Տէրը պատգամեց»  հաստատեց ապա Նորին Սրբութիւնը ու խորհրդածութիւնը եզրափակեց հայցելով Սուրբ Կոյս Մարիամի բարեխօսութիւնը,  որուն նուիրուած է Մայիս ամիսը, որպէսզի պաշտպան կանգնի Եկեղեցւոյ ու համայն մարդկութեան։

«Ան որ հեզութեամբ համագործակցեցաւ Սուրբ Հոգիին հետ, թող որ մեզ օգնէ որպէսզի թոյլ տանք որ Մխիթարիչը  մեզ առաջնորդէ ու կարողանանք ընկալել Աստուծոյ խօսքը ու զայն վկայել մեր առօրեայի կեանքով» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակելով Մարեմեան աղօթքի խորհրդածութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/05/2019, 12:17