Մարեմեան Աղօթք Մարեմեան Աղօթք 

«Նոր պատուիրան մը կու տամ ձեզի. Սիրեցէք զիրար ինչպէս ես ձեզ սիրեցի». 19 Մայիսի Մարեմեան աղօթքի խորհրդածութիւնը.:

«Յիսուս եղաւ առաջինը որ մեզ սիրեց, ու սիրեց մեր դիւրաբեկութիւններուն, մեր սահմանափակումներուն ու մեր մարդկային տկարութիւններուն հանդերձ»

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, բարի լոյս, այսօրուայ աւետարանը մեզ կ՛առաջնորդէ վերնատուն, մեզի լսելի ընելու այն բառերը  զոր Յիսուս ուղղեց իր աշակերտներուն, հրաժեշտի խօսքեր զոր Ան արտասանեց չարչարանքներէն առաջ», այս խօսքերով է որ կիրակի 19 Մայիս 2019-ի կէսօրին, ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը սկիզբ տուաւ իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած «Ուրախ Լեր Թագուհի» Մարեմեան աղօթքի ընթացքին ներկայացուցած  խորհրդածութեան, մեկնաբանելով Յովհաննէս Աւետարանիչէն քաղուած սոյն հատուածը (Յովհ 13,34). «Որդեակներ Նոր պատուիրան մը կու տամ ձեզի. “Սիրեցէք զիրար, ինչպէս ես սիրեցի ձեզ, դո՛ւք ալ սիրեցէք զիրար»:

Ունկնդրէ լուրը

Յիսուս սոյն պատուիրանը «նոր» կը կոչէ, որովհետեւ անցեալի պատուիրանը` «Սիրէ քու Տէր Աստուածդ բոլոր սրտովդ եւ քու ընկերդ քու անձիդ պէս»,  կը կատարելագործուի Յիսուսին արտասանած «ինչպէս ես ձեզ սիրեցի»խօսքերով։ «Նորութիւնը արդարեւ կը կայանայ Յիսուս Քրիստոսի սիրոյն մէջ, որով Ան իր կեանքը տուաւ մեզի համար։ Կը Վերաբերի Աստուծոյ սիրոյն, տիեզերական սէր, անվերապահ, առանց պայմանի ու անսահման, որ իր գագաթնակէտը կը գտնէ խաչին վրայ», ըսաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, նկատել տալով որ այդ պահուն, որ Հօր յանձնուելու ու ամենայետին նուաստացումի պահն է, Աստուծոյ Որդին ցոյց տուաւ ու աշխարհին նուիրեց սիրոյ լիութիւնը։

Վերյիշելով Քրիստոսի տառապանքն ու հոգեվարքը, աշակերտները յիշեցին Յիսուսին այդ խօսքերը ու հասկցան անոնց իմաստը ՚՚ Սիրեցէ՛ք զիրար. ինչպէս ես ձեզ սիրեցի, դո՛ւք ալ այնպէս սիրեցէք զիրար»։

«Յիսուս եղաւ առաջինը որ մեզ սիրեց, ու սիրեց մեր դիւրաբեկութիւններուն, մեր սահմանափակումներուն ու մեր մարդկային տկարութիւններուն հանդերձ» ըսաւ ապա Նորին Սրբութիւնը նշելով որ Ան մեզի արժանի դարձուց իր այդ սիրոյն, որ անսահման ու յաւիտենական է։ Նոր պատուիրանով Ան մեզմէ կը խնդրէ որ զիրար սիրենք, ոչ միայն մեր սիրով, այլ նոյնինքն իր սիրով, այն սէրը զոր Սուրբ Հոգին կը զետեղէ մեր սրտերուն մէջ, երբ զայն կը հայցենք հաւատքով։

Աստուծոյ սիրելու կերպը շատ աւելի մեծ է քան մեր սէրը, ու այդ սիրով մենք կարող ենք ամենուրէք սերմանել սիրոյ այն սերմը որ կը նորոգէ մարդոց միջեւ յարաբերութիւնները ու յոյսի նոր հորիզոններ կը բանայ։ Այդ սէրը մեզ կը դարձնէ նոր մարդիկ,  Տիրոջ մէջ եղբայրներ եւ քոյրեր, որոնք կը կազմեն Աստուծոյ Ժողովուրդը՝ Եկեղեցին, որուն մէջ բոլորս կոչուած ենք սիրելու Քրիստոսը ու Անոր միջոցաւ սիրելու զիրար փոխադարձաբար։

Սէրը որ յայտնուեցաւ Քրիստոսի Խաչին վրայ եւ զոր Ան մեզ կը հրաւիրէ ապրիլ, միակ զօրութիւնն է որ կը փոխակերպէ մեր քարէ սիրտը՝ մարմնաւոր սրտի, մեզ կարող կը դարձնէ սիրելու թշնամիները ու ներելու մեր պարտապաններուն։ Մեզ նայիլ կու տայ միւսին՝ որպէս Յիսուսի բարեկամներու հասարակութեան անդամ։ Մեզ կը մղէ երկխօսութեան ու կ՛օգնէ անսալու մէկը միւսին։ Սէրը մեզ կը բանայ դէպի բարձրեալը, ու կը դառնայ մարդկային յարաբերութիւններու հիմքը։ Կարող կը դարձնէ շրջանցելու` սեփական տկարութիւններու ու նախապաշարումներուն  խոչընդոտները, կամուրջ կը կառուցէ, նոր ուղիներ ցոյց կու տայ ու  զարկ կու տայ եղբայրութեան «դինամիզմին» ըսաւ ապա Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, որ խորհրդածութեան աւարտին հայցեց Սուրբ Կոյս Մարիամի հովանին, որպէսզի իր մայրական բարեխօսութեամբ օգնէ մեզի, իր Զաւկէն ընկալելու Անոր պատուիրանի շնորհքը, ու Սուրբ Հոգիէն ուժը՝ այդ մէկը իրագործելու մեր առօրեայի կեանքին մէջ։

Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներու մասնակցութեամբ արտասանելէ ետք Մարեմեան աղօթքը, Սրբազան Քահանայապետը անոնց ուղղեց ողջոյնի խօսք մը, որուն մէջ վերյիշեց Մատրիտի մէջ, շաբաթ 18 մայիսին, երանելի հռչակուած Մարիա Կուատալուփէ Օրթիզ Տը Լանտազուրին` Օփուս Տէյ միաբանութեան աշխարհական անդամ, որ, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, ուրախութեամբ ծառայեց իր եղբայրներուն, Աւետարանի հռչակումին  ու դաստիարակչութեան միջոցաւ։ «Անոր վկայութիւնը օրինակ է բոլոր քրիստոնեայ կիներուն որոնք յանձնառումով կը գործեն ընկերային ու գիտական հետազօտութեան մարզերէն ներս»,  յարեց Սրբազան Պապը ներկաներէն խնդրելով որ ծափահարութեամբ ընկալեն երանացման լուրը, հուսկ ողջոյնի խօսքեր ուղղեց հրապարակ ժամանած հաւատացեալներու զանազան խումբերուն ու բոլորէն հրաժեշտ առաւ մաղթելով բարի կիրակի եւ ինչպէս միշտ խնդրելով որ չի մոռնան աղօթելու իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/05/2019, 12:11